Ատեն ատեն կը մոռնանք Քրիստոնէութեան ուսուցումը ու սկզբունքները.
Սուրբ Յարութեան տօներուն մեր եկեղեցիները պիտի թնթան արարողութիւններով , Ս.Պատարագներով , հանդիսաւոր ձեւով պիտի հնչէ, <Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբ իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց> շարականները,պիտի պերճանան սրբաշունջ քարոզներով , հոն հաւատացեալներուն պիտի պատգամուի անմահութեան եւ Սուրբ Յարութեան ճշմարտութիւնը , սակայն երբ որ, Սուրբ Յարութեան պատգամի ուժը, հմայքը, Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումը անհատներու կեանքէն ներս չի թափանցէր,Սուրբ Յարութեան խորհուրդն ալ իմաստ չի նշանակէր ; Զատիկը կը մնայ մի միայն զուարճութեան կամ խանդավարութեան առիթ եւ կամ երեւոյթ.
Սուրբ Յարութեան ճշմարտութիւնը <Սուրբ Լոյս> է, ինքն իր <կեանք> է, եւ մեզի կը պարգեւէ ,<Ազատութիւն>,<Խաղաղութիւն>, <Մարդասիրութիւն>, եւ նաեւ մեզ կը կապէ մեր արմատներուն.
Սուրբ Յարութեան պատգամը, կեանքի յաւիտէնականութիւնը աւատելով , կեանքին գերեզմանի մէջ չի վերջանալը կը նշանակէ, Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս իր յարութիւնով կ'ազատէ անհատը մահու սարսափէն ու վախէն, զայն կ'առաջնորդէ նաեւ , Անձնանուիրումի, Մարդասիրութեան, Եղբայրութեան, Յանդորժողութեան եւ Ազգասիրութեան:
Ջանանք Սուրբ Զատիկը տօնել , Քրիստոսի հռաշափար Յարութեան իմաստը, խորհուրդը ու զօրութիւնը ճիշդ ու լաւ հասկնալով ու ըմբոշխել անոր հմայքը.
Բոլորին մաղթելով , տառապանքներէ ու չարչարանքներու հեռու համերաշխութեան ու խաղաղութեան մէջ առողջ ու առաքինի կեանք, սրտանց շնորհաւորանքներ, նաեւ Յարութիւն, Արթին, Արթօ, Արթիւր, Արտեմ, Զատիկ,Յարութ, Արտաշ ներու անուանակոչութեան տօնի առթիւ.
Շարական Սուրբ Շատկի:
Այսօր յարեաւ ի մեռելոց
փեսայն անմահ եւ երկնաւոր,
Քեզ աւետիք խնդութեան
Հարսն ի յերկրէ Եկեղեցի
Օրհնեա ի ձայն ցնծութեան
զԱստուած քո Սիովն:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Գերմանիա
22.4.2011
Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.