ՄԱՐՄԱՐԱ-
Արա Ըշըթման, Վաղարշակ Չիլճեան Խօսեցան ԻրենցԳլխուն Եկածին Մասին ¬ Յայտնի Դարձաւ Որ Պօղոս Եըլանն Ալ 25 Օր Առաջ Ենթարկուեր Է Նմանօրինակ Յարձակման Մը Ինչպէս մեր նախընթաց օրուան թիւով հաղորդած էինք «Կիրակի կէսօրուան ժամերուն տգեղ միջադէպ մը պատահած էր Գնալըիմէջ, Պէյօղլուի ընտրութիւններու մէջ ընդդիմադիր ցանկով մասնակցողներու տասը հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը ծանրնախատինքներ ու սպառնալիքներ տեղացուցած էր Ընտրական Յանձնախումբի Ատենապետ Արա Ըշըթմանի վրայ։ Այս միջադէպին յաջորդ օրն ալ, առաւօտ կանուխ երկու անծանօթներու ֆիզիքական յարձակման ենթարկուած էր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Գլխաւոր Քարտուղար Վաղարշակ Չիլճեան։ Ապահովութեան պաշտօնեաները ապաձերբակալած էին նախայարձակները որոնք երեք հոգի էին, մէկը միւս երկուքին շարժավարը։ Այս երկու դէպքերը մեծ ցնցում ուընդվզում պատճառեցին հանրութեան, նաեւ մեր ընթերցողներունեւ չէինք գիտեր որ ասկէ առաջ նմանօրինակ յարձակում մըն ալգործուեր է Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի ժրաջան ու գործունեայ անդամներէն Պօղոս Եըլանի վրայ։ Եըլան նախըտրերէր բնաւ չխօսիլ այս մասին, որպէսզի յուզում Չյառաջացնէր հանրութեան մօտ։ Բայց տեսնելէ վերջ Կիրակիի ու Երկուշաբթիի պատահարները, որոշեց որ ան ալ հրապարակէ իր գլխուն եկածը։



