Etiketler

ՊՈԼՍՈՅ Ս.ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆԱԽԿԻՆ ՍԱՆԵՐՈՒ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ՎԵՆԵՏԻԿ

ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ , 3  ՊԱՏՄԱԿՆ ՕՐԵՐ ԱՊՐԵՑԱՆ ՎԵՆԵՏԻԿԻ  ՄՈՒՐԱՏ ՌԱՖԱԷԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ  ԵՒ  ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ  ՆԱԵՒ  Ս.ՂԱԶԱՐ  ՎԱՆՔԸ.


Պոլսոյ  Ս.Խաչ Դպրեվանքի  նախկին սաներէն Վահրամ Մարտինեան ու Այգ Գատըեանի ,Հայ Տպագրութեան 500.ամեակը միասնաբար նշելու եւ Ս.Յարութեան  տոնը Ս.Ղազար Վանքի մէջ տոնելու  նպատակաւ,5-9  Ապրիլ թուականներու միջեւ կազմակերպած Վենետիկի  ուխտագնացութեան մասնակցեցան Թուրքայէն , Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն , Գերմանիայէն եկող,Ս.Խաչ Դպրեվանքի նախկին սաներ ու դպրեվանքի համակիրներ ,աւելի քան 80 ուխտաւորներ 5-9 Ապրիլ թուականներու միջեւ Վենետիկի Մուրատ Ռաֆաէլեան վարժարանի մէջ  ապրեցան  պատմական օրեր.
Մասնակիցներու  ներկայացուեցաւ, կազմակերպիչներու կողմէ պատրաստուած  երեք օրուայ  ուխտագնացութեան  ծրագիր մը, որուն բացումը  կատարուեցաւ 6 Ապրիլ  Ուրբաթ երեկոյին, Մուրատ Ռաֆաէլեան հիմնադրամի հիմնադիր տմօրէն Տիգրան Կարապետեանի եւ Փրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զէքիեանի ողջոյնի խօսքերով եւ դաշնակահար  Զարա Կարապետեանի երեժշտական ելոյթով, յայտագիրի  առաջին օրուայ բաժինը վերջ գտաւ քօքթէյլի ընդուելիութիւնով մը.

Յաջորդ օր,7 Ապրիլ Շաբաթ յայտագիրը սկսաւ,Վենետիկի երեք տարբեր թանգարաններու մէջ ցուցադրուած <Հայսատան Քաղաքակրթութեան Դրոշմեր> վերագիրեալ ցուցահանդէսի  այցելութեամբ Վենետիկի համալսարանի Հայերէն բաժնի դասախօս եւ ցուցահանդէսի գիտական ղեկավար Փրոֆ.Պօղոս Լեւոն Զէքիեանի առաջնորդութեամբ ու մեկնաբանութիւներով:Յետ միջօրին, Հայր Զէքիեանի գլխաւորութեամբ  ուխտաւորները այցելեցին ,Վենետիկի  հայկական թաղամասը եւ Ս.Խաչ Եկեղեցին, ուր միաձայն երգեցին  Տէրունական աղօթքը. ու կատարուեցաւ  կիրամուտքի կարճ արարողութիւն մը.Երեկոյին յայտագիրը շարունակեց Հայաստանի Գիտութիւններու Ագատեմիի  անդամ եւ Վենետիկի Համալսարանի դասախօս,Հայագէտ  ու լեզուաբան, Փրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զէքիեանի  <Հայ Տպագրութիւնը  եւ  Հայ Լեզուի Ապագայի  Մարտահրաւէրը> կարգախօսեալ բանախօսութիւնով .Օրուայ յայտագիրը վերջ գտաւ ընդունելիութիւնով մը.
8 Ապրիլ կիրակի օր, ուխտաւորներու խմբովին այցելեցին Ս.Ղազար վանք ու ներկայ գտնուեցաւն Վանքի Սբ. Աստուածածին  եկեղեցւոյ մէջ, միաբանութեան  Աբբահայր Եղիայ սրբազանի կողմէ մատուցուած  Զատկուայ Ս.Պատարագին, խումբը ,յետ Ս.Պատարագի բոլորուեցաւ միաբանութեան կողմէ պատրաստուած ցերեկույ  ճաշի սեղանին շուրջ , ապա ,Փրոֆ Պօղոս Լեւոն Զէքիեանի  առաջնորդութեամբ այցելիցին վանքի տեսարժան վայրերը, թանգարանը, գրաթարանը, ձեռագրատունը, Ղեւոնդ Ալիշանի սենեակը, եւ Վանքի ցուցասրահները. Խումբը Վանքէն  դէպի Մուրատ Ռաֆաէլեան վերադրձաւ երեկոյան ժամերուն .
Ս.Յարութեան տոնի  եւ ուխտագնացութեան վերջին օրի առիթով վարժարանի սրահի մէջ պատրաստուած էր զատկուայ  ընթրիքի ճոխ սեղաններ,որուն շուրջ խումբը բոլորուեցաւ, ընթրիքին պատւոյ հիւրն էր նաեւ Հայր Լեւոն Զէքիեան :Վարժարանի սրահի մէջ շուտով ստեղծուեցաւ հայ ժողովրդական երգերով ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ մը.Ուխտագնացութեան յայտագիրը վերջ գտաւ, մշակոյթային բաժինով ,Մուրատ Ռաֆաէլեանի նախկին սան եւ  աքսորի ճամբու վրայ նահատակուող ,հայ բանաստեղծութեան տիտաններէն Դանիէլ Վարուժանի ոգեկոչումով,յիշուեցաւ անոր կեանքը, արտասանուեցաւ անոր  ստեղծագործութիւններէն օրինակներ.Երեկոյի հուսկ բանքը արտասանեց Փրոֆ.Հայր Պօղոս Լեւոն Զէքիեան.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ.
10/4/2012

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.