Etiketler

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ Տ. ՍԵՐՈՎԲԷ ՎՐԴ. ԻՍԱԽԱՆԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԸ

Հոգեշնորհ Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան (աւազանի անունով` Ռազմիկ) ծնած է 20 Օգոստոս 1963, Պարսկաստանի մէջ: 1968 թուականին, իր ընտանիքով միասին ներգաղթեր է հայրենիք` Խորհրդային Հայաստան:
Հայր Սուրբը 1986 թուականին աւարտած է Սբ.Էջմիածինի Հոգեւոր Ճեմարանը

7 Յունիս 1987 թուականին, Հոգեգալստեան տօնին օրը, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ` աբեղա, ձեռամբ Գերշ. Տ. Ներսէս Արքեպս. Պօզապալեանի, վերանուանուելով երկնաւոր թեւաւոր էականերու` Սերովբէներու հրաշալի անունով: Եւ այդ նուիրական օրուընէ սկսեալ Ռազմիկ երկրային զինուորը կը դառնայ Սերովբէ երկնային զինուոր եւ կանդամագրուի մեր եկեղեցւոյ զինուորեալ միաբանութեան:
Մայր Աթոռի, Սիւնիքի Թեմի, Մոլդովայի եւ Կենդրոնական Ասիոյ երկիրներու մէջ զանազան հոգեւոր պաշտօններ ստանձնելէ յետոյ, Յունուար 1995 թուականին հրաւերով Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք.Պեքճեանի եւ տնօրինութեամբ Մայր Աթոռի Սերովբէ Հայր Սուրբ պաշտօնի կը կոչուի Գերմանիոյ Հայոց Թեմին մէջ: Յունիս 2005-էն առ այսօր կը հովուէ  Կենդրոնական Գերմանիոյ չորս հայ համայնքները:
Առ ի գնահատութիւն իր երկարամեայ նուիրեալ եւ աշխոյժ ծառայութեան Թեմակալ Առաջնորդ Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան Յունիս 2010-ին զինք կը նշանակէ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի:
Կիրակի, 27 Մայիս 2012, Հոգեգալստեան տօնին  Գերմանիոյ Կիսըըն քաղաքի Վիթթէնպէրկ թաղի գերման-աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ` նուիրուած Հոգշ. Տ. Սերովբէ Վրդ.Իսախանեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ հոգեւոր սպասաւորութեան 25-ամեակին: Պատարագեց եւ քարոզեց Հայր Սերովբէ` ընտրած ըլլալով "Օրհնեալ Հոգիդ Սուրբ, Աստուած Ճշմարիտ. Ամէն" բնաբանը:
Քարոզին մէջ ան նախ անդրադարձաւ Հոգեգալստեան տօնին եւ անոր խորհուրդին, ի մասնաւորի ըսելով` „Քրիստոնէութեան հիմքը Աստուածային Սբ. Երրորդութիւնն է` Հայր Աստուած, Որդի Աստուած, Հոգի Աստուած: Երեք այս անձերէն Սբ. Հոգի Աստուծոյ էջքին օրն է Հոգեգալուստը, որով Սուրբ Հոգին շնորհներ հեղուց առաքեալներու վրայ եւ անոնք ալ լեցուած իմաստութեամբ անվախ ու անվարան քարոզեցին Տիրոջ ճշմարտախօս Աւետարանը երկրէ երկիր եւ նաեւ հայրենի մեր հողին մէջ` ի Հայաստան: Նոյն Սբ. Հոգին կը ներգործէ նաեւ մեր կեանքին մէջ` մեզի եւս օժտելով զանազան շնորհներով: Մարդը պէտք է միշտ գիտնայ, որ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին է պարգեւիչը իր զանազան ձիրքերու եւ կարողութիւններու եւ հպարտութեամբ չմոռնայ, որ անոնք պէտք է ծառայեցնէ ոչ միայն իր նեղ անձնական, այլ հանրութեան, համայնքի, եկեղեցւոյ շահերուն: Իսկ ամէնէն մեծ շնորհը, որ մարդը մարդ կընէ, իր սիրտն է, որ պէտք է լեցուած ըլլայ աստուածապարգեւ բարութեամբ“:
Քարոզին վերջաւորութեան Հայր Սուրբը յուզախառն սրտիւ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց տարբեր համայնքներէ ժամանած հաւատացեալներուն եւ խնդրեց աղօթել իրեն համար, որպէսզի ինք ալ կարենայ շարունակել իր նուիրական ծառայութիւնը ի սպասաւորութիւն Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ:
 Յաւարտ Սբ. Պատարագի հաւատացեալ ժողովուրդը բոլորուեցաւ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուած յոբելենական ճոխ սեղաններու շուրջ:
Սիրոյ Սեղանի շուրջ կիրարկուեցաւ շնորհաւորանքի ծրագիր մը` ստեղծելով ջերմ ու մտերիմ մթնոլորտ մը: Ընթերցուեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Թեմական Խորհուրդի շնորհաւանքի եւ գնահատանքի նամակը, որուն մէջ շնորհաւորելով Հայր Սուրբին քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեակը, Թեմակալ Առաջնորդն ու Թեմական Խորհուրդը ի մասնաւորի կը նշէին` „Մենք սրտանց կողջունենք Հայ Եկեղեցւոյ պանծացման համար Ձեր կատարած արգասաբեր ու բեղմնաւոր ծառայութիւնը եւ կը ցանկանք շարունակական տեսնել ձեր ազգանուէր եւ եկեղեցասէր գործունէութիւնը“:
Այնուհետ ողջոյնի ու շնորհաւորանքի խօսքերով հանդէս եկան համայնքներու վարչականներն ու ներկայացուցիչները, որմէ ետք Հայր Սուրբը ընդունեց համայնքայիններու շնորհաւորանք-բարեմաղթանքները:

Տօքթ. Սարգիս Ատամ
Գերմանիա
28.05.2012

__._,_.___

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.