Etiketler

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԱՄՊԱՐԻԶՕՂԼՈՒԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յայտնի է մեր համայնքի անդամներուն, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին պատահած է տխուր եւ ցաւալի դէպք մը: Հայազգի բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը, որ կը պատկանի Գատըգիւղի ծուխին, յետ մահու ինչ ինչ պարագաներու տակ թաղուած է Իւմրանիյէի Իսլամաց Գերեզմանատան մէջՄահմետական ծիսական արարողութենէ ետք:

Այս հարցին կապակցութեամբ Ակօս շաբաթաթերթը հեռաձայնային հարցազրոյց մը ունեցած էր Պատկ. Կրօն. Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հետ , որ յայտնած էր, թէ Պատրիարքարանը տեղեակ չէր պատահարէն եւ հանգուցեալին թաղման մասին ոչ մէկ դիմում ներկայացուած էր Պատրիարքարան: Բնականաբար, եթէ դիմում ներկայացուած ըլլար, պատշաճը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս կը տնօրինուէր յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգի հետ առնչուած: Նաեւ աւելցուցած էր, թէ նիւթականի անձկութեան եւ կամ չգոյութեան պատճառներով ցարդ ոչ ոք անթաղ թողուած էր համայնքին մէջ: Գոյութիւն ունէին Թաղային Աղքատախնամ մարմիններ, որոնք նման պարագաներուն սիրով կը կատարէին իրենց վիճակուած ծառայութիւնը: Նոյնիսկ կազմակերպիչ հաստատութիւններ կ’ընդառաջէին Պատրիարքարանի ցուցմունքներուն

Առկայ հարցը զարգացած էր ըստ հետեւեալի. Յարութիւն Գամպարիզօղլու, որ այլեւս Համազգային Անկելանոցի (Տարիւլաճէզէ) մնայուն բնակիչն էր, առողջական պայմաններու վատթարացման պատճառաւ դարմանումի համար փոխադրուած էր Սիւրէյյափաշա հիւանդանոցը, ուր եւ մահացած էր 17 Յունիս 2012 թուականին: Ողբացեալին դուստրըԱննա Թաշճեան, իր մէկ ազգականինԳրիգոր Մէշալէճեանի միջոցաւ դիմած էր Օշին Մոմճեանի եւ պարզելով իր նիւթական տկարութիւնը, պահանջած էր թաղման ընթացքը: Իրեն ներկայացուած էր սակ մը, որ գումարը կը հասնէր 8.000,00 Թրքական Լիրայի, որուն մէջ կը գտնուէր թաղմանական գործո-ղութեան հետ առնչուած զանազան ծախսեր նաեւ կարեւոր գումար մըհողակոյտի գնման փոխարէն: Աննա Թաշճեան ըսած էր, թէ չունէր այդ կարողութիւնը եւ պահանջած էր մասնավճարով դիմագրաւել եւ կամ Պատրիարքարան դիմել: Այդ պարագային ըսուած էր իրեն, թէ Պատրիարքարանը բան մը չէր կրնար ընել այդ ուղղութեամբ: Միւս կողմէն, հիւանդանոցի վարչութիւնը պահանջած էր փութով մարմինը փոխադրել: Իսկ, անճրկացած Աննա Թաշճեան, խուճապի մատնուելով դիմած էր իր հասկացողութեամբ լուծման միջոցի մըորոնելով անվճար թաղման ճամբան: Ինչ, որ դուռ բացած էր անբաղձալի վիճակի մըապահովելով արարողութիւն ու թաղում Իսլամաց ծէսով:   
Այս լուրջ հարցը, որ խիստ անհանգստացուցիչ եւ անըմբռնելի տեսարան մը պարզած է համայնքիս եւ տեղական մամլոյ մէջ, կը մնայ աննախընթաց: Այս հարցին կապակցութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 2 Յուլիս 2012, Երկուշաբթի առաւօտ Պատրիարքարան հրաւիրեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամ Օշին Մոմճեանը եւ ի ներկայութեան Կրօնական Ժողովոյ Դիւանին լուսաբանութիւն պահանջեց:
Օշին Մոմճեան, ըսաւ, թէ ինք հողակոյտի գնման փոխարժէքին համար (3.500,00 ԹԼ) ընդունած էր մասնավճարի դրութիւնը, իսկ մնացեալ գումարը արդէն սպասարկութիւն կատարող անձանց վճարելի գումարը ըլլալով կարելի չէր մասնավճարով ընդունիլ: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը նախ լսեց տրուած բացատրութիւնները եւ խստիւ յանդիմանեց նախ այն պատճառաւ, թէ կազմակերպչական աշխատանք կը տանէր անպաշտօն կերպով: Ապաամենակարեւորը, անզիջող դիրք որդեգրած էր հաւատացեալի մը նկատմամբ , որ Եկեղեցի կը ներկայանար եւ անելի մատնուած էր: Իսկ ինք թելադրած էր Աննա Թաշճեանինչդիմել Պատրիարքարան:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը արգիլեց նաեւ յիշեալ անձին, յետ այսու կազմակերպչական կարգադրութիւններ ընել հակառակ պարագային Աթոռը պիտի հարկադրուէր խիստ միջոցառումներու դիմել:

Այս ունկնդրութենէն ետք, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց Աննա Թաշճեանը, ի ներկայութեան Կրօնական Ժողովոյ Դիւանին եւ իրմէ լսեց ծանօթ հարցին ծալքերը: Ան, հաստատեց դէպքի փուլերը եւ ընդունեց, որ ինքն ալ որոշ չափով սխալած էրչդիմելով Պատրիարքարան: Սակայն կը պնդէր, թէ ինք դիմած էր Եկեղեցի եւ իրեն սխալ ուղղութիւն ցոյց տրուած էր առանց նկատի ունենալու իր անել կացութիւնը:

Նորին Սրբազնութիւնը առաջարկեց, որ Յարութիւն Գամպարիզօղլուի  մարմինը Հայոց Գերեզմատուն փոխադրուի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծէսով կատարուի ողբացեալին յուղարկաւորութիւնը: Իսկ, Աննա Թաշճեան յայտնեց, թէ ինք ալ անհանգիստ էր պատահարէն եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց այդ ուղղութեամբ:   

Պատրիարքական Ընդհանուր ՓոխանորդԲարձր. Տ. Արամ Արքեպս., Պատկ. Կրօն. Ժողովոյ ԱտենապետԳերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. եւ Ժողովոյ ԱտենադպիրԱրժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ., յետ ունկնդրութեանց նկատի ունեցան հետեւեալ կէտերը

Եկեղեցւոյ ոեւէ անդամ երբ կը մահանայ, անոր անկենդան մարմինը հողին կը յանձնուի յարգանքով եւ կրօնական յատուկ արարողութեամբ եւ աղքատաց Յուղարկաւորութեան կարգադրութիւնները ձրիօրէն կը կատարուին: Նոյնիսկ հեռաւոր քաղաքներու մէջ կը կատարուին նման արարողութիւններանվճար: Պատրիարքարանը չունի յատուկ սնտուկ մը, ուրկէ դիմագրաւէ նման ծախսեր: Սակայն Աթոռը ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի գոհացում տայ փափաքներուիր կարելիութեան սահմաններէն ներս: Այս դրութիւնը միշտ գոյութիւն ունեցած է:

Հակառակ այն իրողութեան, թէ Պատրիարքարան դիմող անձինք կը փորձեն զեղջել սակացոյցը եւ յետոյ կը կատարեն մեծածախս զարդարանք ու հիւրասիրութիւն, Պատրիարքարանը կը հիմնուի իրենց այն խօսքին, թէ անկարող են դիմագրաւել Պատրիարքարանի, Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականաց նուիրացոյցը: Նման անձինք յաճախ չեն գիտակցիր, թէ այսպիսով հաստատութիւնները կը տկարանան ու ի վերջոյ համայնքն է, որ կը տուժէ:

Ողբացեալ Յարութիւն Գամպարիզօղլուի յուղարկաւորութեան առթիւ Աթոռոյս վճարելի գումարը պիտի ըլլար 270.00 ԹԼ եւ այդ ալ դիմում կատարուելու եւ նիւթական անկարողութիւնը յայտնելու պարագային անշուշտ պիտի չգանձուէր: Միւս կողմէն, որքան ճիշդ էր չդիմել ամէն միջոցի եւ չհասնիլ Պատրիարքարան ու համոզուիլ Օշին Մոմճեանի տուած սխալ ուղղութեամբ:

Պարագաները ինչ որ ալ ըլլային, երբեք ընդունելի պիտի չըլլար հաւատացեալի մը անշնչացած մարմնին ամփոփումը ոչ-Քրիստոնեայ գերեզմանատան մէջ, այդ ալ ոչ-Քրիստոնեայ ծէսով:
Հետաքրքրական էր նաեւ, թէ ինչ հիման վրայ կատարուած էր Ողբացեալ Յարութիւն Գամպարիզօղլուի թաղման արարողութիւնը: Քրիստոնեայ Եկեղեցիներ իսկ իրարմէ կը պահանջէին արտօնագիրարարողութեան եւ թաղման համար: Ինչպէ±ս կարելի եղած էր Քրիստոնեայ հաւատացեալի մը յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարել Իսլամական ծէսով: Այս առումով ալ Աթոռը պիտի կատարէր հարկ եղած դիմումները:

¸Æô²Ü ä²îðƲðø²ð²ÜÆ

TATOUL ANOUSHIAN [frtatoul@gmail.com]

2 yorum:

Dursun dedi ki...

Bu is aslinda gercekten de uzerinde durulmasi gereken bir mevzu degilmidir?
Ermeni toplumunda belki boyle bir cenaze kaldirma yontemi hakikaten rencide edici olarak gorulebilir fakat bugun bir Muslumanin cenazesinin nasil kaldirildigi malum.Muslumanlarda cenaze kaldirmada oyle sinifsal fark olmaz ve bildigimiz kadariyla malesef kiliselerden kaldirilacak bir cenaze/kilisede kiyilacak bir dugun ve yapilacak bir Vaftizde bile birinci sinif,ikinci sinif yok efendim ucuncu sinif falan gibi degerlendirmelere gidiliyor yani parasi fazla varsa adamin cenazesinde bir papazla yetinmiyor yaninda iki fazladan papaz,bir extradan piskopos isteyip cenazeyi fakirin ruyasinda bile goremeyecegi sinifsal farklilikla kaldirtabiliyorsa,dugunler birinci,ikinci,ucuncu sinif yapilabiliniyorsa,,Buna Muhakkak bir cozum getirilmelidir yoksa Patriklik bu ayiplamalardan kesinlikle kacinamayacak ve buna da sebebiyet verdigi icin ayiplanmaya devam edecekdir cunku isin icraati ortada,,,Yaziklar olsun,,cozum aramak yerine neden inkarciliga gidilir ki?
Hepimiz bal gibi de biliyoruz ki is hep paranin ustune donuyor,bu da Dinde yaiplagelmis en buyuk gunah/ayip ve hatadir.

Murat Bebiroğlu dedi ki...

Sayin Dursun,
Öncelikle Müslüman cenazesi ile Ermeni cenazesini karşılaştırmanız pek doğru değil. Elmalarla armutlar toplanamaz. Müslüman’ın arkasında belediyeler var, devlet var. Din adamlarının maaşını devlet ödüyor, cenaze arabaları belediyelerin ve parasız. Özel bir yer istenmezse mezarlık sorunu da yok. Müslüman cenazesinde fark yoktur sözü de pek doğru değil. Hiçbir zaman zengin ile fakirin cenazesi ayni şekilde kalkmıyor. Aslında bu zaten serbest Pazar ekonomisinin kurallarına da aykırı. Kaldı ki bu gün komünist geçinen ülkelerde bile bu eşitlik yok. Diğer taraftan maalesef zengin bir cemaat değiliz. Varlıklarımızın önemli bölümü elimizden alındı. Ancak yeni yeni bunların bir kısmını geri alabildik. Okullarımız, kiliselerimiz neredeyse bir asırdır cemaatin yardımlarıyla yaşıyor. Bir şeyi kaldırırken yerine ne konulacağına karar vermek gerekir. Eğer bu mantıkla bakarsak kilise hizmetlerini en aza göre ayarlamak gerekir ki bu zaten yetersiz olan geliri daha da azaltacaktır. Cemaatin tüzel kişiliği tanınmadan merkezi bir denetim ve gözetim de olamayacağından bir çok kilisemizin ve patrikliğin daha güç durumda kalacaktır. Gönül ister ki çok büyük gelirlerimiz olsun, çocuklarımız okullarımızda parsız okusun, cenaze, vaftiz ve düğün parasız olsun, sadece özel fark isteyenler fark ödesin. Ne yazık ki gönlün istediğini yapmak sanıldığı kadar basit ve kolay değil.
Selamlar.
Murat Bebiroğlu

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.