
Արեւելեան Անատոլուի Մէջ, Պատմական եւ Անջնջելի
Հետքերուն
Լեզուն ու Փառքը. Մեր
Նախահայրերու Հետքերը Տողուպայազիտի Մէջ:
Պայազիտ Արարատեան
աշխարհի
գլխաւոր
քաղաքներէն
է,
պատմական անունով
Տարենիք
կամ
Տարոյնք կոչուելով : Զայն , Պակավան անուանողներ ալ կան: Պատմական Դարոյնք Բերդը-Դարոնիք Ամրոցը- որ Բագրատունիներուն կեդրոնը եղած է, շատ կարեւոր
դեր
կատարած
է պատերազմներու ժամանակ թշնամիներու յարձակումին դիմադրելու
ու
պաշտպանուելու համար:
Պայազիտ քաղաքը
պատմական
անունով
Դարոյնք
,կը
գտնուի, Թանդուրկ լեռան հիւսիսային
լանջերուն 1900 մ. բարձրութեան ու Թուրքիոյ
ու
Պասկաստանի
սահմանի
35 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ: Գեղատեսիլ դիրքի վրայ գտնուող քաղաքը նեղ դաշտի խորքի, մերկ ու ժայռոտ լեռներու վրայ է: Արարատ լեռը կը գտնուի , քաղաքին
հիւսիւային
կողմը
15 ք.մ հեռաւորութեան
վրայ:
Պայազիտի հին աւանդական տուները
կառուցուած
են
կարմիր
քարերով,
ու
տեղադրուած են լեռնալանջերուն բարձրութեան վրայ
: Իսկ
փողոցները
զառիթափ
եւ
յաճած
դժուարանցանելի են: Քաղաքը հարուստ է աղբիւրներով.
Կ’ըսուի թէ`, քաղաքի առաջին բնակիչները Ուրարտուներ
եղած
են,աւելի
վերջ բնակեր են հայրերը, քիւրտերը, թուրքերը, պարսիկները, եւ այլ ազգեր , քաղաքին տիրապետութիւն Հռովմիացիներու, Պարսիկներու,
Թուրքերու,
Բիւզանդացիներու Հայերու, Արափներու միջեւ ձեռքէ
ձեռք
անցեր
է:
Դարոյնք Բերդը Արշակունեայց Թագաւորութեան
ժամանակ
արքունի
գանձարան
եւ ապաստանաարան եղած է : Արշակունեայց Թագաւորութեան անկումէն
վերջ
,Դարոյնք
անցած
է
Բագրատունիներուն:
Այնուհետեւ
, բերդը
,տոհմին
գլխաւոր
նստավայրը
եւ
տոհմական
գերեզմանը
դարձած
է,
Դարոյնք
նաեւ
Եպիսկոպոսանիստ
քաղաք
եղած
է:
Բագրատունւներու տոհմէն Աշոտ Մսակեր, Կամսարականներէն կը գնէ Անի քաղաքը,եւ Դարոյնքի իշխանանիստ կենդրոնը կը տեղափոխէ Անի :
Դարոյնք Ժ.րդ. դարուն անցաւ Արծունիներուն : 1071 թուականին քաղաքը կը գրաւուի Սելճուկներու կողմէ , իսկ 1231
թուականին
կ’ենթարկուի
Լենկ-Թիմուրի
գլխաւորութեամբ
Մոնկոլներու
յարձակումին
ու
քաղաքին
տիրապետութիւնը
կ’անցնի
Մոնկոլներուն:
ԺԵ.րդ դարէն
սկսեալ
քաղաքը
անուանուեցաւ
<Պայազիտ>
անունով,
ի
պատիւ
Օսմանեան
Սուլթան
Պայազիտ
.Ա.ի:1555
ի
վերջերը
Օսմանեան
Կայսրութեան
եւՊասկաստանի
միջեւ
կնքուած դաշնագիրով քաղաքը կ’անցնի Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ : 1821-1830 թուականներու
Թուրք
– Պարսկական
պատերազմի
ժամանակ
վերակառուցուել
է
Պայազիտի
<Նոր
Բերդ>ը , Պայազիտի
Ամրոցը,բարձր
պարիսպներով:
Պայազիտ գրեթէ զուտ հայաբնակ ու շէն քաղաք էր, Ռուս- Թրքական առաջին պատերազմին
ժամանակ
(1805-1812),քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր էին,1821-1830
թուականներու
միջեւ
Թուրք
–Պարսկական
պատերազմի
ժամանակ
զգալի
թիւով
հայեր
, Պայազիտէն
արտագաղթեցին եւ հայկական մարզի ու գիւղերուն մէջ բնակութիւն հաստատելով հիմնեցին
<Նոր Պայազիտ>ը:Հայերու գաղթէն վերջ Պայազիտ անշքացաւ:
1829 թուականի դաշնագիրով քաղաքը վերդարձաւ Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ: 1840 թուականին
իրարայաջորդ
երկրաշարժերու
հետեւանքով
քաղաքը
եւ
շրջակայքը
մեծ
աւերածութիւններ
կրեց:
1877-1878 թուականներու Ռուս –Թուրք
պատերազմի
ժամանակ
քաղաք
ներխուժած
հրոսակաները
սկսան
քաղաքը
թալանել
, հայ
բնակչութիւնը
կոտորել,բազմաթիւ
հայեր
գերի
ինկան:
Այս
պատերազմի
ժամանակ
Պայազիտի
Բերդին
պաշտպանութեան
ու
հերոսական
դիմադրութեան
մէջ
իր
քաջութեամբ
մասնակցութիւնը
ունեցած
է Սամսոն Տէր Պօղոսոեան , որը Րաֆֆի <<Խենդ> վեպին
գլխաւոր
հերոսն
է:
1878 Թուականին
Սան-Սթէֆանոյի
- ( Դալարգիւղ/
Իսթանպուլ
) դաշնագիրով
Պայազիտ
անցաւ
Ռուսիոյ,
բաից
Պերլինի
վեհաժողովէն
ետք
վերադարձուեցաւ
Թուրքիոյ:
Պատերազմի աւարտին Պայազիտ մնացած էր շատ քիչ թիւով հայեր, յետագայ տարիներուն 1914 թուականին տուաեալներու քաղաքի բնակչութիւնը
կը
հասներ 5000 ի ,որուն 2000 ը հայեր էին: Հայերը կը զբաղէին երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ:
Պայազիտ
ուներ
Ճոխ
շուկայ,
Արամեան
երկսեռ
Հայ
Վարժարան,
Սբ.Կարապետ
քարաշէն
եւ
փայտածածկ
եկեղեցին,
որը
վերանորոգուած
է 1754 եւ 1879 թուականներուն:Քաղաքի յիշարժան
եկեղեցիներն
են նաեւ Սբ.Վարդան ու Սբ, Ամենափրկիչ եկեղեցիները, քաղաքի հարաւ –արեւմտեան կողմը կը գտնուեր հայկական գերազմանը:
Պայազիտի հռչակաւոր Իսահակ Փաշաի պալատը կառուցուած է (1685-1785) թուականներու միջեւ
, պալատի
կառուցման
աշխաըանքները իր աւարտին
հասցուցած
է,
քաղաքի
կուսակալ
Իսահակ
Փաշա:
Պալատը
բարձր
պարիսպապատերով
շրջապատուած
է
:Պալատը
ունի
ընդամէնը
116 սենեակ,
այրանոց
ու
կանանոց
(արական
ու
իգական
սեռերու յատուկ ձեւով իրարմէ անջատուած սրահներ)ըլլալով ,ունի նաեւ դատարան ու բանտ, գրադարան, բնակարան, ճաշարան ու հանդէսասրահ: Պալատի ճարտարապետական
–արուեստական ոճը,Հայ, Պարսիկ, Սելճուք,Վրացական , Օսմանական ճարտարապետական ոճի համադրութիւն մըն է:
1918 թուականին թուրքերը կրկին գրաւեցին քաղաքը , Հայ բնակչութիւնը տեղախուեցաւ, մէկ մասը զոհուեցաւ,իսկ մնացեալը
գաղթեցին
զանազան
երկիրներ:
ՆերկայՏողուպայազիտ մեծամասնութեամբ թուրք ու քրտաբնակ
քաղաք
է:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Օգտագործուած Ակեր:
Հայկական Հանրագիտարան
Պատմական Հայաստանի Քաղաքներ-Armenien Hause.org.
Հայկական Արմատներեւ Ազգագրութիւններ- Ա.Մանճիկեան
Armeniapedia




Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.