Մեր գրասէր
ընթերցողներուն
կաւետենք
թէ
հրապարակ
ելաւ
թերթիս
փոխ-խմբագրապետ
Մաքրուհի
Պ.
Յակոբեանի
հեղինակած
նոր
ու
ստուար
հատորը
որ
կոչուեցաւ
«Անվերջակէտ
զրոյց՝
մեր
գրականութեան
երախտաւորներուն
հետ
»։ Որո՞նք
են
այս
երախտաւորները։
Գիրքին
մէջ
ներկայացուած
կարգով,
ասոնք
են՝
« Ռ.
Հատտէճեան
», «Վարդ
Շիկահեր
», « Արամ
Գամպուրեան
», «Կարպիս
Ե.
Մուրատեան»,
« Իգնա
Սարըասլան
», « Արման
Վարդանեան
», « Զարեհ
Խրախունի
» եւ
« Արայ
Կարմիրեան
»։ Այլ խօսքով՝
ժամանակակից
Իսթանպուլահայ
գրականութեան
այն
վերջին
մոհիկանները,
որոնք
տակաւին
կը
մնան
պատնէշի
վրայ
եւ
իրենց
վաստակին
ծանրութիւնը
շալկած՝
կը
շարունակեն
հարստացնել
մեր
գրականութեան
ու
մշակոյթի
գանձարանը։
Մաքրուհի
Պ.
Յակոբեան,
որ
իր
աշակերտական
նստարաններէն
սկսեալ
հաւատարմօրէն
եւ
պաշտամունքով
հետեւեցաւ
մեր
գրողներու
գործերուն
եւ
որ
շարունակ
հաղորդուեցաւ
անոնց
ստեղծագործութիւններուն
եւ
մտածումի
աշխարհին
հետ,
օր
մըն
ալ
որոշեց
զանոնք
խօսեցնել,
խօսեցնել
իրենց
ամբողջ
կեանքը
ընդգրկող
պատմութեան
մը
մասին,
խօսեցնել
մինչեւ
իսկ
այնպիսի
նիւթերու
մասին,
որոնք
դուրս
կուգային
անոնց
գրական
վաստակէն
ու
կը
դառնային
մեր
ընկերային
անցեալին
ու
ներկային
լծակները։
Եւ
ութ
երախտաւորները,
որոնց
անունները
յիշուեցան,
լայնօրէն
բացին
իրենց
սիրտն
ու
յիշողութիւնը։
Անոնք
խօսեցան
Մաքրուհի
Պ.
Յակոբեանի
կողմէ
ուղղուած
բազմակողմանի
հարցումներուն
ու
մեկնաբանութիւններուն
պատասխանելով։
Խօսեցան։
Բայց
թէ
ինչո՞ւ
այս
զրոյցները
կոչուեցան
« Անվերջակէտ
». պատճառն
այն
է
ապահովաբար
որ
հեղինակը
չուզեց
որ
այդ
զրոյցները
ըլլան
այս
սիրելի
երախտաւորներուն
վերջին
խօսքը,
ուզեց
որ
զրոյցը
շարունակուի
նորանոր
ստեղծագործութիւններու
լոյսին
տակ։
Մեր գրասէր
ընթերցողները
արդէն
այդ
հարցազրոյցները
ատենին
կարգաւ
կարդացին
«Մարմարա
»ի
մէջ։
Բայց
այդ
զրոյցներէն
ոմանք,
մանաւանդ
սկզբնական
շրջաններուն,
ամբողջական
չէին
եւ
չէին
ցոլացներ
հեղինակին
բուն
նպատակը՝
որ
էր
ամէն
նիւթի
մասին
խօսիլ,
բայց
վերջակէտ
չդնել
այս
զրոյցներուն։
Ուստի
Մարմարայի
մէջ
հրատարակուելէն
ետք,
այդ
զրոյցներէն
ոմանք,
մանաւանդ
մեր
Խմբագրապետ
Ռ.
Հատտէճեանի
յատկացուած
զրոյցը,
հիմնովին
բարեփոխուեցաւ
եւ
ճոխացաւ
նոր
մասերով։
Եւ
արդիւնքը
հիմա
500 մեծադիր
էջերով
ու
պատմական
բնոյթ
ներկայացնող
լուսանկարներով
հարուստ
գիրք
մըն
է,
որ
կը
դրուի
այսօրուան
ու
վաղուան
գրասէրներու
սեղաններուն
վրայ։
Մեր Խմբագրապետը
Ռ.
Հատտէճեան,
որ
գրած
է
գիրքին
նախաբանը,
կանգ
կ՛առնէ
այն
շատ
կարեւոր
կէտին
վրայ
որ
կը
կազմէ
այս
գիրքին
գոյութեան
պատճառը։
Մեր
այսօրուան
գրականութեան
մասին
շատ
բան
փոխանցել
ապագայ
այն
գրասէրներուն
ու
գրականագէտներուն,
որոնք
պիտի
ուզեն
պտոյտ
մը
ընել
մեր
այսօրուան
գրականութեան
համայնապատկերին
մէջ։
Ասիկա
անգին
ծառայութիւն
է,
որուն
արժէքը
այսօր
պիտի
գնահատուի
շատ
բարձր,
որուն
բուն
արժէքը
սակայն
պիտի
հասկցուի
ապագայ
տարիներուն։
Մաքրուհի
Պ.
Յակոբեան
իր
այս
հրաշալի
հատորը
հրատարակելով,
զրոյցի
արժանացած
հեղինակներուն
սիրոյ
ողջոյնը
կը
ղրկէ
ապագայ
գրասէրներուն,
այդ
ողջոյններուն
վրայ
աւելցնելով
գրականութեան
ու
Հայոց
լեզուի
երկրպագու
մտաւորական
Հայուհիի
իր
ողջոյններն
ալ։
Իր
նախաբանին
վերջաւորութեան
Ռ.
Հատտէճեան
կը
գրէ.
« Կ՛արժէր
որ
մէկն
ալ
հարցազրոյց
մը
ընէր
Մաքրուհի
Պ.
Յակոբեանին
հետ,
քանի
որ
ան
ալ
ամբողջ
իր
կեանքի
ընթացքին
լիաթոք
շնչեց
մեր
գիրն
ու
գրականութիւնը,
բայց
կրնանք
նաեւ
մտածել
որ
Մաքրուհի
Պ.
Յակոբեանն
ալ
իր
կարգին
իր
հարցումներուն
ընդմէջէն
անգիտակցաբար
շատ
բան
կը
յուշէ
իր
իսկ
կեանքէն
ու
մտածումներէն
»։
Ինչպէս
ըսինք
արդէն,
հարցազրոյցները,
բացի
ձեւաւորելէ
զրուցող
գրագէտներուն
գիրի
ու
գրականութեան
անցեալն
ու
գաղափարախօսութիւնը,
ընթերցողին
աչքերուն
առջեւ
կը
փռէ
անոնց
ընտանիքներուն
անցեալը,
ընտանիքներուն
հետ
միասին
անցեալ
շրջաններու
ինչ
ինչ
յայտնի
դէմքերը,
եւ
այս
կերպով
յաճախ
դուրս
կուգայ
գրականութեան
շրջագծէն
ու
կը
մտնէ
ազգագրական
կալուածէ
ներս։
Ընթերցողը,
այս
զրոյցները
կարդալու
ընթացքին
յաճախ
պիտի
գտնէ
իրեն
ալ
ծանօթ
եւ
զինքն
ալ
յուզող
անուններ
ու
անձեր,
որոնք
կը
լեցնեն
անցեալ
մը
որ
կը
պատկանի
ամբողջ
մեր
հաւաքականութեան,
եւ
ո՜չ
թէ
միայն
այն
երախտաւորներուն,
որոնք
զրոյցի
հրաւիրուած
են
այստեղ։
Զրոյցի
հեղինակներէն
ամէն
մէկը
իր
տարբեր
աշխարհը,
իր
տարբեր
աշխարհագրութիւնը
ունի
եւ
անոնք
այս
հատորին
մէջ
քով
քովի
կուգան
կարծես
զիրար
ամբողջացնելով
եւ
միասնաբար
մեր
գրականութեան
համար
մարտնչող
փոքրիկ
բանակ
մը
կազմելով։
Հատորը հրատարակուած է Պէյրութէն Արմէն Յարութիւնեանի ու Պէյօղլուէն
Պր.
Աբիկ
Հայրապետեանի
մեկենասութեամբ։
Շատ
ճաշակաւոր
կողքին
ձեւաւորումը,
ինչպէս
Մարմարայի
տպարանէն
տպուած
բոլոր
գիրքերը,
պատրաստուած
է
Արի
Հատտէճեանի,
գեղարուեստական
ձեւաւորումը
կատարուած
է
Նայիրա
Սիւզմէի,
իսկ
գրաշարութիւնը՝
Հիլտա
Գարափէքմէզի
կողմէ։
Այս
հատորը
գրասէրներու
հրամցնելով,
Մաքրուհի
Պ.
Յակոբեան,
ինչպէս
ինք
ալ
կը
գրէ,
« անյետաձգելի
պարտք
մը
» վճարած
կ՛ըլլայ
մեր
գրողներուն
ու
մեր
գրականութեան։
Առանձնապէս
յուզիչ
է գրքին սկիզբը դրուած իր ձօնագրութիւնը.
« Գիրքս
կը
ձօնեմ
յիշատակին
բազմաչարչար իմ ժողովուրդի այն զաւակներուն, որոնք մեր Մեծասքանչի
պաշտամունքով
արբշիռ՝
գրիչ
ի
ձեռին
անցան
սարսափի
հովիտէն
եւ
երազն
իրենց
աչքերուն՝
ինկան
ահեղաշունչ
փոթորիկի
տարափին
տակ
»: Կարելի
չէր
այս
գիրքը
այնքան
արդարութեամբ
նուիրել
ուրիշ
ոեւէ
նպատակի
կամ
անձի,
որքան
արդարութեամբ
նուիրուած
է
մեր
ժողովուրդի
դժբախտ
այն
սերունդներուն,
որոնք
մնացին
անցեալի
մէջ
եւ
որոնք
սակայն
չմոռցուեցան
երբեք։
Ահաւասիկ
գիրք
մը«
որ
ուրեմն
խօսուն
է
բառին
իրաւ
իմաստով
եւ
որ
արժանի
է
գրասէր
ընտանիքներու
գրադարանին
մէջ
խնամքով
պահուելու։

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.