Etiketler

Եկեղեցին քննադատել

Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան
Ոսկան Մխիթարեան անունով անձնաւորութիւն մը համակարգիչի էջերուն վրայ բաց նամակի ձեւով Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հասցէին քննադատութիւն մը հրատարկած է: Սրբազանին ուղղեալ այս ՛՛քննադատութիւն՛՛ը իրականութեան մէջ եկեղեցւոյ ուղղեալ է: Անձնապէս շատ անարդար կը գտնեմ սոյն գրութիւնը, այդ պատճառաւ ալ ՛՛քննադատութիւն՛՛ բառը չակերտի մէջ դրի: Որովհետեւ քննադատել կը նշանակէ հարցը նախ քննել, ապա դատել, նախքան համապատասխան հարցի մասին գաղափար մը յայտնելէ, ինչպէս անգամ մը մեր վարդապետներէն մէկը արտայայտուեցաւ հարց մը քննադտելու միտող մէկուն:

         Այսեղ ի մէջ այլոց ըսեմ, որ համացանցի գործածութեան ընդհանրացումէն վերջ, այժմ սովորութիւն դարձած է համակարգիչին առջեւը անցնիլ, առանց մտածելու տեսակէտներ յայտնել, երբեմն ափեղցփեղ մտածումներ, որոնք չես գիտեր ո՞վքեր կը կարդան, ի՞նչ հետեւանքներ կ’ունենան եւ կարդացողները ի՞նչ գաղափար կ’ունենան գրողի անձին եւ պատկանելիութեան մասին: Անձնական հարցերը, որոնք կ’ուզուին փոխանցել բարեկամներու, կարելի է իմակի ձեւով ուղղակի ենթակային գրել կամ հեռաձայնով փոխանցել: Խմբական իմակներու վրայ դրուած անհաճոյ խօսակցութիւնները, ըսուածներով չհետաքրքրուողները պարտաւոր չեն ակամայ կարդալու:
         Գալով բաց նամակին: Հեղինակը կը դժգոհի, որ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկի առթիւ պատարգելու համար ինչո՞ւ եկեղեցական մը չէ ուղարկուած:
Նամակին մէջ մատնանշուած իրաւացի միակ կէտը եկեղեցւոյ գտնուած վայրն է եւ անոր ի՞նչ հանգամանք ներկայացուցած ըլլալու ճշմարտութիւնը: Արամ Սրբազան թերեւս կրնար այս կէտերը աչքի առաջ ունենալ եւ հոգեւորական մը ուղարկել, Պոլսոյ եկեղեցիներէն մէկը զանց առնելով: Այսպիսի կարծւք դիւրին է յայտնել մեզի համար: Սակայն Սրբազանին մէջը գտնուած պայմաններն ալ պէտք է մտածել եւ ըստ այնմ կարծիք յայտնել:
         Այսօր ընդհանրապէս եւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մասնաւորաբար եկեղեցական գտնել իսկապէս մեծ հարց մը դարձած է: Ոչ միայն հայեր, այլ քրիստոնեայ միւս ազգութիւններու մէջ եւս հարցը մեծ համեմատութիւններու հասած է: Այս կացութիւնը մէկէ աւելի պատճառներ ունի: Գոնէ երկուքը յիշենք:
         Առաջին պատճառը հաւատքի նահանջն է: Հաւատքի պակասն է որ այլեւս հայերու մօտ ոչ մէկ ընտանիք իր տղայ զաւակը չի քաջալերեր եկեղեցական դառնալու: Մինչդեռ մինչեւ 50-60 տարի առաջ եկեղեցական ըլլալու փափաք ունեցողներու ընտանիքները կը հպարտանային իրենց զաւակներով, որոնք հոգեւրական կ’ուզեն ըլլալ: Իսկ շուրջ 100 տարի առաջ, իրենց մականուններուն առջեւ Տէր... ունեցողներու թիւը քիչ չէր: Որովհետեւ անոնց մեծ հայրերը եւս եկեղեցականներ էին: Ներկայ ժամանակներու ոչ մէկ ծնողքին ոչ միայն միտքէն չանցնիր իր զաւակը եկեղեցւոյ ուխտել, ընդհակառակը, փափաք ունեցողներն ալ իրենց ցանկութենէն ետ կեցնել կը ջանան: Որովհետեւ եկեղեցական ըլլալը արհամարհուած գործի մը մէջ մտած կը նկատեն:
         Երկրորդ պատճառը՝ նիւթական հետաքրքրուածութիւնն է: Թէ ծնողներու եւ թէ երիտասարդներու մօտ: Ճիշդ է, եկեղեցական կոչումը վաճառականութեան հետ կարելի չէ համեմատել: Չնայած քիչ ալ ըլլայ, առեւտրականի չափանիշներով եկեղեցական դառնալու փափաք ունեցողներ ալ պակաս չեն: Ուստի, ծնողները կը մտածեն իրենց զաւակներու ապագային համար, աւելի լաւ է ֆութպոլէօր ըլլալ, քան եկեղեցական, ուսուցիչ կամ նման ազգային ծառայութիւննր: Այս պատճառաւ ալ ծնողները չեն նայիր թէ իրենց զաւակը ատա՞կ է կամ ոչ, կը հրեն զանոնք ոտնագնդակի դաշտը: Երեւակայեցէք, ազգային ղեկավարներ ալ կան, որոնք ամէն տարի մեր ամենասրբազան եւ կարեւոր եկեղեցական տօներու օրերը մրցոթներ, խնջոյքներ, պտոյտներ կամ նման յիմարութիւններ կազմակերպելով կը ջանան հայ ապագայ սերունդը հեռու պահել եկեղեցական սրբազան մթնոլորտէն: Եւ այսպէս, Հայաստանէն դուրս, մեր միակ գոյատեւման կռուանը՝ եկեղեցիէն, հաւատքէն կ’ուծացնեն: Ուրիշ խօսքով, մեր կռթնած ոտքի ճիւղը կը կացինահարեն, կը կտրեն: Իսկ ծնողներն ալ ուրախ են, որ իրենց զաւակները արձակուրդի օրերը հայերու հետ միասին կ‘անցնեն...
         Հայեր ամէն տեղ գրեթէ նոյն ձեւով կը մտածեն: Տօնական օրերուն ամէն համայնք, ամէն ծուխ եկեղեցական կը պահանջէ, առանց նկատի ունենալու թէ ո՞ւր են այդ եկեղեցականները:
Իսկ տարբեր երկիրներէն, եթէ կան, եկեղեցական հրաւիրել, կ‘ենթադրէ նիւթական հնարաւորութիւն: Այդ պահանջը ներկայացնող անձեր, գրեթէ վստահ եմ, նիւթական ոչ մէկ օգուտ կը բերեն հաստատութեան: Անոնք միայն կը պահանջեն ու կը պահանջեն... Հարց տրուա՞ծ է Պոլսոյ Պատրիարքութեան, թէ ինչո՞ւ ծէսերու գիները բարձ կը բռնուին: Վստահաբար Պատրիարքարանի առօրեայ ծախսերուն տակէն կարենալ ելլելու համար: Այսքան պարզ է:
Կը յիշեմ իմ դպրոցական տարիներէն, մարդ չէր մտածեր դպրոցի մը ամսական ծախսերը, եւ իր զաւակը դպրոց արձանագրելու տանող ունեւոր կամ աղքատ ծնողը կը յայտնէր թէ դրամ չունի: Հապա դպրոցը ի՞նչպէս ոտքի պիտի պահենք հարցումին պատասխանը պատրաստ էր միշտ. հարուստները թող տան: Կարծես հայ դպրոցը միայն հարուստին կը պատկանէր:
Նոյնն է կացութիւնը նաեւ եկեղեցւոյ նկատմամբ: Եթէ դրամ չկայ, ուրեմն հարուստները թո՛ղ տան:
Այս ի՞նչ սահմռկեցուցիչ տեսակէտ մըն է հայ ժողովուրդին մէջ: Մարդիկ պահ մը իսկ չեն մտածեր թէ ամէն հայ ալ պարտականութիւն ունի եւ իւրաքանչիւր հայ ալ իր մասնակցութիւնը պէտք է բերէ ոտքի պահելու համար ազգային հաստատութիւնները: Քիչով  կամ շատով:
Պատրիարքարանը իբրեւ թէ քննադատող բարեկամին պիտի յաձնարարէի հայ համայնքներու կոտտացող հարցերու մասին քննութիւն մը կատարել նախ, ապա դատել: Այս բարեկամը թող յիշէ անգամ մը, որ իր կեանքին մէջ ինքը քանի՞ անձ կրցած է համոզել կամ քաջալերած է եկեղեցական դառնալու: Եւ եթէ ջանք թափած է մէկը համոզել, քանի՞ անգամ յաջողած է: Ես շուրջ 47 տարուան եկեղեցական եմ: Եւ այսքան ժամանկէ ի վեր մէկ հոգի իսկ չեմ յաջողած հայկական վանք մը ուղարկել: Ամէն անգամուն նոյնն է պատասխանը. ինչո՞ւ իմ զաւակս, ուրիշներ թո՛ղ ըլլան: Ակնարկուած ուրիշը տակաւին կը փնտռեմ: Եթէ գիտցող մը կայ, խնդրեմ թո՛ղ իմացնէ ինծի:

Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան
Քէլն, 13 Ապրիլ 2013


        ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻՆ
Կարելի՞ է երեւակայել որ Ս. Զատկուան առիթով Պատարագ տեղի չունենայ Տիգրանակերտի վերանորոգուած Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ: Մամուլին մէջ տրուած է սա բացատրութիւնը՝ թէ նկատի ունենալով որ բոլոր եկեղեցականներն ալ Ս. Զատկուան տօնին առիթով զբաղած էին իրենց ծխական եկեղեցիներով, կարելի չէր եղած եկեղեցական մը ուղարկել Ս. Պատարագ մատուցանելու համար: Յաւելեալ եկեղեցականի չգոյութիւնը ոչ մէկ արդարացուցիչ պատճառ ունի, եւ միայնգամայն ծիծաղելի ու դատապարտելի է: Կրնա՞յ ըլլալ որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ պատրաստ եկեղեցական չկար, կամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ եկեղեցական չկար այդ նպատակով Տիգրանակերտ ուղղուելու : Կրնայ՞ ըլլալ որ սփիւռքի տարածքին եկեղեցական մը չէր գտնուեր, որ պիտի փափաքէր անմիջապէս մեկնիլ Տիգրանակերտ եւ այդտեղ յագեցնել պապակեալ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները, այդ ալ՝ այսպիսի մեծ սրբազան տօնի մը առիթով:
Կարելի՞ է երեւակայել ասկէ աւելի յարմարագոյն առիթ մեր ոտքերը ամրացնելու այն հողերուն վրայ, ուրկէ տակաւին երէկ էր կարծես որ կոտորուած ու աքսորուած էինք: Այսօր, երբ Տիգրանակերտի քաղաքապետը լայնատարած ձեռքերով մեզ կը հրաւիրէ վերադառնալու մեր պապենական հողերը բաձրաձայն յայտարարելով՝ «այս հողերը ձե՛ր ալ հողերն են, վերադարձէ՛ք ձեր հայրերու հազարամեայ երկիրըկրնա՞յ ըլլալ որ մեր ականջները խուլ են եւ չեն լսեր այս բացառիկ կոչերը, հոգ չէ թէ անոնք ունենան քաղաքական թաքուն նպատակներ: Ա՛յս է Հայ Դատի հետապնդումը, որու մասին կը խօսինք յաճախ առանց լուրջ գործնական կազմակեպեալ քայլերու:
Ե՞րբ պիտի սորվինք ճիշդ ժամուն եւ ճիշդ տեղին գործածել մեզի ընծայուած առիթներն ու պատեհութիւնները: Կրնա՞ր ըլլալ ասկէ աւելի մեծ բացառիկ առիթ մը ցուցադրելու մեր հաւատարմութիւնն ու զօրակցութիւնը մեր տառապեալ, --թէկո՛ւզ ծպտուած եւ դաւանափոխուած,-- եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք թաքուն պահելով իրենց հայեցիութիւնը, այսօր հպարտօրէն պիտի ուզէին Քրիստոսի Յարութեան Տօնին հետ յարութիւն տալ նաեւ իրենց ներքին հպարտութեան եւ բացականչել. «Մեռած էինք բայց յարութիւն առինք՝ հաւատալով Յարուցեալին, եւ այսօր մեր մեռելներու յիշատակին՝ կը պահանջենք արդարութիւն»:
Ո՜հ, որքա՛ն պիտի հպարտանային Տիգրանակերտի եւ շրջակայքի մեր հայրենակիցները եթէ արթնամտութիւնը ունենայինք նախօրօք լրջօրէն պատրաստուելու Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ զանգակները հնչեցնելու յընթացս Ս. Պատարագի, որպէսզի թրքական մամուլը անգամ մը եւս անդրադառնար որ Հայը չէ՛ մեռած, հակառակ ամէն տեսակի ստորնացման, բռնութեան, աքսորի, սովի եւ մահուան բոլոր սպառնալիքներուն, եւ յարուցեալ իր Տիրոջ նման, ճակատաբաց կը կանգնի որպէս պահանջատէր իր արդար իրաւունքներուն եւ իր հազարամեայ պապենական հողերուն:
Կրկնակի ամօթալի եւ ընդվզեցուզիչ երեւոյթ է կարդալ թրքական Հիւրրիէթ թերթին մէջ հետեւեալը. «Հայ Համայնքը 98 տարիներ ետք հնչեցուց Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ զանգակները Ս. Զատիկի առիթով, բայց եւ այնպէս չկրցաւ Ս. Պատարագի արարողութիւն ունենալ եկեղեցականի բացակայութեան պատճառով»…: Թերթը կը նշէ նաեւ որ վերջերս նորոգուած եկեղեցիին վրայ ծախսուած էր $3,200.000 եւ պրոնզէ զանգակն ալ բերուած էր Ռուսաստանէն: Որպէս թէ Պոլսոյ պատրիարքարանը նախօրօք յայտնած էր Տիգրանակերտցիներուն որ առ նուազն շաբաթ մը պէտք էր պաշտօնապէս Տիգրանակերտ հասնելու: Որքան ծիծաղելի…: Կրնայինք 48 ժամէն Ամերիկայէն նոյնիսկ եկեղեցական հասցնել, երգչախումբն ալ միասին, մեր տեղական ծախսերով:
Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլատրել այսպիսի ճակատագրական սխալ մը երբ օդային գիծով Լիբանանը երկու ժամ հեռաւորութեան վրայ է Տիգրանակերտէն, իսկ Հայաստան՝ մէկ ժամ: Կան նաեւ սփիւռքի մեր միւս թեմերը ուր կ'ապրին եւ կը գործեն բազմաթիւ եկեղեցականներ եւ ոմանք ալ հանգստեան կոչուած: Կրնա՞յ ըլլալ որ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդը չմտածեց դիմել վերեւ յիշուած աղբիւրներուն եւ եկեղեցականի մը ներկայութիւնը ապահովել: Ես պիտի ուզէի աւելին տեսնել եւ կրկնակի հպարտանալ. ի՞նչն է որ մեզ կը կասեցնէր որ չկրցանք երգչախումբ մը ղրկել այդտեղ եկեղեցականի մը ընկերակցութեամբ եւ թնդացնել Հայ Եկեղեցւոյ շարականները վերանորոգուած Ս. Կիրակոս Եկեղեցիի կամարներուն ներքեւ, եւ հպարտօրէն աղաղակել. «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց փեսայն անմահ եւ երկնաւոր. քեզ աւետիք խնդութեան հարսն ի յերկրէ եկեղեցի. Օրհնեա՛ ի ձայն ցնծութեան զԱստուած քո Սիոն»:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ



3 yorum:

Dursun dedi ki...

Նախ կուզեմ ներողութեամբ խօսքերուս սկսիլ եւ յետոյ շառունակել թէ նորեն ոմանք սխալ չհասկնան զանոնք։
Վերի օրինակ զոյգ նամակները որոշ չափով իրաւունք ունեցող կետեր կարտայայտին բացի միայն խնդիրին ամենակարեւոր նիւթը նկատելով որն յետեւեալն է։
Ինչպես բոլորս ալ գիտենք բոլոր տօնական մեծ որերէն վերջ նոյնիսկ Ս Զատիկին յաջորդ օրն ալ մեռելոց է եւ մեծ թիւով ազգայիններ կայցելեն գերեզմաններ։
Գերեզման այցելութիունները սովորաբար կը յաջորդին սրբազանի կամ կրոնականի մը ներկայութեամբ կատարուող աղոթքով եւ ինչպես բոլորս ալ գիտենք ասիկայ ցրի չի կատարուիր եւ այս որերուն մեր կրօնականներուն շատ աճապառանքով մեկ գերեզմանեն միւսին վազելնուն շատերս մեծ ծիծաղմամբ կը դիտենք։
Ասկէ տարիներ առաջ վերի խնդրոյ առակայ հարցը ամեն մարդ շատ սովորական կը նկատեր որովհետեւ կռօնականներուն մեծամասնութիունը այս օրերն էին որ միայն կռնային իրենց բաւարար ապրուստը հանել ։Այս գործադրութիունը կառգ մը կառգադրութիուններով վերջ տրուած էր եւ բոլոր կռօնականները եկեղեցական ամսական թոշակներ առնելու սկսան։
Մենք կը կարծենք թէ Պոլիսեն այս վերի խնդիրին համար որեւէ կռօնական մը չեր ուզած մեկնիլ դեպի ուրիշ քաղաքներ ուր չիկային մեծ թիւով հաւատացեալներ որոնք Ս Զատկի յաջորդ օրը պիտի այցելէին իրենց յանգուցեալները մեռելոցին եւ յետեւաբար ալ զուրկ պիտի մնային իրենց շահուելիք դրամներէն։
Մենք նորեն ալ չենք ուզեր որ մեր այս նկատի առած կետը Պատրիարքարանին որոշման դեր կատարած ըլլայ բայց եթէ հասկնալի որոշ բացատրութիւն ալ չի տրուի մեր այս նկատի առած կետին ճշմարտութիւնը պիտի չսխալի։
Յարգանգներովս
Տուրսուն

Adsız dedi ki...

Բաց նամակ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանին

Համացանցի միջոցաւ ինծի փոխանցուեցաւ Գարեգին Սրբազանի «Եկեղեցին քննադատել» գրութիւնը: Նկատի ունենալով որ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արքեպիսկ. Աթէշեանին ուղղուած բաց նամակս եղած է շարժառիթը իր վրդովմունքին, եւ հետեւաբար իր գրութեան, պատշաճ կը նկատեմ վերլուծել իր գրութիւնը եւ մէկ առ մէկ պատասխանել իր վերլուծումներուն:
Սրբազանը իր գրութիւնը կը սկսի «Ոսկան Մխիթարեան անունով անձնաւորութիւն մը համակարգիչի էջերուն վրայ բաց նամակի ձեւով քննադատութիւն մը հրատարակած է…» խօսքով: Իրեն կ’ուզեմ յիշեցնել որ երկուքս ալ նոյն տարին ձեռնադրուած ենք կուսակրօն եկեղեցական, եւ ես որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան 12 տարիներ ծառայելէ ետք՝ կամովին հեռացած եմ պաշտօնէս: Կ’ափսոսամ որ ծանօթ չէ ա՛յլ Նուիրապետական Աթոռներու միաբաններուն, եւ սահմանափակած իր ծանօթութիւնը: Եթէ կը փափաքի աւելին իմանալ… պատրաստ եմ:
Սրբազանը իմ դիտողութիւններս կը նկատէ ուղղուած Եկեղեցւոյ, հակառակ այն իրողութեան որ բաց նամակս ուղղուած է պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոսին, այսինք այն անձին՝ որ ներկայիս բարձրագոյն հեղինակութիւնն է Պոլսոյ Պատրիարքարանէն ներս: Այստեղ խնդրոյ առարկան անձին անունը չէ (կրնար եւ ուրիշ մէկը ըլլալ) այլ պատրիարքական փոխանորդի իր հանգամանքն է որ զիս կը մղէ իրեն ուղղել իմ դիտողութիւններս, նամանաւանդ երբ այդքան ակնյայտ վարչական թերութիւն մը երեւան կու գայ մեր եկեղեցական կեանքի ծառայութեան դաշտին մէջ:
Պատշաճ չեմ նկատեր անդրադառնալ այստեղ Գարեգին Սրբազանի տափակ եւ սոփեստական վերլուծումներուն, երբ կը խօսի համակարգիչի առջեւ նստող եւ իրենց մտածումները յայտնող գրիչներուն մասին, անոնց գրութիւնը որակելով «ափեղցփեղ մտածումներ»: Մենք կ՛ուզենք բարձր մնալ իր մակարդակէն, որպէսզի չշեղինք մեր բուն նպատակէն:
Յաջորդաբար Սրբազանը կը դժգոհի որ մենք մեր կարծիքը յայտնելէ առաջ պէտք է մտածենք նաեւ պատրիարքական փոխանորդ Արամ Սրբազանի ունեցած պայմաններու մասին: Ի՞նչ պայմաններ, Գարեգին Սրբազան…: Եւ կը շարունակէք պաշտպանել ակնյայտ վարչական թերութիւնը, ըսելով, որ «այսօր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մասնաւորաբար եկեղեցական գտնել իսկապէս հարց մը դարձած է»: Եթէ այս է ձեր ծանօթութիւնը մեր Եկեղեցւոյ ներկայ վիճակի մասին, վա՜յ եկեր է մեզի՝ եթէ ձեր նմաններ պատրիարք ընտրուին դարաւոր Պոլսոյ Աթոռին:

Adsız dedi ki...

Աւելի խոր վերլուծելէ առաջ ձեր յաջորդող մտքերը, որոնք ընդհանրապէս թեթեւակի իմն կապ ունին բաց նամակիս հետ, յայտնեմ, որ եթէ ուրիշ անգամ նման դէպքի առջեւ գտնուիք եւ կարիքը ունենաք եկեղեցականներու, ես անձնապէս ձեզի կ’ուղարկեմ հսկայ ցանկ մը հոգեւորականներու, կուսակրօն թէ ամուսնացեալ, որոնք պատրաստ են սիրայօժար ստանձնելու նմանօրինակ վեհ առաքելութիւն մը, առաքելութիւն մը՝ որ կը կոչուի ՀԱՅ ԴԱՏ:
Եկեղեցականներու չգոյութեան պակասը երկու պատճառներու հետեւանք է,– կ’ըսէ Պէքճեան Սրբազան: Առաջին՝ որ ծնողներ չեն քաջալերեր իրենց զաւակները՝ հոգեւորական դառնալու, որովհետեւ այդ ասպարէզը արհամարհուած ծառայութեան դաշտ մըն է: Իսկ մենք պիտի ուզէինք, ընդ հակառակն, շեշտը դնել հաւատքի, կոչումի տկարացման վրայ: Եւ եթէ եկեղեցական ըլլալը արհամարհուած ծառայութեան դաշտ կը նկատէ ժողովուրդը, ատոր պատճառը նո՛յն ինքն եկեղեցականներն են՝ իրենց վարքուբարքով եւ գործունէութեամբ…: Աւելին պէտք կա՞յ ըսելու:
Երկորդ պատճառը, կ’ըսէ, նիւթական հետաքրքրուածութիւնն է: Մեղքս ին՞չ պահեմ… ծիծաղս չկարողացայ զսպել: Կ’երեւի Պէքճեան Սրբազան այս աշխարհի մէջ չ’ապրիր: Առ ի տեղեկութիւն ըսեմ որ այսօր անհամար են մեր հարուստ եւ միլիոնատէր եկեղեցականները…: Ասկէ առաջ շատ խօսած ենք եւ գրած այս մասին, աւելորդ է կրկնել:
Ամենասահմռկեցուցիչ վերլուծումն ալ հետեւեալն է. « Տօնական օրերուն ամէն համայնք եկեղեցական կը պահանջէ, առանց մտածելու թէ ո՞ւր են այդ եկեղեցականները եւ թէ ինչպէ՞ս հայթայթել նիւթական ծախսերը»: Եւ օրինակ կը բերէ թէ «յաճախ կը հարցուի թէ ինչո՞ւ ծէսերու գիները բարձր կը բռնուին. վստահաբար պատրիարքարանի առօրեայ ծախսերուն տակէն կարենալ ելլելու համար»: Նախ յիշեցնենք Սրբազան հօր որ եկեղեցին շուկայ չէ, եւ սակ չի կրնար ու պէտք չէ՛ ունենայ: Երկրորդ՝ աղօթքը, եկեղեցական արարողութիւնները դրամով չե՛ն ծախուիր: Հիմա կը հասկնա՞ք տխուր դերը ընչաքաղց եկեղեցականութեան, երբ կ՛ըսէք թէ «եկեղեցական ըլլալը արհամարհուած գործի մը մէջ մտած կը նկատեն». կը գործածեմ ձեր բառերը, որովհետեւ ո’չ մէկ տեղ՝ կոչում, նուիրում եւ ծառայութիւն բառերը գործածած էք: Այնպէս կ’երեւի որ դուք եւս եկեղեցական ըլլալը «գործ» կը նկատէք…:
Վերջին նկատողութիւն. հեղինակը ներկայ գրութեան ո’չ միայն ծանօթ է համայնքներու մէջ կոտտացող հարցերուն, այլ յաճախ կը գրէ անոնց մասին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ ազգային-եկեղեցական հարցերու մէջ:
Ձեր բոլոր տուած պատճառաբանութիւնները, ուղղակի եւ մասնակի, ո’չ մէկ ձեւով չեն արդարացներ կատարուած ԽՈՇՈՐ սխալը: Կը յուսանք օր մը սորվիլ մեր սխալներէն եւ չկրկնել զանոնք, յանուն հայ ժողովուրդի արդար դատին:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
14 Ապրիլ, Լոս Անճէլըս

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.