
Առանձնակի ուշադրութեան արժանի է Հայաստանի նման լեռնային երկիրներուն ժայռի,լեռի եւ նոյնիսկ ուղղակի քարի պաշտամունքը:Քառ եւ ժայռի կը վերագրուի առասպելական ուժ ու խորհուրդ:Կը պատմուի թէ,Հայկ Նահապետ իր մահէն առաջ,իր հետեւորդներուն պատգամած է որ, գեղազարդեն Հայաստանի մէջ տարածուած կոշտ ու կոպիտ քարերը:
Դարեր առաջ Հայերը սկսեր են, քարերը յղկել եւ այդ քարերով կառուցել հրաշալի կառոյցներ, պալատներ,տաճարներ եւ ամրոցներ:Հին ժամանակներուն Հայաստան աշխարհը
ամէն
տեսակ
արշաւանքներուն
նշաւակ
կը
դառնար,կը
կողոպտուէր,կը կործանուէր
հրաշակերտ կառոյցները:Հայ ժողովուրդը այս կողոպուտի,թալանումի եւ կործանումի ելքը գտաւ սալաքարերը յղկելով ու գեղազարդարելով:Քարերէն յուշակոթողներ,արձաններ
կերտեցին,գեղազարդերցին
սալաքարերը
եւ
անոնք
ձգեցին
բաց
երկինքին
տակ:Թշնամի
թալանիչները,
այս
գեղազարդարուած
սալաքարերու
դիմաց զարմանքի մէջ մնալով կը շուարէին :
Այսպէս Հայ ժողովուրդը մեծ կառոյցներու առընթեր,ստեղծագործելու իր տաղանդը
մարմնաւորեց
նաեւ
ճարտարապետական
ու
գեղարուեստական
ձեւերու
մէջ:
Կ'ըսուի
որ,խաչքարերը
ստեղծուած
են
301 թուականին,երբ որ,Քրիստոնէութիւնը
որպէս
պետական
կրօն
ընդունեցաւ:
Խաչքարերը,արշաւանքներու
թալանէն
ու
կողոպուտէն
հեռու
բռնելու
համար,
նախ
ծառայել
են,
որպէս
տապանաքար,աւելի
վերջ
տեղադրուեր
են
սրբավայրերու,գերեզմաններու
մէջ
եւ
նաեւ
բլուրներու
ու
ժայռերու
վրայ:
Խաչքարը կոթող ու յուշարձան է,կը համարուին սուրբ քարեր եւ այն վայրերը ուրտեղ խաչքար տեղադրուած է կը նկատուին սրբատեղիներ:
Խաչքարը Հայ Միջնադարեան արուեստի ինքնատիպ դրսեւերումներէն մին է:Հայաստան առանձնայատուկ մի երկիր
է,ուրտեղ
կան աւելի քան 50 000
ձեռատաշ
խաչքարեր,
որոնցմէ
ոչ
մէկը
միւսին
նման
չէ:Գեղազարդարեալ
այս
քարերը
ԽԱՉՔԱՐ
կը
կոչուին,որովհետեւ
անոնց
քանդակազարդ
երեսին,կեդրոնին
վրայ
նկարուած
է
<<Խաչ>>
մը
որպէս
Քրիստոնէական
հաւատքի
խորհուրդանիշ:Իւրաքանչիւր
խաչքար
ունի
իր
զարդարանքը:Աշխարհի
վրայ
ոչ
մի
ազգ
չի
կայ
որ,Աստուծոյ
հանդէպ
իր
հաւատքը
այսպիսի
ձեւով
արտայայտէ:
Խաչքարի ներքեւի մասը փորագրուած է Արեւի նկարով որը,կը խորհուրդանշէ <<Յաւերժութիւն>>ը,իսկ կեդրոնի
խաչի
նկարը
կը
խորհուրդանշէ
Յիսուս
Քրիստոսի
խաչելութիւնը
,խաչքարերու
շրջեզերքը
զարդարուած
է
զարդերով,խաղողի,
ոյկոյզի,
նուռի,հասկի,
հացի,
թռչունի,մարդու
եւ
կամ
տերեւի զարդաքանդակներով որոնք կը խորհուրդանշեն Յիսուսի յարութիւնը:Խաչքարի
հակառակ
երեսը
տափակ
է,
կամ
իր
վրայ
կը
կրէ
արձանագրութիւն
մը ներկայացնելով կարծես հայ ժողովուրդի
պատմութեան
բացուած
էջ
մը:Սալաքարի
մը
վրայ
նկարուած
է
նոյնիսկ
թատերախաղ
մը
,որուն
դէմ
կը
պայքարէր
Քրիստոնէութիւնը:
Ըստ էութեան խաչքարը Հայ ժողովուրդական կեանքի համայնապատկերն է, որ հիացում
կը
պատճառէ
նուրբ
զարդարանքներու
իր
ներդաշնակութեամբ:Խաչքարի
քանդակազարդ
նկարը
իր
նուրբութեամբ
կը
նմանի նրբահիւս ասեղնագործեալ ժանեակի մը:
Միջնադարեան շրջանի հայկական խաչքարերը ունցած են , բազմատեսակ բովանդակութիւն: Կանգնած են տարբեր
առիթներով,
ինչպէսին,ռազմական,պատմական
նշանակալից
դէպքերը
յաւերժացնելու,
եկեղեցիներու,
կամուրջներու,
աղբիւրներու
յիշատակները
յիշատակելու
եւ
ազգային
հերոսները
ու
զոհերը
ոգեկոչելու
համար,
կան
նաեւ
իրենց
նպատակին
չհասած
սիրահարերու
յիշատակին
կանգնուած
խաչքաչեր:
Կան նաեւ <<Ամէնափրկիչ>>կոչուած խաչքարեր,
ինչպէս
օրինակ
Հաղբատի
վանքի
մէջ
գտնուող
1273 թուակիր
նշանաւոր
խաչքարը,
որուն
հեղինակութիւնը
կը
վերագրուի
Վահրամ
վարպետի:
Այս
խաչքարերու
վրայ
նկարուած
են
խաչելութեան
տեսարաններ:Ժողովուրդը
կը
հաւատար
որ,այս խարքարերը
օժտուած
են
եւ
հիւանդութիւնները
բուժելու
յատկութիւնը
ունին,
հետեւաբար յաճախ հեռու վայրերէ իսկ հիւանդներ , յատկապէս
մանուկներ
ուխտի
կը
բերուէին այդ խաչքարերու մօտ բուժելու համար:Ժողովուրդը խաչքարերը կը նկատէր նաեւ, որպէս բնութեան ուժ եւ չարիքներու դէմ ուժի խորհուրդանիշ:
Կ'ըսուի թէ,Հայաստանի ամենէն հին խաչքարը Աշօտ. Բ. Բագրատունիի կնօջ նուիրուած խաչքարն է, որ կը թուագրուի 879 թուականով ու կը գտնուի
Գառնիի
հեթանոսական
տաճարի
տարածքի
մէջ:
Ամէնեն շատ խաչքարեր կը գտնուին Ջուղայի գերեզմանատան մէջ,ատենօք կային 10 000 խաչքարեր իսկ ներկայիս խաչքարերու թիւը կը հասնի շուրջ 2500 ի: Իսկ Հայաստանի Նորադուզ գիւղին մէջ խաչքարերու թիւը կը հասնի շուրջ 1000 ի,Նորադուզի խաչքարերու <<Անտառ>>ը իւրայատուկ թանգարան մը կը սեպուի :
Խաչքար կերտող վարպետներու անուններէն քիչեր միայն պահպանուած են,12 րդ.դարու ամենէն նշանաւոր քաչքարի վարպետն
է
Մխիթար
վարպետը,13-14րդ. դարերուն
նշանաւորն
է
Մոմիկ
վարպետը,1291
թուականին Գոշավանքի մէջ շինուած բազմաթիւ խաչքարերուն հեղինակը Պօղոս վարպետնէ:Ամենէն շատ խաչքար շինող վարպետը Քիրամ վարպետն է որ, 1591-1610 թուականներու միջեւ
շինած
է
շուրջ
300 խաչքարեր:
Խաչքարերը հայրենասիրութեան , հայ ինքնտիպ
մշակոյթի,հայ գեղարուեստի
բարձր
ճաշակի
արտայայտութեան
միջոցներէն
մին
է
եւ
ունի
համաշխարահային
արուեստի
գանձարանի
մէջ
իր
արժանի
տեղը:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ.
Օգտագործուած Ակեր:
Հ.Լ. Պետրոսեան -Խաչքար-2008
Լ.Ազարեան-Հայկական Խարքարեր-1973
Վարդուհի Վարդազարյան-27 Մայիս 2011.Երեւան
Հայկական Հանրագիտարան-
www.khackar.am.








Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.