ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վատիկանի պաշտօնական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած
է, թէ Ֆրանսիս պապը Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի տիտղոսը շնորհած է Հայց. առաքելական
եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Գրիգոր Նարեկացիին: Ֆրանսիս պապ իր որոշումը կայացուցած է խորհրդակցելէ
ետք Վատիկանի Սուրբերու հարցերու համախմբումի տեսուչ կարտինալ Անճելօ Ամաթոյի հետ:
Այս կոչումը կը տրուի վաստակաւոր աստուածաբաններու: Այս անգամ
այդ կոչման արժանացաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ Կաթոլիկ աշխարհին մէջ կը համեմատուի
Ս. Օգուստինի հետ, նկատի առնելով առաջին հերթին ոչ թէ անոր աշխատութիւններուն թիւը,
այլ՝ ազդեցութիւնը հաւատացեալներուն վրայ:
Նշենք, որ 2015ի Յունուարին, Վատիկանի մէջ աւարտեցաւ Սուրբերու
միաբանութեան ժողովը, որուն ընթացքին անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկուեցան Հռոմի պապին
նշեալ յայտարարութեան կապակցութեամբ: Այդ ժողովին առաջարկուած էր Գրիգոր Նարեկացիի
անունը:
Նարեկացի մեծապէս նպաստած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զարգացման:
Նարեկավանքը, ուր ուսած է Գրիգոր Նարեկացի, 1915 թուականին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ,
հիմնովին քանդուած է:
Գրիգոր Նարեկացի (951-1003) եղած է ականաւոր աստուածաբան եւ
հայ հոգեւոր գրականութեան անզուգական ներկայացուցիչներէն մէկը: Անոր ստեղծագործութիւնները
թարգմանուած են շատ լեզուներու, իսկ 1984 թուականին երգահան Ալֆրետ Շնիթկեն Նարեկացիի
բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ գրած է երաժշտական գործ մը՝ երգչախումբի համար:
Նարեկացիի գլուխ-գործոցը «Մատեան Ողբերգութեան» երկարաշունչ
բանաստեղծութիւնն է՝ բաղկացած 95 գլուխներէ (բանք), որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի
«Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» տողով:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Նարեկացի միայն 52 տարի ապրած է,
ան գրական եւ իմաստասիրական հարուստ ժառանգութիւն ընծայաբերած է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր
հարստութեան գանձարանին:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.