Ermeni yaşamında Vartavar yortusunun geçmişi Hristiyanlık
öncesi eski dönemlere dayanır. Vartavar kutlamaları ve gelenekleri Hristiyanlık
döneminde de ''İsa Mesih'in Suret Değiştirme Yortusu-İzzet Yortusu adıyla devam etmiş süreklilik kazanmıştır. Bu
yortu genellikle Paskalya Bayramından 98 gün sonra 28 Haziran-1 Ağustos
tarihleri arasında kutlanır, bu tarih 2015 tarihli sene için 12 Temmuz 2015
Pazar gününe rastlamaktadır.
Vartavar yortusu,Ermeni dünyasında en çok inanç gezisi
yapılan ve halk tarafından özel ilgi
gösterilen ve çok sevilen,dini ayinlerle ve coşkulu törenlerle kutlanan yortulardan biridir.
Bu yortunun kendine özgü halk alışkanlıkları ve
gelenekleri vardır, örneğin insanların birbirlerini ıslatma,su ,çeşme veya su
kaynakları çevresinde su oyunları oynamak, güvercin uçurmak ,birbirlerine gül
hediye etmek, birbirlerinin üstüne gül suyu dökmek,inanç gezisi yapmak,adak
yapmak gibi .
Geçmişte Anadolu Ermeni yaşamında, Vartavar gecesinde
''Suların Çoğaldığına'' ve bu çoğalma anını gören kişinin tüm istek ve
hayallerinin gerçekleşeceğine inanılırdı, bu nedenle Vartavar arifesi Cumartesi
günü halk çeşmelere,su arklarına, göllere, su kaynaklarına, nehir
kenarlarına,dağlardaki su kaynaklarına koşar orada konaklar Vartavar günü
''Suların Çoğalmasını'' veya Nehirlerin Taşmasını,veya Çağlayanların
Gürlemesini beklenir, adaklar yapılır ,isteklerinin gerçekleşmesi için dualar okunurmuş:
Vartavar'da ,Ermeni yaşamında bir bayram geleneği olan
''İnanç Gezisi'' öncesi hazırlık döneminde ev halkı seferber olur,hanımlar
''İnanç Gezisi''i hazırılığı başlar, çeşitli özel bayram yemek ve tatlıları
hazırlar,inanç gezisi için beraberlerinde
götürlerdi:
İnanç gezisinde konaklama genellikle su kaynağına yakın
olan yüksek dağlarda, su ve manastır
çevresi dağlık alanlarda yapılır, hedefe cıplak ayakla yüreyerek ulaşılırdı:
Gece, dağ tepelerinde veya nehir kıyılarında geçirilir , orada gecelenir,sabaha
kadar ''Aravod Luso=Sabah Işığı)'' ,''Zartir Park İm=Uyan Şerefim)'' gibi
ilahiller ve şarkılar okunur,''Suların Bollaşması '' veya ''Nehirlerin Taşması
'' beklenir dilek ve arzuların gerçekleşmesi
için dualar okunur, adaklar yapılır, bağışlar yapılırdı,estesi gün eve
dönülür yortu, ziyafet ve çoşkulu törenlerle kutlanır.
Gelenkelere göre ,eskiden nasıl Üzüm kutsanmadan asla
yenmezdi,aynı zamanda Vartavar yortu zamanı gelmeden de ''Elma''
yenmez,Vartavar zamanı törenlerle
''Senenin İlk Elması'' yenirdi, bu nedenle ,Anadolu'nun bazı ermeni
yerleşim yerlerinde Vartavar yortusuna ''Elma Bayramı'' da denirdi.
12 Temmuz 2015
Pazar günü Ermeni dünyası ,dini
ayinlerle ve törenlerle çoşku ve sevinç içinde birbirlerini islatarak
Vartavar yortusunu ,dini adıyla İsa Mesih'in Suret Değiştirme ve İzzet
Yortusunu kutlayacak : Bu gün aynı
zamanda
''Vart,VartavarVartanuş,Vartiter,Vartuhi,Varteres,Vartkes,Varteni,Nıvart,Lusavart,
Varsenig,Roza,Bayzar''ların isim günüdür, bu vesile isim
günleri kutlu ve dilekleri gerçek olsun.
Dr.med.Sarkis Adam
ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ
ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայոց մէջ Վարդավառը հնագոյն արմատներ ունեցող տօներէն է, որ
հին անունը պահելով անցած է Հայոց քրիստոնէութեան, փոխուելով Քրիստոսի Այլակերպութեան
եւ Պայծառակերպութեան տօնին:
Հայ Եկեղեցին Պայծառակերպութեան տօնը կը նշէ Զատիկէն 98 օր յետոյ,
այսպիսով Զատիկի հետ կապուած ըլլալուն 35 օրուայ շարժունակութիւն ունի, որ Յունիս
28 - Օգոստոս 1ի միջեւ կը պատահի,2015 թուակիր տարուայ համար այս թուականը կը հանդիպի
12 Յուլիս 2015 կիրակի օր:
Վարդավառը ուխտագնացութիւններու տօն է ամէնուրեք եւ ոչ մէկ տօն
այնքան մեծ ժողովրդականութիւն եւ գրաւչութիւն ունի, որքան Վարդավառի տօնը, այն ամենաուրախ
եւ ամենասիրուած տօներէն է հայաշխարհի մէջ: Եւ ինչպէս բոլոր տօները, Վարդավառը եւս
ունի հանդիսութիւններու յատուկ արարողակարգ, որոնք տարբերութիւններով հանդերձ ընդհանրական
են, օրինակ իրար վրայ ջուր ցօղելը, աղաւնի թռցնելը, ծաղիկներով զարդարուիլը, իրարու
վարդափունջ եւ կամ վարդաջուր նուիրելը,ուխտարագնացութիւնները,
զոհաբերութիւնները, հանդէսները,ինչպէս ջուրերու ակունքը երթալ եւ իրար վրայ ջուր ցօղել,
ուխտագնացութիւն, զոհաբերում, եւլն:
Անցեալին տարօնցի հայեր
կը հաւատային, որ Վարդավառի գիշերը ջուրերը կը շատնան, եւ ով տեսնէ այդ պահը եւ բան
մը խնդրէ անպայման կը կատարուի: Ուստի նախորդ
իրիկուընէ խումբերով ջուրերու ակունքներուն մօտ՝ ուխտատեղի սրբավայրեր, նշանաւոր աղբիւրներ,
լեռնագագաթներ կ'երթային, գիշերը անքուն կը հսկէին ջուրերու ափունքին քով, որպէսզի
վարարումի(յորդիլ,իր հունէն դուրս ելլել) պահը
տեսնէին եւ իրենց բաղձանքը խնդրէին:
Շաբաթ օր կը սկսին ուխտագնացութեան պատրաստութիւններ տեսնել,
տանտիկինը հաց կը թխէ, զանազան ընտիր համեղ կերակուրներ կը պատրաստէ: Կիրակի լոյսը
չբացուած ուխտաւորներ ճամբայ կ'ելլեն: Շատ մը կիներ, աղջիկներ գլխաբաց, բոպիկ կը քալեն:
Ուխտաւորները եթէ կայ պաղ ջուրին քով դադար մը կ'առնեն իրենց
նախաճաշը ընելու եւ յոգնութիւնը առնելու: Կիներ կը սիրէին ուխտատեղիի ջուրով ցօղուիլ, հաւատալով անոր բուժիչ յատկութեան:
Արեւածագը կը դիմաւորեն միասնաբար «Զարթիր, փառք իմ», «Առաւօտ Լուսոյ» եւ այլ շարականներ
երգելով:
Ուխտաւորները հոս ջերմեռանդօրէն
կ'աղօթեն, ոմանք աքաղաղ կը զոհեն, կամ մանր դրամներ կը զետեղեն քարերուն վրայ: Ուխտատեղիին
հասոյթները կը պատկանին եկեղեցիին, օրուան վերջը ժամկոչը կու գայ եւ զոհուած աքաղաղներն
ու դրամը եկեղեցի կը տանի:
Տօնին բարձրակէտը՝ Վարդավառի բուն արարողութիւնը, ժողովրդական
տարածուած սովորութեամբ՝ ջուր ցօղելն է, որ պահպանուելով մինչեւ մեր օրերը հասած է
որպէս կայուն սովորոյթ: Երիտասարդ թէ տարեց, տղամարդ թէ կին, իրարու վրայ ջուր կը սրսկեն։
Ջուրն է այսօրուան տարերքը, անգամ ամօթխած հարսեր, աղջիկներ կը մասնակցին ջուր ցօղելու
խաղերուն: Ապա կը սկսի ժողովրդային տօնախմբութիւնը, երգ, պար, կերուխում:
Վարդավառի տօնին տարիցները մատաղացուի համար հանգանակութիւններ կը հաւաքէին,
այս մատաղի հիմնական նպատակը, դաշտերը չորութիւնէ եւ այլ զանազան աղէտներ պաշտպանել էր, իսկ երիտասարդներն ալ բոցավառ
փայտակոյտներ կը վառէին ու կրակի շուրջ
խմբապարով , երգերով, խաղերով կը դիմաւորէին
լուսաբացը:
Ըստ աւանդութեան ինչպէս որ, առաջին խաղողն խաղողօրհնեքին կուտենք, նոյնպէս ալ հին ժամանկանին
, մինջեւ վարդավառ խնձոր չեր ուտուէր.Անցեալին
Վարդավառը կը համարուէր նաեւ "Խնձորի Տոն"եւ տարուայ առաջին խնձորը կ'ուտուէր
վարդավառին: Վարդավառի նախորդ օր Շաբաթ երեկոյին
ժողովուրդը կը հաւաքուէր բացօդեայ դաշտվայրի
մէջ ,անասուն կը մորթէին ,կրակ կը վառէին ու անասունը կը խորովէին,իսկ լուսաբացին կրակի մէջ խնձոր կ'եփէին ու տարուայ առաջին խնձորը կ'ուտէին
,կ'երգէին ու կրակի շուրջ կը պարէին.Անցեալին մէջ Վարդավառ տօնը կ'անուանուէր նաեւ
"ԽՆՁՈՐԻ ՏՈՆ":
12 Յուլիս 2015 կիրակի
օր, Համայն Հայ Աշխարհը կը նշէ , Պայծառակերպութեան
տօնը կամ Վարդավառ եկեղեցական ու աշխարհիկ բացառիկ արարողութիւներով ,հանդէսներով եւ զանազան
տօնակատարութիւններով.
Այս առիթով սրտագին
շնորհաւորանքներ մեր բոլոր Վարդուհի, Վարդ, Վարդավառ,,Վարդանոյշ, Վարդենի,
Վարդերես, Վարդիթեր,Վարսենիկ,Վարդգես Լուսվարդ, Պայծառ, Ռօզա,Սիրվարդ,Վարդգէս,Նուարդ անուններու անուանակոչութեան տօնին.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ.





Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.