Etiketler

ՍԲ. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՋՐՕՐՀՆԵԱՑ ԽԱՉԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Պատիւն ունինք յայտարարելու թէ տարւոյս Սբ. Ծննդեան տօնին, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի մէջ Հայրապետական Պատարագի ընթացքին, Ջրօրհնեաց արարողութեան տարուայ խաչ-կնքահայր դարձաւ,Դամասկոսի գաղութէն ազգային բարերար՝ Տիար Գաբրիէլ Ջէմպէրճեանը:

 Դամասկոսի Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը հոգեյոյզ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Ջրօրհնեաց օրհնաբաշխ խաչը, Տիար Գաբրիէլ Ջէմպէրճեանի ջանքերով կը բերուի Դամասկոս:

Այս հոգեպարար առթիւ, Սբ. Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի օրհնութեան յատուկ կարգ Սբ. Էջմիածնի Խաչով, ձեռամբ՝

Գերշ. Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանի,
Առաջնորդ Հայոց Դամասկոսի Թեմի

Կիրակի, 15 Յունուար 2012-ին

Սբ. Պատարագ      ժամը 10:00-ին
Օրհնութեան Կարգ         ժամը 11:30-ին

Կը հրաււիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու պատմական այս առիթին, ուխտանորոգ միասնաբար դիմաւորելու Սբ. Էջմիածնի Խաչը:

²½•© ²é³çÝáñ¹³ñ³Ý« ¸³Ù³ëÏáë

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.