Etiketler

ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՅ ՊԱՏԳԱՄԸ.


Մեծ Պահքի վերջին շաբաթը ,այսինքն Ս.ՅարութեանՍ.Զատիկի տօնի նախորդող շաբաթը կը կոչենք <Աւագ Շաբաթ>: Աւագ շաբաթը կը խորհուրդանշէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի վերջին օրերի տնօրինութիւններըԱւագ շաբթուայ իւրաքանչիւր օր իր խորհուրդը ունի:

Աւագ երկուշաբթի օրով մեր առջեւ կը բացուի Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները եւ զայն դէպի մահ ու յարութիւն տանող խորհուրդասքանչ դէպքերու շաբաթը.
Մենք Քրիստոնեաներս խաչակնքելով կը մտնենք եօթը օրերու մեծ խորհուդներէն ներս:Աւագ երկուշաբթիով մենք նախ կը սորվինք  որ,հաւատքը հրաշագործ է,հաւատացեալ ըլլալ եւ չի հաւատալ հաւատքի հրաշագործութեան, ոչինչ կը նշանակէ. ինչպէս որ, Յիսուս կ'ըսէ.<Եթէ,կը հաւատաս,լեռն իսկ կրնաս տեղէն շարժել>:

Աւագ Երկուշաբթի: Արարչագործութեան յիշատակի,անպտուղ թզենիի անիծման եւ նաեւ տաճարը վաճառորդներէ մաքրելու օրն է: Անպտուղ Թզենիի օրինակին մէջ ,պտուղը ,այլաբանօրէն կը խորհուրդանշէ , մարդկային բարի գործերն ու առաքինութիւններն, որոնցմէ զուրկ մարդը կը պատժուի: Տաճարի մաքրագործումը կատարուեցաւ ի խնդիր հաւատքի  մաքրութեան:
Այսօր մենք ,մեր արդի գիտութիւններով ու մտածելակերպերով զօրացած կրնանք հասկնալ եւ որպէս քրիստոնեայ պէտք է որ հասկնանք թէ, ինչէսի~, պատգամներ կան այդ թզենիի հրաշքին մէջ:Յիսուս հրաշքներ գործելով հիւանդները բուժելու ատեն հիւանդի մը ըսած էր, <Քու հաւատքդ է որ, պիտի բժշկէ քեզ>.Այսօր արդիկան բժշկագիտութեան պայմաններու եւ միջոցներու մէջ հիւանդ մը կրնայ աշխարհի ամէնէն զօրաւոր դէղը գործածել, կրնայ աշխարհի ամէնէն հանճարեղ բժիշկը ունենալ, սակայն ,եթէ ,չի հաւատար որ, իր հիւանդութիւնը ինք պարտութեան պիտի մատնէ , այդ զօրաւոր դեղը ու հանճարեղ բժիշկը իրեն օգնական չեն կրնար ըլլալ, այսինքն պիտի հաւատաս ,հաւատքի հրաշագործութեան ու կամքի ուժին.

Աւագ Երեքշաբթի:Ձիթենեաց լեռան քարոզի օրն է եւ նաեւ կ'ակնարկէ որ,մեր առաքինի գործերու պտուղներով հոգապէս պէտք է պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան:Եկեղեցին այսօր,կը յիշատակէտէ ասը կոյսերու առակը , վերջին Դատաստանի բացատրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ջրհեղեղը եւ մադկութեան կրկին սկզբնաւորումը.

Աւագ Չորեքշաբթի:Այս օրը մեր Տիրոջ մատնութեան  յիշատակի օրն է,կը յիշատակուի Քրիստոսի օծումը եւ Յուդայի մատնութիւնը, երեսուն արծաթի փոխարէն իր  վարդապետին  դաւաճանելը.

Աւագ Հինգշաբթի: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքի յիշատակութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան հաստատման  օրն է.Այս օր Յիսուս ծառայաբար լուաց իր աշատկերտներուն ոտքերը, որը կը խորհուրդանշէ , <Խոնարհութիւն>, <Լայնախոհութիւն>, <Հեզութիւն>, եւ <Սէր>: Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ:<Եթէ , ես, Տէրս ու վարդապետս լուացի ձեր ոտքերւ, դուք ալ պատրարտ եղեք , իրարու ոտքերը լուալ, որվհետեւ օրինակ տուի ձեզի որ, ինչպս~, ես ձեզի ըրի, դուք ալ նոյն ձեւով ըրեք> : Աւագ հինգշաբթի երեկոյան ժամերգութիւնէն վերջ եկեղեցիին մէջ կը կատարուի <Խաւարում> հսկման  կարգ, այդ ժամանակ խորանի վրայ կը վառի 12 մոմ , մէկ մոմ մըն ալ կը դրուի  մոմերու մէջտեղի կեդրոնը, իւրաքանչիւր անգամ ,երբ Աւետարան կը կարդացուի , մէկ մէկ մոմերը կը մարուի,վառ  կը մնայ կեդրոնի մէկ մոմը, որը Յիսուս Քրիստոսը կը խորհուրդանշէ.

Աւագ Ուրբաթ:Այս օր կը վերաբերի մեր Տիրոջ ձերբակալութեան,չարչարանքներուն, խաչելութեան, մահուան , Պետրոս արաքեալի ուրացումին: Աւագ Ուրբաթ օրը մեր աչքերուն առջեը կը բերէ, <կեղծ>,<շինծու>,<անարդարութիւն> ,ու  անպատիւ փաստաբաներ ու դատաւորները, իսկ միւս կողմէն ալ, <Ներէ, այս մարդիկը Հայր, անոնք չեն գիտեր թէ, ինչ~ , կ'ընեն >ըսելով  խնդրանքի մը  <Անսահման Ներողամտութեան Վեհհութիւնը>:

Աւագ շաբթուայ փոթորկալից ու խորհուրդաշունչ  օրերէ վերջ Աւագ Շաբաթ օր կը յիշտակուի Մեր Տիրոջ Թաղումն ու հանգիստը գերազմանի մէջ: Այս օրը , Հանդարտոիթեան , Լռութեան , Վերյիշումի, Սպասումի , Սուգի  օր է : Աւագ շաբաթ օրը,նաեւ մեղաւորներու իրենց խիղճերու հետ հաշուեկցելու օրն է : Ով գիտի , անմեղ քանիներ ու քանիներ  անարդարութեան  զոհուեցան, Յիսուսի նման չի կրցան իրենց անմեղութիւնը փաստել, քանիներ ու քանիներ իրենց բարի գործերով հոգապէս դուրս եկան  բանտերէն , գերազմաններէն , եւ քանիներ ու քանիներ հող եղան .
 Յիսուս մահից  յետոյ  իջաւ դժողք ,փրկութիւն շնորհեց արդար հոգիներուն, Աւագ շաբաթ օր կէսօրէ վերջ եկեղեցիի մէջ կը կատարուի ճրագալոյցի Սուրբ պատարագ ,հընթացս ճրագալոյցի սուրբ պատարագի , երբ որ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան աւետիսը կը տրուի Մեծ Պահքը վերջ կը գտնէ.
Կիրակի օր, Սուրբ Զատիկ ի , Մեր Տիրոջ  Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ  Յարութեան  Տօնն է, իսկ յաջորդ օր, երկուշաբթի  ննջեցեալներու յիշատակութեան   <Մեռելոց>ի օրն է, ընդհանուր հոգիհանստի արարողութիւն կը կատարուի.
                                                                                Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.