Etiketler

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՂԱՆԴԱՒՈՐՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱԶՄԱՆԱՆ.

Ըստ վստահելի աղբիւրներու ,3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանի մէջ,աղանդաւորներու թիւը կը հասնի շուրջ 300-400 հազարի:Այսինքն,այս կը նշանակէ բնակչութեան 10 % ը աղանդաւոր է:Եթէ դրացի երկիրներուն հետ համեմատենք 142 միլիոննոց Ռուսաստանին մէջ աղանդաւորներու թիւը կը հասնի 700-800 հազարի,այսինքն Հայաստանի մէջ աղանդաւարները համեմատաբար աւելի բազմաթիւ են, քան Ռուռառտանի :


Աղանդաւորները,այնպիսի մարդոց խումբեր են, որոնք,աւանդական եկեղեցւոյ դաւանանքները չեն ընդունիր եւ կը քարոզեն իրենց առաջնորդին կամ  առաջնորդներուն  հակաեկեղեցական գաղափարները,այս խումբերը, ոչ թէ միայն մեր եկեղեցիին, այլ նաեւ մեր ազգային անվտանգութեան ու պետականութեան հիմքերը խանգարելու տեսանկէտէն վտանգ կ'սպառնան : Անոնք կը հետապնդեն քայքայիչ ու կործանիչ նպատակներ.
Ընդհանրապէս աղանդաւոր խումբերու մարտավարութիւնը տարբեր է,բայց նպատակը մէկ է.Տարբեր են նաեւ, անոնց սկզբնապատճառները:
Օրինակ,Պապտիստները(Մկրտիչեան) բողոքականութեան մի տարատեսակ մըն են, մկրտութիւնն ու հաղորդութիւնը ոչ թէ եկեղեցական խորհուրդ ,այլ սոսկ եկեղեցական կարգ կը համարեն ու կը կնքեն միայն չափահասերը:
Մորմոնները, չեն ընդունիր, քրիստոնէական խորհրդանիշները. Այս աղանդը, ստեղծուած է 1830 թուականին Ա.Մ.Նահանգներու մէջ Ժօզէֆ Սմիթի կողմէ:
Հայսատանի մէջ, ամենէն գործոն աղանդներէն մին ալ , Եհովայի վկաներներու աղանն է: Ասոնք  նոյնիսկ կորսցնելով մարդկային բարոյական արժէքներն,կը քարոզեն ամէնուրէք,ամէն վայրի մէջ: Անոնք կը վարեն <<մարդ որսալու>> որոշ գործընթաց մը եւ կը համոզեն այն մարդիկը ,որոնք կը գտնուին ընկերային , տնտեսական ,հոգեկան անկայուն վիճակի մը մէջ. Եւ շատ արագ կ'ազդեն իրենց <<որս>երու խախուտ ու անկայուն կացութեան վրայ,կը փորձեն նաեւ,իրենց առաջնորդներուն մոլորեցուցիչ գաղափարներով այլափոխուած ,<<Աստուածաշունչ>>ին միջոցաւ,այդ անմեղ մարդիկը , առերեւոյթ մխիթարել.
Եհովայի վկաներու քարոզիչները, որոշ մեթոտներ գործածելով , ձեւով մը կը սառեցնեն մարդուն ուղեղը,եւ այս ձեւով մեզմէ շատեր կ'իյնան այս ծուաղակին մէջ:Այս աղանդը հիմնուած է,Ա.Մ.Նահանգներու  Փէնսիլվանիա  նահանգին մէջ,1872 ին: Անոնք կ'ընդունին միայն Եհովայի Աստուածը, չեն ընդունիր Սուրբ Հոգին, Սուրբ Խաչը,Սուրբ մկրտութիւնը.
Ըստ Եհովայի  վկաններուն,երկրի վրայ կը գտնուի<<Սատանայի>> թագաւորութիւնը,Եհովայի եւ  սատանային միջեւ տեղի ունեցած ճակատամարտին  հետեւանքով  մարդկութիւնը պիտի  կը կործանի, սակայն, պիտի փրկուին միայն Եհովայի վկանները եւ երկրի վրայ  պիտի հաստատուի Եհովայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը.
Ի հարկէ ,այս ամբողջը խեղկատակութիւնն է,սակայն , ցաւօք սրտի ,կը հաստատենք որ, մեզմէ շատեր չեն գիտեր այս իրականութիւնը ու կը հետեւին մոլորութեան ճամբուն. Հետեւաբար,պէտք է աչալուրջ եւ գիտակից ըլլալ, տեղեկանալ աղանդաւորական շարժումներու ու գործունէութեան, չթոյլատրել անոնց մեր մէջ ներթափանցումն ու տարածումն.Անհրաժէշտ է նաեւ որ Հայաստանի իշխանութեան կողմէ ազդեցիկ միջոցներով  սահմանափակումներ դրուին <<խօսքի ու խղճի ազատութեան>> վրայ.
Ինչ կը վերաբերի մեր բոլորին,որպէս Հայ Եկեղեցւոյ հարազատ որդիներ', մեր իւրաքանչիւրին հիմնական պարտականութիւնն է , թոյլ չտալ նմանօրինակ շեղումներուն ու անոնցմեզի  մօտենալուն: Յստակօրէն յայտնի է որ, աղանդաւորական շարժումներուն մէջ չկայ աւելի մեղմ կամ աւելի գեղեցիկ աղանդ , բոլորն ալ քայքայիչ եւ կործանիչ են:
Պէտք է հայ ժողովուրդը հեռու պահել աղանդաւորներէ եւ նաեւ' ալ աւելի մօտեցնել Հայ Առաքելական Եկեղեցիին.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ.
Գերմանիա


Hiç yorum yok:

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.