ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ. Թուրքիա նոր սահմանադրութեան մը պատրաստութեան ընթացքի մը մէջ է, այս ընթացքին ներսն են նաեւ , Թուրքիոյ փոքրամասնութիւները , որոնք ունին իրենց իւրայատուկ պահանջքներ ու ակնկալութիւններ: Իսթանպուլահայ Համայնքը իր սպասումներու համար ժողովներ գումարելով կը պատրաստուի.
Ըստ ,վերջին բարեփոխումներու տարիներու մեր փորձարութեան, Իսթանպուլահայ համայնքի վագըֆներու , անշարժ կալուածներու ,կրթական հաստատութիւններու խնդիրներուն լուծումը կը կարօտի օրէնսդրական փոփոխութիւններու եւ նաեւ, այդ օրէնքներուն դրական մեկնաբանութեան , բարի կամեցողութեան, որպէսզի այդ օրէնքները արդիւնաւետ ձեւով իրագործուին ու կիրակուին.
Այս հարցի առընթեր , Իսթանպուլահայ Համայքը ունի նաեւ աւելի հիմնական ու կենսական հարց մը եւս , որն է, Համայնքի ղեկավարման դրութիւնը աւելի կեդրոնացնելու խնդիրն է, ըստ իս Իսթանպուլահայութեան հիմնական ու կեդրենական հարցը այս է.Այսօր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնական կարգավիճակ մը չունի, ինչ որ շատ լուրջ կաղացումներու ծննունդ կուտայ: Շատ երկար տարիներէ ի վեր պղտոր է Հայոց Նուիրապիտական չորս Աթոռներէն մին Թրքահայուեան Պատրիարքական Աթոռին կարգավիճակը: Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ, անոր ղեկավարման մէջ ջնջուած է աշխարականներու մասնակցութիւնը,կարգավիճակի չգայութեան պատճառաւ: Աթոռը շատ զգայուն կը դառնայ աշխարահականներուն պահաջքներուն եւ աշխարհականները կը պարտաւորուին իրենց պահանջքները սահմանաթակել.
Մեր կարծիքով , ներկայ գործընթացին մէջ այս հակասութեան յաղթահարման վրայ առաջնահերթօրէն պէտք է կեդրոնանայ համայնքը եւ նախօրօք գործի լծուի ,Պատրիարքութեան ղեկավարման ու պաշտօնական կարգավիճակ ստանալու նպատակաւ, օրէնքի մը եւ կամ կանանոդրութեան մը նախապատրաստական աշխատանքի եւ կամ նախապէս պատրաստուած աշխատանքը օրակարգի բերելու համար .
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
1 yorum:
BEN BU KONUYU COK ONCEDEN ORTAYA ATMI$TIM VE VANKLISTTE DE YAZDIM. AMA GEL GOR KI PIYASADA 0LAN BIZIM AKTIVISTLERIMIZI T.C. ANAYASASI DAHA COK ILGILENDIRIYOR. BEN HATTA DEMOKRATIKLE$MEYI DEGIL DE TOPLUM OLARAK VARLIGIMIZI DEVAM ETTIRMENIN ONEMINI BELIRTMI$TIM. BU GUN LOZAN ANTLA$MASININ BIZE TANIDIGI HAKLARI KORUYUP PATRIKHANE NEZDINDE BIR YONETIM KURUMUNUN OLU$MASINI VE SIVILLERIN DE KATILIMIYLA ELIMIZDE
OLAN DEGERLERIN DEVAMINI SAGLAMAMIZ EN BIRINCI
GOREVIMIZ OLMALIDIR. BU FIRSATTAN ERMENI TOPLU-
MUNUN YARARLANIP, KENDI IC TUZUGUNU HAYATA GECIRMESINI DILIYORUM. BEDROS KADIYAN
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.