Etiketler

Պըրմըն Ատրպէյճանի Հետ ՆԱԹՕի Գործակցութիւնը Խզելու Կոչ Կ՛ընէ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիայէն դեմոկրատ քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմըն նամակով մը դիմած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, կոչ ընելով, որ ան դադրեցնէ Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը՝ ՆԱԹՕի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրին:

Իր նամակին մէջ Պըրմըն գրած է, թէ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարով հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած է ՆԱԹՕի կազմակերպած դասընթացքներու ընթացքին՝ ՆԱԹՕի անդամ բոլոր պետութիւնները եւ դաշինքը առհասարակ պէտք է իրենց յստակ բողոքն ու դատապարտումը արտայայտեն այս դէպքին առնչութեամբ: «Կարելի է առնուազն յանցագործը վերադարձնել Հունգարիա, ուր ան պէտք է կրէ իր ցմահ բանտարկութեան պատիժը: Բացի ատկէ, կոչ կ՛ընեմ, որ անմիջապէս դադրեցնէք Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական բոլոր աջակցութիւնները», ընդգծած է Պըրմըն:
Ան նաեւ գրած է, թէ ոճրագործին ներում շնորհելու Ալիեւի որոշումը հարուած մը հասցուցած է Կովկասի մէջ վստահութիւն հաստատելու փորձերուն եւ ցոյց կու տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր է միայն, երբ Ղարաբաղը ունենայ համապատասխան ապահովական երաշխիքներ՝ ատրպէյճանական հաւանական յարձակումներու պարագային:
http://asbarez.com/arm/142377/

1 yorum:

Dursun dedi ki...

Sireliner,Ameriga Miyatsyal Nakhanknerun inch vor iren hnaravor E ,ayt gineh.
Inchoo mish menk aytmesneroon havadoom yenk?
Bedk che mornank vor mer miag hooyseh miyayn noren mer mechn E.
Bedk E mishd zoravor linink.

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.