Etiketler

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՀԱՒՈՐ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 24. ՏԱՐԵԼԻՑԸ


7 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1988  Թուականի Ահաւոր Եկրաշարժին  Փլատակի Դարձաւ Հայաստանի Մէկ Մասը: 7 դեկտեմբեր  թուականը շատ մը հայերու համար կը մնայ սուգի օր է, որովհետեւ 1988 թուականի ահաւոր  երկրաշարժին 24-րդ տարելիցն է:

Այս ահաւոր երկրաշարժը Հայաստանի լայն տարածքը  ներառեալ Երեւանը եւ  Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաք Գիւմրին ու Վանաձորը վերածեց աղէտի գօտիի: Այս երկրաշարժին զոհուեցան աւելի քան 25-30 հազար անձեր, հարիւր հազարաւոր մարդիկ կորսնցուցին իրենց տուները, ընտանիքը , հարազատները ու սիրելիները:

Անօթեւան ժողովուրդի  մէկ մասը վերաբնակուեցաւ Հայաստանի զանազան քաղաքներու մէջ, ոմանք արտագաղթելով հաստատուեցան  արտերկիրներու մէջ, ոմանք  ալ դեռ կը սպասեն Հայաստանի մէջ իրենց բնակարանային խնդիրի լուծմանը: Իսկ այս ուղղութեամբ միայն վերջին տարիներուն է, որ լուրջ քայլեր առնուած եւ սկսած են իրականացուիլ 

«2008-ին Հայաստանի կառավարութիւնը աղէտի գօտիի մէջ անօթեւան բնակիչներու բնակարանային խնդիրի վերջնական լուծման ծրագիր մշակեց: Այդ ծրագրով 2008-2011-ին պետական պիւտճէէն յատկացուեցաւ 76 միլիառ դրամ, որով պէտք է բնակարաններ կառուցուէին անօթեւան շուրջ 4860 ընտանիքներու համար: 2009-էն սկսան մեծածաւալ շինարարական աշխատանքները

Երկու տարուան ընթացքին կատարուեցան 49,5 միլիառ դրամի ներդրումներ եւ բնակարաններ ստացան 1566 ընտանիքներ: 2011-ին պետական ներդրումները աղէտի գօտիի մէջ շարունակուեցան, իրականացուեցան եւս 26 միլիառ դրամի շինարարական աշխատանքներ եւ բնակարաններ ստացան եւս 3223 ընտանիքներ

2012-ին ծրագիրը կը նախատեսուի շարունակել եւ բնակարանով ապահովել 1720 ընտանիքի` վերջնականապէս լուծելով աղէտի գօտիի մէջ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան դարձածներու բնակարանային հարցը»,- կը գրէՆոյեմբեր 2011 թուակիր «Ազգ» օրաթերթը:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Sarkis Adam [sarkis_adam@yahoo.de]

1 yorum:

Dursun dedi ki...

Մէր ազքին անքամ մի եւս ցաւակցութիուն կը հաետնենք թող Տերը իր բրկութեունը եէւ բժջկուիըւնը մեզմե շի խնաեէ եւ բոլոր փործանքնէրէ քէչութիուննէրէ հէրու պահէ

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.