Ըստ Խորհրդային Միութեան պաշտօնական տուեալներուն՝ 32, իսկ ոչ-պաշտօնական տուեալներու համաձայն աւելի քան 100 հոգի Սովետական Միութեան ղեկավարներու անտարբեր կեցուածքին տակ սպաննուեցաւ:
1988-1990 թուականներուն, Ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ հայերու դէմ կիրարկուած զանգուածային կոտորածներուն իբրեւ արդիւնք, Ատրպէյճանի գրեթէ ամբողջ հայ ժողովուրդը, առնուազն կէս միլիոն մարդ պանդուխտ դարձաւ: Կոտորածը պատասխանն էր Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան խաղաղ ու արդար ցոյցերուն, որոնք պահանջած էին իրականցնել ինքնորոշման իրենց սահմանդրական իրաւունքը:
7 Յուլիս 1988 թուականին Եւրոպական Խորհրդարանը Սումկայթի մէջ հայերու նկատմամբ տեղի ունեցած զանգուածային սպաննութիւնները եւ Պաքուի բռնութիւններն ու ճնշումները <<Կոտորած>> անուանելով դատապարտեց ու Ատրպէյճանը որակեց հայերու բնակութեան համար վտանգաւոր երկիր: Այսօր այս վայրագութենէն ու ողբերգութենէն անցած են 25 տարիներ, սակայն անոնք հայ ժողովուրդի յիշողութեան ու պատմութեան մէջ պիտի մնան յարատեւ որպէս հայ ժողովուրդի ազատագրութեան արդար պայքար, քանի որ անոնք ծնունդ տուին Լեռնային Ղարաբաղեան շարժումին:
Բիւր յարգանք նահատակներու յիշատակին:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.