Etiketler

Ցոյց` Ընդդէմ Պոլսոյ Մէջ Հայ Կիներու Դէմ Կիրարկուած Բռնութիւններուն


ՀՅԴ ,Նիկոլ Աղբալեանե ուսանողական միութիւնը, Երիտասարդ դիւանագէտներու ակումբ երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Երիտասարդ Գետաշէն երիտասարդական բարեգործական հիմնադրամը ներկայացնող խումբ մը ցուցարարներ երէկ ցոյց կատարեցին դէպի Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակ` բաց նամակ յանձնելու Թուրքիոյ մէջ հակամարդասիրական բռնութիւններուն վերաբերեալ:

,Ցեղասպան Թուրքիան պէտք է պատժուիե, ,Ոչ մէկ զիջում Թուրքիոյե, ,Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութիւնե ցուցապաստառները պարզած գործիչները կը վանկարկէին. ,Ամօ՛թ միջազգային հանրութեան, ցեղասպան Թուրքիան պէտք է պատասխան տայե:
Բաց նամակին մէջ գրուած էր հետեւեալը. ,Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքի Սամաթիա թաղամասին մէջ հայազգի կիներու նկատմամբ կ՛իրականացուին շարունակական յարձակումներ եւ բռնութիւններ: Այս առնչութեամբ թրքական իշխանութիւններու թոյլտուութեան եւ կրաւորական կեցուածքը պարարտ հող ստեղծած են այդ երկրին մէջ ատելութեան, անհանդուրժողականութեան, հայութեան մէջ վախի մթնոլորտի ձեւաւորման համար:
,Անյապաղ կը պահանջենք Թուրքիոյ իշխանութիւններէն` ապահովել իրենց քաղաքացիներուն ապահովութիւնը եւ հետամուտ ըլլալ վերոնշեալ ոճիրներու բացայայտման եւ դատապարտման:
,Կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿ-ին, Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհուրդին եւ այլ միջազգային ու իրաւապաշտպան կառոյցներուն` անյապաղ արձագանգելու թրքական իշխանութիւններու անգործութեան եւ համապատասխան միջոցներ ձեռնարկելու այդ երկրին մէջ ազգայնամոլական հետապնդումներու կասեցման ու անմեղ մարդոց պաշտպանութեան համարե:

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.