Յիշատակելու համար այս կարեւոր յոբելեանը, Գանատայի հայ առեւտրական խորհուրդի Կամար ճարտարապետական-ճարտարագիտական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ ու մասնակցութեամբ
Մոնթրէալի
հայ
մշակութային
միութիւներուն,
ինչպէս
նաեւ
զօրակցութեամբ
Քեպէգի
Ճարտարապետներու
կարգին
(Ordre des architectes du Québec), Սէն-Լօրանի Musée des maîtres et artisans du
Québec թանգարանէն
ներս,
27 փետրուարէն
24 մարտ
2013
/2
տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս մը, իսկ պիտի կազմակերպուին նաեւ դասախօսութիւններ
Մոնթրէալի,
Թորոնթոյի
եւ
Օթթաուայի
քաղաքներու
հայ
համայնքային
կամ
մշակութային
կեդրոններուն
մէջ։
Պիտի ցուցադրուին հին ու նոր լուսանկարներ, քարտէսներ, գծագրութիւններ
եւ
բացատրութիւններ՝
երեք
լեզուներով,
Անիի
պատմութեան
ու
ճարտարապետութեան
վերաբերեալ։
Դասախօսելու
հրաւիրուած
է
Դոկտ.
փրոֆ.
Աշոտ
Գրիգորեան՝
տնօրէնը
Հայաստանի
Ճարտարապետական
ազգային
թանգարան-ինստիտուտին,
որ
մեծապէս
մասնակից
է
ցուցահանդէսի
պատրաստութեան։
Կը
ծրագրուին
հայկական
վարժարաններու
աշակերտներու
այցելութիւններ
ցուցահանդէսին։
Ահա ցուցահանդէս մը, որ պէտք չէ փախցնել։
Կազմակերպիչ մարմին՝
ԿԱՄԱՐ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու յանձնախումբ
Գանատայի հայ առեւտրական խորհուրդի
գործակցութեամբ հետեւեալ կազմակերպութիւններուն
Գանատայի ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ հայ կրթական եւ մշակութային միութեան
ՍԱՆԱՀԻՆ մասնաճիւղ
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
2013-02-06

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.