Etiketler

Ո՞ՒՐ Է ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ


Մամուլի մէջ  կարդացի որ Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր 41րդ նստաշրջանը գումարած է Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Ապրիլ 19-20ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ յարկին տակ:  Անմիջապէս հետաքրքրութիւնս գրաւեց հաղորդագրութեան հետ դրուած նկարը, զոր նոյնութեամբ կը վերարտադրեմ այստեղ, ընթերցողներուն ուշադրութիւնը անգամ մը եւս սեւեռելու համար այս կարեւոր իրողութեան վրայ:  

Ուշի ուշով դիտեցէ՛ք ժողովին մասնակիցները եւ պիտի նշմարէք՝ ժլատ չըլլալու համար պիտի ըսեմ՝ որ միջին տարիքը 50ը անց ազգային երեսփոխաններ են:  Այս երեսփոխանները վերջին տասնամեակներուն ընթացքին գրաւած են նոյն աթոռները, «հաւատարմութեամբ» կառչելով այդ քա՜ղցր աթոռներուն, որոնց վրայ «նշանակուած» «ապսպրուած», «հրահանգուած», «թելադրուած», «ընտրուած» են: Շահադիտական, շահամոլական եւ եսասիրական ի՞նչ նպատակներէ մղուած, այս երէց սերունդը առիթ չի տար երիտասարդներուն:
Չէ՞ որ երիտասարդութեան դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային-կրօնական կեանքին մէջ կենսական են ու մեր Եկեղեցւոյ ղեկավարները կը յորդորեն որ Հայց. Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս երիտասարդութեան մուտքը,  իր ամբողջական կարողականութեամբ, մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ որովհետեւ՝ կոչուած է ան իր վճռական դերակատարութիւնը ունենալու մեր  եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ:  Առանց երիտասարդութեան մասնակցութեան՝ չկայ վերանորոգում-բարեկարգում Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, եւ առանց անոնց՝ չկայ գիտակից պահանջատիրութիւնը մեզմէ յափշտակուած ինչքերուն եւ իրաւունքներուն:
Թէեւ վերջին տասնամեակին, ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս գործող կառոյցները յաճախ կը շեշտեն երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր կրօնա-ազգային եւ հասարակական կեանքէն ներս, սակայն եւ այնպէս այդ կոչերը ոչ մէկ ձեւով արդիւնաւորուած եւ պտղաբերուած են: Այլ խօսքով՝ անոնք մնացած են խօսքի սահմանին մէջ, որպէս շրթնային փառաբանութիւն (lip service), եւ այսօր մեր երիտասարդութիւնը կը մնայ մեր կրօնական-ազգային կեանքի լուսանցքին վրայ, անհոգ, անտարբեր եւ կրաւորական, որովհետեւ երէց սերունդը միշտ ալ անտեսած է մեր կրօնական-ազգային կեանքին մէջ երիտասարդութեան ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը:
Երիտասարդութիւնը այսօր՝ իր գիտութեամբ եւ մասնագիտութեամբ կը գերազանցէ երէց սերունդէն շատերը անկասկած, եւ իրաւունք ունի ընդվզելու եւ ըմբոստանալու երբ կ'անտեսուի, երբ լսող ականջներ չկան այլեւս իրենց առաջարկներուն: Այսօրուան գիտակից երիտասարդութիւնը կ'ակնկալէ եւ կը պահանջէ մասնակցողի դեր մեր կրօնական-ազգային ծառայութեան կեանքին  մէջ:  ժամանակն է որ իրենց աթոռներուն կառչած երէցներ, որոնք շատ յաճախ անարժանաբար նստած են այդ աթոռներուն վրայ, տեղ տան մեր երիտասարդութեան երբ ժամանակը ուշ չէ տակաւին, զանոնք ներգրաւելով մեր կրօնական, ազգային հասարակական կեանքէն ներս:
Ինչպէս մեր ազգային կեանքի մէջ գործող հաստատութիւնները պէտք ունին վերակենսունակութեան եւ վերարժեւորման, նոյնքան եւ առաւել եւս Հայց. Եկեղեցին կարիքը ունի բարենորոգութեան եւ վերակենսունակութեան:  Մեր եկեղեցիները պէտք չէ թանգարանային կառոյցներու վերածել եւ կամ զանոնք նկատել խորհրդակատարութեանց վայր, որովհետեւ այդ պարագային Եկեղեցին կը դառնայ շահութաբեր գործառնութեան աղբիւր եւ ո'չ թէ հոգեւոր սնունդի մատակարարութեան կեդրոն:
Այսօր նոյն բողոքը ունին մեր երիտասարդները երբ կը խօսին Հայց. Եկեղեցւոյ մասին եւ յաճախ կը հարցնեն թէ ու՞ր է Եկեղեցին այսօր իր գործունէութեամբ: Դժբախտաբար՝ Հայց. Եկեղեցին թերացած է իր ծառայական կերպին մէջ եւ ոչ մէկ ձեւով քայլ կը պահէ 21րդ դարու արդի պահանջներուն հետ:  Կարելի չէ գործել այն մտայնութեամբ որով մեր նախնիք կը գործէին: Անհրաժեշտօրէն հրամայական է որ Հայց. Եկեղեցին բարենորոգուի իր ամբողջ կառոյցով, առանց մերժելու հինէն ժառանգուած դարաւոր արժէքները:
Հայց. Եկեղեցին այսօր կը կանգնի լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ իր ներքին եւ արտաքին կեանքին եւ առաքելութեան մէջ: Եթէ Հայց. Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը լրջութեամբ չդիմագրաւէ այս մարտահրաւէրները, Եկեղեցւոյ բարենորոգութեան հարցին ձգձգումն ու անտեսումը կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ, որոնց նախանշանները կը տեսնենք այսօր, մեծաքանակ կարգազրկումներով, հակառակ Եկեղեցւոյ սահմանադրական բոլոր սկզբունքներուն:  Նմանօրինակ եւ այլ խախտումներ Եկեղեցին կը դնեն գահավիժումի լուրջ վտանգին առջեւ:
Ահաւասիկ այս բոլորը նկատի առած, կը շեշտենք անգամ մը եւս երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, իրենց նոր երազներով, թարմ յոյսերով եւ թարմ ստեղծագործ ոգիով: Անոնք պիտի բերեն վերակենսունակութիւն Եկեղեցւոյ ծառայական դաշտին եւ իրենց գործօն մասնակցութեամբ պիտի դիմագրաւեն նոր դարերու մարտահրաւէրները:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Ապրիլ 28, 2013.

1 yorum:

Dursun dedi ki...

Հայ եկեղեցւոյ ներկայիս ամենէն մեծ խնդիրներեն մէկն է այս վերի յատուածին մէջ յիշուածը։
Այօ ինչու արդիոք մեր Հայ երիտասարդուբիունը ընդհանուրարմամբ եկեցիներէն հեռու կը մնան։
Պատասխանը կարծենք թէ դիւրիւն է տալ եւ մենք հոս կրնանք ըսել զայն։
Երիտասարդները Հայ եկեղեցիներեն հեռու են որովհետեւ ինչ իրինց Հայերէնը եկեղեցիին պատարաքը հասկնալու բաւարար է ինչ ալ իրենք այլեւս հետաքրգիր են Հայ եկեղեցիով մանաւանդ Ամերիկա Միացեալ Նախանքներուն մէջ մասամբ Հայ երիտասարդութիւն կը նախնտրեն օտար Անգլիերէն խօսուող նօր Բողոքական եկեղեցիներ յաճախիլ որովհետեւ գոնէ Աստուծոյ խօսքը կրնան հասկնալ ։
Որքան որ ալ ցաւալի է ընդունիլ թէ մեր ազգը այլեւս մեր մայրենի լեզուն հետզհետէ խոսելէ զուրկ կը մնայ ահաւասիկ այս է մեր ամէնամեծ ազգային խնդիրներէն մէկը եւ ասոր համար է որ կառգ մը Հայկական եկեղեցիներ արդէն իսկ սկսած են իրենց գտնուած երկիրներուն լեզուով պատգամ տալ որ մեր ազգը կառենայ Աստուծոյ խոսքը հասկնալ ՝Սա մեծ դժբախտութիւն է բայց ճչմարտութիւնն ալ զայն է որ մենք ասիկայ գիտնալով կառենանք մեր ազգին այս մեծ կառիքին պատասխան տալ։

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.