Etiketler

ՏԵՍԱՆՔ ԼՍԵՑԻՆՔ « ՄԱՐՄԱՐԱ » Գ.

Ի՞ՆՉԵՐ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒՏԱՅ ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՀԵՏ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԷՆ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ
                                      Գ.
 Արամ Սրբազանի հետ հարցազրոյցի հաղորդավարը, իր իսկ ունեցած տուեալներուն վրայ հիմնուելով ըսեր է որ Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին ունէին 2170 գործօն եկեղեցի ու աւելի քան 2000 գործօն վարժարան։ Ասիկա մեծ թիւ մըն է, եւ սակայն անկասկած այդ շրջանի Կրօնական Առաջնորդներէն կամ Պատրիարքներէն ո՜չ մէկը կրնար ըսել որ այդքանը շատ էր մեր ժողովուրդին համար։ 

Մեր ժողովուրդը եթէ այդքան շատ կառուցեր էր, կը նշանակէ որ անոնց կարիքը ունէր։ Արամ Սրբազանի հետ կատարուած զրոյցին հաղորդավարը թէեւ ըսեր է որ Հայերը ունէին 2170 եկեղեցի ու աւելի քան 2000 դպրոց, սակայն չենք գիտեր թէ ըսե՞ր է նաեւ թէ ի՞նչ էր Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին բովանդակ Անատոլուի ու Պոլսոյ մէջ ապրող Հայերուն թիւը։ Քանի՞ միլիոն էր ճշգրիտ թուանշանով։ Եւ եթէ այսօր մօտաւորապէս գիտենք թէ քանի միլիոն Հայ կ՛ապրէր Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ, գիտենք նաեւ որ այդ եկեղեցիներն ու դպրոցները ժողովուրդին պէտք ունեցածէն աւելին չէին։ 1915-ին է որ յանկարծ այս պատկերը փոխուեցաւ։ Ամբողջ ժողովուրդ մը ստիպուեցաւ բաժնուիլ իր հայրենի հողերէն, իր ինչքերէն, իր դպրոցներէն ու եկեղեցիներէն, նոյնիսկ իր կեանքէն։ Ո՜չ մէկը սակայն իրեն հետ կրցաւ տանիլ եկեղեցի մը կամ վարժարան մը։ Մարդիկը գացին, շէնքերը մնացին։
Այսօր ի՞նչ մնացած է այդ հազարաւոր շէնքերէն։ Արամ Սրբազան հարցազրոյցի ընթացքին ըսեր է որ 1915էն վերջ այդ հազարաւոր եկեղեցիները առնուեցան Հայերու ձեռքէն, անոնց մէկ մասը մզկիթի վերածուեցաւ։ Այս առթիւ հետաքրքրական կարծիք մըն ալ յայտներ է Արամ Սրբազան։ Ըսեր է որ մասամբ մխիթարական է որ եկեղեցիները մզկիթի վերածուեցան, որովհետեւ գոնէ այդ կերպով անոնք շարունակեր են մնալ որպէս աղօթավայր, հոգ չէ թէ ուրիշ կրօնքի մը հաւատացեալներուն համար։ Մեր կարծիքով, ասիկա հետաքրքրական կարծիք մը ըլլալով հանդերձ վիճելի կողմ մըն ալ կրնայ ունենալ։ Ըսենք որ եկեղեցին եկեղեցի է, մզկիթն ալ՝ մզկիթ։ Երկուքն ալ յարգանք կրնան ունենալ իրարու նկատմամբ, բայց չեն կրնար իրարու տեղը բռնելքանի որ կը ծառայեն տարբեր կրօնքներու, այսինքն տարբեր սրբութիւններու։ Ի՞նչպէս կրնանք հաւանութիւն յայտնել, եթէ ենթադրենք որ մզկիթի վերածուած եկեղեցիներուն խորանները վար առնուեցան, որմնանկարները սրբուեցան, եւ դեռ չենք գիտեր ինչ։ Բայց անցնինք։ Արդէն չենք գիտեր թէ 1915-ին յաջորդող տարիներուն քանի՞ եկեղեցի մզկիթի վերածուեցաւ։ Հաւանաբար ասիկա այդքան ալ մեծ թիւ մը չէ։ Ատոր փոխարէն կային անշուշտ մեծ թիւով եկեղեցիներ ալ որոնք իրենց բախտին, կամ ժամանակի աւերումին լքուեցան։ Արամ Սրբազան ճիշդ դիտողութիւն մը ըրեր է այս նիւթի շուրջ։ Բայց, ըսեր է ան « աղօթավայրերու գերակշիռ մասը քարուքանդ եղաւ, հիմա այդ եկեղեցիները աւերակ դարձած են։ Անկարգապահ ձեռքեր եկեղեցիներու մէջ գանձ փնտռելու նպատակով քարուքանդ ըրին եկեղեցիները եւ զգետնեցին արուեստի այդ նմոյշները »։ Բոլորս ալ գիտենք որ աւելի քան ճիշդ են այս ըսուածները։ Այդ հազարաւոր եկեղեցիներէն քանի՞ն հիմա արդեօք գոյութիւն ունի գոնէ որպէս ուրիշ նպատակի, օրինակ, մշակոյթի ծառայող շէնք։ Քանի՞ն տակաւին բաներ մը կը պահեն իրենց աւերակ դարձած պատերով ու փուլ եկած գմբէթներով։ Բնաւ գաղափար չունինք։
Մօտաւորապէս հարիւր տարիներ անցան այն օրէն ասդին երբ այդ դպրոցներուն ու եկեղեցիներէն տէրերը հեռացան անոնցմէ։ Եւ հիմա բան մը փոխուած է։ Քաղաքներու վարիչներ, կուսակալ կամ քաղաքապետ կամ նահանգապետ, անդրադարձան որ աւերակեալ վիճակ ներկայացնող եկեղեցիները պատմական ու զբսաշրջական արժէք պիտի ներկայացնեն եթէ նորոգուին։ Դպրոց չէ մնացած, բայց եկեղեցի տակաւին մնացած է։ Սա պահուն կան քանի մը եկեղեցիներ ալ զանազան քաղաքներու մէջ, որոնք կը նորոգուին ու մասամբ կը փրկուին ամբողջովին անհետանալէ։ Արամ Սրբազանին նման մենք ալ կրնանք մասամբ « Մխիթարականՙ » նկատել նորոգութեան այս նոր հոսանքը, բայց միւս կողմէ պիտի ըսենք որ այդպիսի հին եկեղեցիներու վերականգնումը ու անոնց տարբեր նպատակներով գործածուիլը միշտ մեզի պիտի յիշեցնէ այն տխուր օրերը զորս մեր նախնիները ապրեցան ասկէ հարիւր տարի առաջ։ Վերանորոգուած այդ եկեղեցիները կարծես տխուր յուշարձան կը դառնան մեզի ու յաջորդ սերունդներուն համար։ Մանաւանդ որ, եթէ շէնքերը կրնան նորոգուիլ ու վերականգնիլ, ոչ մէկը կրնայ ետ բերել այն ժողովուրդը որ ատենօք տէրն էր այդ շէնքերուն։
Մեզի բան մը տուող չկայ անշուշտ, բայց պահ մը երեւակայենք կամ երազենք որ օր մը կը հասնին բարի ժամանակներ երբ երկու ժողովուրդները իրենց միջեւ կը յաջողին հաստատել առողջ ու սիրալիր նոր յարաբերութիւններ, կը յաջողին դարմանել հին ցաւերը, ու այդ բարենպաստ պայմաններուն մէջ Օսմանեան Կայսրութեան շրջանէն մնացած քանի մը եկեղեցիներ մեզի կը վերադարձուին որպէսզի զանոնք թանգարաններու նման պահենք որպէս մեր սեփականութիւնը։ Եթէ այսպիսի երջանիկ զարգացում մը արձանագրուէր, մենք պիտի ըսէի՞նք արդեօք որ այսքանը շատ է մեզի համար։ Անկասկած, գլխաւորութեամբ Արամ Սրբազանի մը, բոլորս ալ սիրով տէր կը կանգնէինք անոնց եւ ամէն միջոցի կը դիմէինք որպէսզի զանոնք վերականգնենք, ինչպէս ըրինք Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պարագային։
Բայց իրողութիւնն այն է որ այսօր ունինք միայն 45 եկեղեցի ու 16 վարժարան։ Ասկէ աւելին շա՞տ պիտի գար մեր ժողովուրդին։ Թերեւս պիտի գար, եւ ատիկա մեզի համար բեռ մը պիտի ըլլար հակառակ որ ըսուած է որ աւելի ապրանքը աչք չի հաներ։ Բայց խնդիրն այն է որ եթէ շէնքերը շատ գալ կը սկսին, կը նշանակէ որ ժողովուրդն է որ պակսիլ սկսած է։ Մեր ժողովուրդը միայն 1915-ի՞ն է որ ստիպուեցաւ հեռանալ այս հայրենիքէն։ Պահ մը յիշենք թէ 1915-էն վերջ ալ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանին, քանինե՛ր ու քանիներ թողուցին երկիրը ու մեկնեցան արտասահման, հարստացնելու համար այն ինչ որ Սփիւռք կը կոչուի։ Քսան դասակարգի զինուորակոչութիւնը, Ունեւորութեան Տուրքր, 6-7 Սեպտեմբերի թալանը, եւ դեռ նմանօրինակ անարդարութիւններու հետեւանքով քանիներ լքեցին ու գացին ընտանեօք, նկատելիօրէն աղքատացնելով մեր թիւը։ Բնաւ չենք գիտեր թէ այսօր Թրքահայ համայնքը, որուն համար 70 հազար կ՛ըսենք, քանիի՞ հասած կ՛ըլլար եթէ Հանրապետութեան մօտաւորապէս 90 տարիներու ընթացքին ո՜չ միայն այսքան շատ Հայ մարդիկ, մանաւանդ երիտասարդներ, ձգած գացած չըլլային, այլ նաեւ աւելի առաջ հեռացածներն ալ վերադարձած ըլլային։ Եւ ասկէ զատ, տակաւին մեր շարքերէն ներս տեղ մը գրաւէին այն անծանօթ թիւով քաղաքացիներըորոնց համար հիմա նորաձեւութիւն դարձած է գործածել « Թաքուն Հայեր»ՙ բացատրութիւնը։  Այն ատեն արդեօք այս եկեղեցիներն ու դպրոցները կը բաւէի՞ն մեզի։
Այս բոլորը բան չեն փոխեր այսօրուան իրականութեան մէջ։ Մենք հիմա երջանիկ ենք մեր ունեցածներով։ Բայց ունինք նաեւ որոշ մտահոգութիւններ։ Ի՞նչպէս կասեցնել մեր թիւին նուազիլը։ Ի՞նչ ընել որպէսզի այս 70 հազարն ալ վաղը յիսուն հազարի, միւս օր քառասուն հազարի չիջնէ։ Ի՞նչ ընել որպէսզի այսօր իրարու միացուած դպրոցները վաղը դարձեալ աւելի գալ չսկսին մեզի։
Մենք որ այնքան վարպետ ենք շէնք շինելու մէջ, պիտի կարենա՞նք նոյն վարպետութիւնը ցոյց տալ մարդ շինելու գործին մէջ։
Ռ. Հ.

1 yorum:

Adsız dedi ki...

Shad hedakrkaragan verludzum mın e vor Aram Srpazan ırer e.Anhavadali pan,inchbes yegegetsi me mzgiti mı hed havasarutyun grna unenal.Ov zarmank manavant arkyebisgobosi mı hamar..

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.