ՈՒ
ԱՆՈՒՆՈՎ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ
ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԻՆ
ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ Ծանօթացանք Ֆրանսայի
Հայ Առաքելական
Սուրբ Եկեղեցւոյ
խումբ մը
խիստ մտահոգ
հաւատացեալներու կողմէ
պատրաստուած Հաւաքական
Նամակի բովանդա-կութեան հետ,
որ հրատարակուած
էր «Նոր
Յառաջ» երկօրեայ
թերթին մէջ,
(Շաբաթ, Յուլիս
27, 2013 - թիւ 536): Հաւաքական սոյն
նամակը տրամադրելի
դարձած է
նաեւ հա-մացանցային տարբերակով:
http://groups.yahoo.com/group/hyetert_ziyaretci/message/128
Առ այս մեր դիտողութիւնները.
- Նախ պէտք է բարձր գնահատել քաղաքացիական քաջութիւն ցուցաբերող
ֆրան-սահայ այս խումբ մը հաւատացեալներու նախաձեռնութիւնը: Ան երանի թէ ունե¬նար զանգաուածային բնոյթ եւ վերածուէր նոյնիսկ բողոքի համազգային շարժումի մը` իր մէջ ներգրավելով ոչ միայն Սփիւռքը, այլ ի մասնաւորի նաեւ Հայաստանի բնակչութեան լայն շրջանակները:
- Նախ պէտք է բարձր գնահատել քաղաքացիական քաջութիւն ցուցաբերող
ֆրան-սահայ այս խումբ մը հաւատացեալներու նախաձեռնութիւնը: Ան երանի թէ ունե¬նար զանգաուածային բնոյթ եւ վերածուէր նոյնիսկ բողոքի համազգային շարժումի մը` իր մէջ ներգրավելով ոչ միայն Սփիւռքը, այլ ի մասնաւորի նաեւ Հայաստանի բնակչութեան լայն շրջանակները:
- Վերոյիշեալ
հաւաքական նամակը
խմբագրող եւ
ստորագրող ազնիւ
մար¬դիկ
իրենց վերջին
յոյսը դրած
են Էջմիածնի
Գերագոյն Հոգեւոր
Խորհուրդին վրայ
անվերա-պահօրէն
հա¬ւատալով,
որ ան
“անաչառութեամբ կը
քննէ կա¬ցութիւնը եւ
Թեմի պա¬տասխանատուներուն հետ
միասնաբար կը
գտնէ յար¬մարագոյն ձեւերը,
որ¬պէսզի
իրաւունք, արդարութիւն,
ճշմարտութիւն եւ
հե¬ղինակութիւններ վե¬րականգնին”: Ի~նչ գեղեցիկ
խօսքեր` իրական
ըլլալու համար:
Կործանարար միամտութիւն,
չսելու համար
ուղղակի ծանծաղամտու¬թիւն մըն
է կարծել,
որ Էջմիածնի
Գերագոյն Հոգեւոր
Խորհուրդը կրնայ
հայ եկեղեցիին
մէջ տիրող
այսօրուան հոգեւոր
սնան¬կութեան
եւ բարո¬յական ճգնա¬ժամին բերել
դարման մը:
- Արդեօ՞ք
գիտեն մեր
հաւատացեալ ու
միամիտ ֆրանսահայ
քոյրերն ու
եղբայրնե-րը,
որ Էջմիածնի
Գերագոյն Հո¬գեւոր Խորհուրդի
անդամները ընտրուած
են ոչ
թէ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովէն,
այլ ապօրինաբար
նշանակուած են
կաթողիկո¬սին
կողմէ:
- Գարեգին
Բ. Էջմիածնի
Գերագոյն Հո¬գեւոր Խորհուրդի
կազմը լեցուցած
է իր
հա-մախոհներով,
իր ափէն
լափող փառամոլ
եպիսկոպոսներու վոհմակով,
որոնց ճըն¬շող մեծա¬մասնութիւնը իրեն
պէս եւ
իրմէ ալ
յոռի ԿԳԲ-ի գործակալներ
են` ազնիւ
մարդոց բարի
զգացումները խեղադիւրելու
եւ այլան¬դակելու հմտութիւնը
ունեցող վարպե¬տորդիներ: Ա´յս է
իրենց բուն
առաքելու¬թիւնը`
եկեղեցին ծառայեցնել
մութ ուժերու
տրամադրութիւններուն եւ
շա¬հերուն:
- Գարեգին
Բ., հոգեւոր
տարազի տակ
ծպտուած, կարկառուն
մէկ ներկայացուցիչն է
Հայաստանի յանցագործ
(մաֆիոզ) շրջանակներու:
Իր բիրտ
եւ անիրաւ
գործե¬լաոճը
ձախորդ աճպարա¬րութիւն մըն
է ծածկելու
համար իր
անտանելի գռեհկու¬թիւնը, որ
հանրութեան ակներեւ
դարձաւ Իլիա
Բ. Վրաստանի
Կաթողիկո¬սին
հետ իր
ուեցած հանդի¬պումին առթիւ:
- Գարեգին
Բ.ի
Նորվան Սրբազանին
ուղղած` “Այո,
դու Մայր
Աթոռի հետ
գործ չու¬նես այլեւս”
արտայայտութիւնը ուղղակի
կարգալուծման սպառնալիք
է: Պէտք
է յիշեցնել,
որ Գարեգին
Բ. “կարգալոյծ”
հռչակած է,
մեր ճշգրիտ
հաշուարկով, 165 եկեղեցանաններ, բարձրաստիճան
եպիսկոպոս¬ներ,
վարդապտներ, աբեղա¬ներ, քահանայ
հայրեր եւ
սարկաւագներ: Ասոնցմէ
ո´չ
մէկուն պարագան
ունեցած է
“կար-գալուծուման”
վճիռն արդարացնող
կրօնական ծանրակշիռ
պատճառ: Գա¬րեգին Բ.
այս հոգեւոր
սպանդը իրականացուցած է
միանգամայն առանձին,
անիրաւ եւ
իր քմահաճ
“հայրապետական տնօրինում”
կոչուած որոշումով:
Ընդհա¬կառակը,
այն անփառու¬նակ քահանան,
Նիսի նախկին
հոգեւոր հովիւ`
Տ. Վաչէ
Հայրապետ¬եանը,
որ ստոյգ
պէտք է
“կարգալոյծ” ըլլար,
Նորվան Սրբազանի
հրա¬ժարական
նամակին մէջ
նշուած վկայութեան
համաձայն, Գարեգին
Բ. անոր
սքեմը անամօթաբար
համարած է
իր անձին
պատիւը:
- Իւրաքանչիւր
հաստատութիւն, ցանկացած
ընկերութիւն կամ
կազմակերպութիւն, նոյնիսկ
պետութիւններ` ունին
համակարգ ընտրելու
կամ նշանակու
համար իրենց
պատասխանատու նախա¬գահը, առաջնորդը,
ղեկավարը կամ
տնօրէնը: Ձա¬խոր-դութեան,
չարաշահումի կամ
վստահուած պաշտօնը
չ’արդարացնելու
պա-րագաներուն
նոյն այդ
կազմակերպութիւնները միաժամանակ
ստեղծած են
նաեւ համակարգ
մը զրկելու
համար իրենց
նախա¬գահը,
առաջնորդը, ղեկավարը
կամ տնօրէնը
համապատաս¬խան
պաշտօնէն: Եզր
կաթողիկոսէն եւ
Յովհաննէս Ը.
Կար-բեցիէն
ետք, Գարեգին
Բ. եղաւ
ամենաանժողովրդական, չսիրուած
եւ, հակա¬ռակ իր
շինարարական մեծա¬միտ ճիգերուն,
եկեղեցաքանդ կաթողիկոսը:
- Գարեգին
Բ. “ընտրուած”,
ներեցէք, ամերիկահայ
իր հարճէն
առատօրէն շռայլուած
ընտրակաշառքներով գնուած
է Ազգային-Եկե¬ղեցական
ժողովէն: Այսպէս
կոչուած կաթողիկոսական իր
“ընտրութիւնը” իրականացած
է Ազգային
Ժողովին մէջ
պե-տական
այրերու անարգ
ոճիրին, անոնց
թափած արեան
անէծքին վրայ:
Գարեգին Բ.ի կաթողիկոսանալը սկիզբէն
արդէն պիղծ
եւ անիծեալ
եղելութիւն մըն
էր:
- Հայց.
Առաք. Ս.
Եկեղեցւոյ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը,
որ բացարձակ
իրա-ւասութիւնը
ունի ընտ¬րելու կաթողիկոս
մը, ունի
նաեւ գերագոյն
հեղինակութիւնը զայն
գահընկեց ընե¬լու:
- Կաթողիկոսի
ծանր մեղանչումներու, յանցագործութիւններու եւ
Հայաստանեայց Առաքելական
Եկեղեցիին սրբազան
առաքելութիւնը վտանգելու
առթիւ, ոեւէ
հեղի-նակաւոր
եպիսկոպոս մը
կամ նոյնիսկ
պատկառելի աշխարհական
մը, այսպիսի
անհրաժեշտութեան մը
պարագային, իրաւասու
է հրաւիրելու
Ազգային-Եկեղեցա¬կան ժողովը,
որ կը
կազմէ Հայ
Եկեղեցւոյ բացարձակ
կրօնական եւ
իրաւական հեղինակութիւնը: Հայ
եկեղեցւոյ պատմութիւնը
այս մասին
արձանագրած է
անարարկելի քանի
մը իրաւական
նախադէպեր (jurisprudences):
- Սակայն
Ազգային-Եկեղեցական
Ժողովը, բառին
բուն իմաստով,
պէտք է
ըլլայ ա-զատ, անաչառ,
եւ զերծ
ամէն տեսակ
խեղաթիւրող ազդեցութիւններէ: Պետութիւնը
պէտք չէ
ճնշէ անոր,
պէտք չէ
պարտադրէ իր
թեկնածուն, ինչպէս
պատահեցաւ նա-խորդ երկու
ժողովներուն առթիւ,
այլ յարգէ
պատգամաւոր¬ներու
ազգային-եկեկե-ցական եւ
հոգեւոր առաքելութիւնը: Այս
պարագային միայն
կ’ապահովուի
Ազգա¬յին-Եկեղեցական Ժողովի
“սրբագումար” ըլլալու
հանգամանքը, այլապէս
ան կը
ծնանի վիժուածք
մը, ինչպէս
պատահեցաւ վերջինիս
փաստով:
- Այսօր,
աւելի քան
երբեք, շատերու
հայեացքը սեւեռած
է Արամ
Ա. Մեծի
Տանն Կիլիկիոյ
Կա¬թողիկոսի
յուսալի հեղինակութեան վրայ:
Ատենին, երբ
Սահակ Բ.
Խապայեան տարագիր
դարձած էր
Սիսի իր
պատմական Աթոռէն,
Գէորգ Ե.
Սու-րէնեան
չէր զլացած
իր օրհնութիւնը
շնորհելու անոր,
որպէսզի Մեծի
Տանն Կի¬լիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գոյատեւէ
Լիբանանի Անթիլիաս
աւանին մէջ,
նաեւ ապագայի
հեռանկարով` Մայր
Աթոռ Ս.
Էջմիածնի Ընդհանրական
Հայրապետու¬թեան
ապահովութեան համար:
- Հիմա
ժամանակն է,
որ անպայման
սահմանափակուի Գարեգին
Բ.ի
սնաձարձակ հեղինակութիւնը եւ,
ի հարկին,
ապահովուի անոր
գահընկէցութիւնը, կանխար¬գիլելու համար
Հայ Եկեղեց¬ւոյ դարաւոր
կալուածէն ներս
իրականացող հոգեւոր-բարոյական աւերը:
- Առկից
ձեր ուշադրութեան
կը յանձնենք
արածարծուած նիւթին
հետ առնչութիւն
ունեցող նամակները:
Գանատայի Հայ Առաք.
Ս. Եկեղեցւոյ
խումբ մը
հաւատացեալներ
Գանատա, 29, 07.
2013
Norvan
Srpazan Zakarian (CONT'D)
Gönderen: Nurhan
Becidyan / anbecid@sprynet.com
1 yorum:
Ճշմարտութիունը շատ յայտնի կերպով ուղղակի ըսուեր է։
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.