06-07-2013 23:37:02
| Ֆրանսիա | Հասարակություն. Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւը,
որ Ամենայն Հայոց
Կաթողիկոսի պաշտպանեալը հանդիսացած էր Նիսի
նախկին ծխական խորհուրդի հետ
հնգամեայ բախումներու ընթացքին, այսօր պատճառ
կը դառնայ թեմակալ
առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի
հրաժարականին հետեւեալ պաշտօններէն՝ Ֆրանսայի
թեմի առաջնորդութենէն, Արեւմտեան
Եւրոպայի կաթողիկոսական պատուիրակութենէն եւ Հայ
Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Խորհուրդի
անդամութենէն։ Հրաժարականը ի զօրու
կը դառնայ 2013 Նոյեմբեր
1 թուականէն սկսեալ։
Կիրակի՝
Յունիս 30ին, Ժընեւ
այցելութենէն վերադարձին, Փարիզի օդակայանի VIP սրահին
մէկ անկիւնը ուր
կը գտնուէին նաեւ
Հայաստանի ղեկավար դասու կարգ
մը ներկայացուցիչներ, Ամենայն
Հայոց Կաթողիկոսը յանդիմանած է
Նորվան Արք. Զաքարեանը՝ Սթրազպուրկի
հոգեւոր հովիւ Վաչէ Քհնյ.
Հայրապետեանին աշխատանքային պայմանագիր մը կնքելու
մէջ թերանալու մեղադրանքով։
Եւ նոյնիսկ սպառնացած
է զինք փիլոնազուրկ
ընել։
Տէր Վաչէն, ինչպէս գիտենք,
դատական հետապնդումի տակ է։
Ողջմտութիւնը կը թելադրէր
որ ան պաշտօնի
գլուխ չգտնուի մինչեւ որ
անպարտ արձակուի կամ դատական
գործերը վերջ գտնեն։
Աւելին՝
ըստ թեմական կանոնագրութեան,
աշխատանքային պայմանագրի կնքումը թեմական
կամ ծխական խորհուրդներուն
գործն է եւ
ոչ՝ եկեղեցական իշխանութեան։
Եթէ որեւէ յանդիմանութիւն
կամ խօսք կայ
ըսելիք, պէտք է բնականաբար
յղուի Թեմի աշխարհական վարչութեան։
Այս վերջինիս կ՚իյնայ
նաեւ իր իրաւասութեան
սահմանները ճշդել այս խնդրին
կապակցութամբ։
Անպատճառ,
Նիսի հոգեւոր հովիւին
վերաբերեալ այս վերջին
դրուագը՝ յորդեցուցած է Նորվան
Սրբազանին հանդուրժողութեան բաժակը։ Ան սիրուած
ու յարգուած անձնաւորութիւն
մըն է։ Ճանչցուած
է իբր հեզահամբոյր
եւ եկեղեցական բարձր
գիտակցութեան տէր սպասաւոր
մը, զօրաւոր պաշտպան
մը Էջմիածնի Աթոռին,
ինչպէս նաեւ՝ Ամենայն Հայոց
կաթողիկոսի որոշումներուն։ Ներկայ հանգրուանին ո՞ր
եկեղեցականը կրնայ զինք փոխարինել։
Ճիշդ անձն էր,
ճիշդ պահուն, ճիշդ
դիրքին վրայ։
Սրբազանին
հրաժարականին լուրը զարմանալիօրէն շատերը
արթնցուց իրենց թմբիրէն։ Տագնապներ
կան, որոնք նոր
ժամանակաշրջան, նոր յարաբերութիւններ
կ՚աւետեն։ Այս մէկը
յղի կ՚երեւի էական
փոխակերպումներու կարողականութեամբ, Մայր Աթոռ Ս.
Էջմիածին եւ Ֆրանսայի
թեմի միջեւ առողջ
յարաբերութիւններ հաստատելու առումով։ Առիթը
պէտք չէ փախցնել։
***
ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ
ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ
Տէր Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեան,
երկու տարիէ ի վեր
ոստիկանութեան կողմէ իր դէմ
եղած ծանր ամբաստանութիւններու
համար դատական հետապնդումի ենթարկուած
էր։ Առաջին դատավճիռը
զինք անպարտ հռչակած
էր, սակայն անցեալ
տարի դատախազութիւնը Վերաքննիչ
դատարանին դիմեց, որուն դատավճիռը
երկու օր առաջ՝
Երեքշաբթի Յուլիս 2ին արձակուեցաւ:
Թէեւ տակաւին գրաւոր
կերպով չէ հրապարակուած,
սակայն ըստ լաւատեղեակ
աղբիւրի մը՝ Տէր
Վաչէն դատապարտուած է երկու
տարուան պայմանական ազատազրկման՝ անձ
մը ծեծած ըլլալու
յանցանքով։ Պէտք է կրէ
ելեկտրոնային ապարանջան մը։ Եւ
այս ժամանակաշրջանին արգիլուած
է իրեն Նիսի
եւ Փրովանս Գոթ
տ՚Ազիւրի շրջանը մուտք գործել։
ՆՅ
Նոյյան
տապան - Հասարակություն
Լուրեր
Հայաստանից եւ Սփյուռքից
- See more at:
http://www.nt.am/am/news/183601/#sthash.C8oypSa5.dpuf
Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.