Ժողովականները Առաջարկներ եւ
Պահանջներ Ներկայացուցին 2015ի
Հարիւրամեակի Սեմին Վրայ.
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
Օրաթերթ
Հրանդ Գասպարեան կը
տեղեկացնէ.
Հրանդ Տինքի ոգեկոչման
նախաձեռնութիւններու շարքին 18 Յունուար
Շաբաթ օր Անգարայի
մէջ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչման
ֆորում մը:
«Անգարայի
Մտքի Ազատութեան Նախաձեռնութիւն»
եւ «Արեւմտահայոց Ազգային
Համագումար»ի համատեղ
նախաձեռնութեամբ իրականացած ֆորումին
վերնագիրն էր՝ «2015-ի
հեռանկարով՝ Հրանդ Տինքի
սպաննութիւնը»:
Ֆորումին մասնակցեցան «Արեւմտահայոց
Ազգային Համագումար»ի
անունով Հայաստանի Հանրապետութեան
Ազգային Ժողովի երեսփոխան
Արագած Ախոյեան, «Արեւմտահայոց
Ազգային Համագումար»ի
ներկայացուցիչ Սեւակ Արծրունի,
Ամերիկահայ հանրային գործիչ
Ճորճ Աղճայեան, Խաղաղութիւն
եւ Ժողովրդավարութիւն (Պէ
Տէ Փէ) կուսակցութեան
փոխհամանագախ եւ Վան
քաղաքէն երեսփոխան պատգամաւոր
Նազմի Կիւր, Պէ
Տէ Փէ կուսակցութեան
արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի
անդամ Սէլահատտին էսմէր,
Փրօֆ. Տքթ. Պասքըն
Օրան, Փրօֆ. Տքթ.
Ճէնկիզ Աքթար, Տքթ.
Իսմայիլ Պէշիքչի, «Ակօս»
շաբաթաթերթի գրող Զաքարիա
Միլտանօղլու, իրաւաբան Էրտալ
Տողան, իրաւաբան Էրէն
Քէսքին, Ասորի համայնքէն
փաստաբան Էրքան Մէթին,
Տոչ. Ֆիքրէթ Պաշքայա,
Թէմէլ Տէմիրէր, Սայիթ
Չէթինօղլու, Իւմիթ Քուրդ
եւ այլ հայ,
ասորի, ալեւի, թուրք
եւ քիւրտ մտաւորականներ:
Կատարուեցան զանազան ճառախօսութիւններ
ու մասնակից ժողովականները
առաջարկեցին իրենց տեսակէտները
ժողովի մայր թէմայի
առընչութեամբ:
Ֆորումի աւարտին, «Անգարայի
Մտքի Ազատութեան Նախաձեռնութեան»
խօսնակ՝ Սայիթ Չէթինօղլուն
կարդաց ստորեւ նշուած
հուսկ բանք յայտարարութիւնը,
որ կը ներկայացնէ
«Անգարայի Մտքի Ազատութեան
Նախաձեռնութեան» ֆորումի եզրակացութիւնը:
ՖՈՐՈՒՄԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ
հրապարակուեցան բազմաթիւ առաջարկներ,
որոնք կը միտին
1915-ի ճանաչման, վնասներու
հատուցման եւ Թուրքիոյ
հասարակութիւնը այս ամօթէն
փրկելու:
Հոն սապէս ըսուած
է.
1915-ի
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին,
ցեղասպանութիւնէն տուժած ժողովուրդները
ինքնին պիտի որոշէ,
թէ ցեղասպանութեան յանցագործներէն
ի՞նչ ձեւով ինչե՞ր
պիտի պահանջուին:
Մեր պարտքն է
անվերապահօրէն այս պահանջատիրութեան
նեցուկ կանգնիլ:
Ստորեւ նշուած առաջարկները,
խորհրդանշական եւ սկզբունքային
նուազագոյն «ժեսթ»երուն
յանձնարարութիւններ են, որոնք
Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն առաջ
Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութիւնէն
տուժածներու ի նպաստ
պէտք է գործադրուին:
1. Ճանաչում, ներողութիւն
եւ հատուցում:
20-րդ
դարու առաջին ցեղասպանութեան
ճանաչման գործընթացի առաջին
քայլը պէտք է
ըլլայ անկեղծ ներողութիւն
խնդրել եւ դատապարտել
ոճիրին պատասխանատուները՝ յականէ
անուանէ:
Պէտք է Օսմանեան
քրիստոնեայ ժողովուրդներու յիշողութիւնը
վերայանգնել, օրինակ, Էլմատաղ
թաղամասը պէտք է
վերանուանել Կոմիտաս, ուր
բնակած է վարդապետը:
Այժմու Թուրքիոյ մէջ
կան խորհրդանշական շինութիւններ
որոնք բռնագրաւուած են
Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ
քաղաքացիներէն: Առ այդ,
օրինակ, Ցեղասպանութեան ճանաչման
խորհրդանշական առաջին քայլերու
շարքին, Չանքայայի մէջ
իբրեւ նախագահական ապարանք
օգտագործուող Քասաբեան ընտանիքի
տունը պէտք է
վերադարձուի Քասաբեաններու այսօրուան
ժառանգորդներուն: Տրապիզոնի «Աթաթուրքի
Տունը» ետ պէտք
է յանձնուի իր
սեփականատէրին՝ Քապայեաննիս ընտանիքին
այսօրուայ ժառանգորդներուն:
2.
Վերջ տալ Ցեղասպանութեան
ժխտման գործողութիւններուն:
Յետս կոչել եւ
չեղեալ յայտարարել Վարչապետութեան
տրամադրութեան տակ գործող
«Անհիմն ցեղասպանութիւններու պնդումներու
դէմ պայքարելու յանձնախումբ»ը:
Յայտարարել Ցեղասպանութեան ժխտման
նպատակաւ բոլոր գործունէութեանց
վերջ տալու որոշումը,
ջնջել Ցեղասպանութեան ժխտման
գործողութիւններուն համար 2014 թուականի
Վարչապետական գանձարանէն տրամադրուելիք
գումարին վերաբերեալ պարբերութիւնը:
3.
Անձնագիր եւ քաղաքացիութիւն
Բացայայտել եւ թափանցիկ
դարձնել Օսմանեան անձնագրային
արխիւները, վերջ տալ
քաղաքացիական իրաւունքի խախտումներուն
եւ ոչ-իսլամներու
արտաքսումներուն, հայրենազրկուած քրիստոնեայ
ժողովուրդներուն ետ յանձնել
քաղաքացիական իրաւունքը, ցանկացողներուն
տալ անձնագիր:
4.
Վերադարձ եւ վերաբնակեցում
Իրենց պատմական հայրենիքին
մէջ, պատմական հող
ու ջուրի վրայ
վերապրելու եւ բնակելու
ցանկութիւն ունեցողներուն արտօնել
վերադառնալ, խրախուսել եւ
անոնց համար ստեղծել
վերապրելու պայմաններ:
5.
Հասանելի ընել կալուածագրերու
արխիւը եւ վերջ
տալ գործող սահմանափակումներուն:
Յետս կոչել եւ
չեղեալ յայտարարել Վարչապետութեան
այն շրջաբերականները, որոնք
անձնագրի արխիւներուն հասնիլը
կ'արգիլեն: Այս
առթիւ չեղեալ յայտարարել
նաեւ Ազգային անվտանգութեան
խորհուրդի որոշումը: Հետազօտութիւններու համար բացայայտել
Կալուածագրերու եւ Քաթասդրի
(tapu-kadastro) տնօրէնութեան կողմէ թուայնացուած
Օսմանեան կալուածագրերու արխիւը,
որ այժմ թաքուն
է:
6.
Հասանելի դարձնել Օսմանեան արխիւները,
ներառեալ՝ Զինուած
Ուժերու արխիւը:
Բոլորի համար հասանելի
եւ թափանցիկ դարձնել
եւ բացայայտել Օսմանեան
բոլոր արխիւները, ներառեալ՝
զինուած ուժերու տրամադրութեան
տակ գտնուող արխիւը:
Հետազօտութիւններու առումով վերջ
տալ սահմանափակումներուն, արխիւները
հրատարակել նաեւ թուայնացուած
ձեւով:
7.
Լքեալ գոյքի արձանագրութիւններու բացայայտում:
Լքեալ գոյքի բռնագրաւումի
եւ վերայատկացումի 35 տարածքային
յանձնախումբերուն կողմէ պահուած
մատեանները թուայնացուած ձեւով
հրատարակել, զոհերու ժառանգորդներուն
եւ հետազօտիչներուն ներկայացնել:
Բացայայտել նաեւ Օսմանեան
քրիստոնեայ ժողովուրդներու գոյքերուն
բաշխումի վերաբերեալ Լքեալ
գոյքի յանձնախումբներուն որոշումները:
Հանրային հաստատութիւններուն կամ
անհատներուն յանձնուած հայկական
գոյքերուն ցանկը պատրաստել:
Սոյն գոյքերը սեփականատէրերու
ժառանգորդներուն վերադարձնել կամ
հատուցել:
Ոչնչացուած կամ ժամանակի
ընթացքին պաշտպանութեան բացակայութեան
պատճառաւ ոչնչացման ենթարկուած
գոյքերուն, քրիստոնեայ ժողովուրդներու
պատմամշակութային արժէքներուն ցանկը
պատրաստել եւ հատուցանել:
Իրականացնել դրամատուներուն մէջ
պահպանուող եւ յետոյ
կողոպտուած՝ քրիստոնեայ ժողովուրդներու
դրամներուն, ոսկիներուն, թանկարժէք
այլ թուղթերուն եւ
իրերուն բացայայտումը եւ
հատուցումը:
Բոլոր այս արձանագրութիւնները հրապարակել թուայնացուած
ձեւով:
8.
Քաղաքական եւ առեւտրային
հաստատութիւններուն տրամադրութեան յանձնուած
գոյքեր:
Քաղաքական գործունէութեան համար
որոշ կառոյցներու եւ
հաստատութիւններու եւ որոշ
պատգամաւորներու, լրագրողներու եւ
մասնաւոր ընկերութիւններու զարգացման
համար անոնց եւ
դրամատուներուն տրամադրութեան յանձնուած
գոյքերուն ցանկը պատրաստել:
Ետ առնել նշուած
գոյքերը եւ կամ
հատուցանել:
9.
Տակաւին պետութեան տրամադրութեան
տակ գտնուող գույքեր:
Ելեւմտական Նախարարութեան, Հիմնարկութիւններու (Վաքըֆներու) Ընդհանուր
Տնօրէնութեան եւ քաղաքապետարաններու նման պետական
մարմիններու տրամադրութեան յանձնուած
գոյքերուն ցանկը պատրաստել
եւ զանոնք վերադարձնել
սեփականատէրերու ժառանգորդներուն:
10.
Ձեռք դրուած կանայք
եւ որբեր:
Պէտք է ժամ
առաջ կազմակերպել առեւանգուած
կամ այլ եղանակներով
ձեռք դրուած կամ
պետութեան կողմէ այլ ընտանիքներուն
բաշխուած կանանց եւ
որբերու ցուցակներու բացայայտումը:
Այս առթիւ բացայայտել
Վարչապետութեան կից Օսմանեան
արխիւներուն մէջ գտնուող
11 Օգոստոս 1915 թուակիր եւ
թիւ՝ «DH.ŞFR., nr. 54-A/382» Ներքին
Գործերու Նախարարութեան հեռագիրը,
որ ուղարկուած է
մարզերուն (վիլայեթներուն): Հեռագրով
կը յայտնուէր. «Կրօնափոխ
եղած, ամուսնացած եւ
վստահելի անձանց մօտ
յանձնուած երախաներուն ունեցուածքը
(գոյքերը) կը պահպանուին,
իսկ անոնց, որոնց
ծնողքը (ժառանգը յանձնողները)
մեռած են, բաժին
մը կը տրուի»:
Բացայայտել սոյն հեռագրի
պատճառով ձեռք դրուած
որբերու ունեցուածքը յափշտակող
ընտանիքները եւ պատրաստել
կողոպտուած գոյքերու ցանկը:
11.
Հաւաքական պատասխանատուութիւն:
Ներողութիւն խնդրելը, ցեղասպանութեան
յանցանքի ընդունումը ամօթէն
փրկուելու եւ վերանորոգուելու
ամէնակարեւոր հանգրուաններն են.
ուրեմն,
պէտք է ընդունիլ
հաւաքական պատասխանատուութիւն:
12. Բոլոր տուժածները:
Սոյն սպասում եւ
պահանջները կը ներառնէ
նաեւ հայրենազրկուած Ասորիներուն,
Պոնտոսի Յոյներուն, Հէլէններուն
համար:
Պասքըն Օրան եւ
որոշ մի քանի
ժողովականներ, եզրափակիչ յայտարարութեան
առընչութեամբ յայտնեցին իրենց
միտքը եւ յանձնարարեցին,
որ ցեղասպանութեան արտայայտութեան
անմիջապէս գովը գծիկ
մը քաշելով պէտք
է աւելցուի նաեւ
«կոտորած» բառը, բոլոր
անոնց համար, որոնք
1915-ի իրականութիւնը չեն
ճանչնար իբրեւ ցեղասպանութիւն:
Ժողովակալներու յանձնարարութեամբ, եզրափակիչ
յայտարարութեան աւելցուեցաւ 12-րդ
կէտը, որուն մէջ,
1915-ի Ցեղասպանութեան հիմնական
թիրախը հանդիսացող Արեւմտահայութեան
հետ կը նշուի
նաեւ տուժած Ասորի,
Պոնտոսի Յոյն եւ
Հէլէն ժողովուրդներու պահանջատիրութիւնը:
Hrant
Kasparyan [hrantkasparyan@gmail.com]
Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.