ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ
ԶԱՀՐԱՏ`Ի ՄԱՀՈՒԱՆ 7.րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ: Պոլսոհայ գրականութեան
վերջին 50 տարիներու
գագաթնային դէմքերէն, մեծանուն բանաստեղծ , Զահրատ-ԶարեհԵալտըզճեան, 21 Փետրուար 2007 թուականին
մարմնապէս մեզմէ առ յաւէտ
բաժնուեցաւ. Գրիչի մշակներ,
մշակոյթի գործիչներ, արուեստի մարտիկ , չեն
մեռնիր, անոնք միշտ կ'ապրին իրենց ստեղծագործութիւններով ու մարդկութեան թողած ժառանգութիւններով:
Անոնք կ'ապրին , այնքան
ատեն, որքան ատեն որ, աշխարհի մէջ, անոնց գործերով ու հեղինակութիւններով հետաքրքրուող
մարդիկ կան.
Զարեհ Եալտըզճեան--Զահրատ
ծնած է,10 Մայիս1924 թուականին Իսթանպուլ, 1942
թուականին աւարտեց Պոլսոյ Մխիթարեան լիսէն, ապա վերջ 1942-1945 թուականներու միջեւ աշակերտած է Իսթանպուլի Պետական
Համասլարանի Բժշկագիտական Ֆաթուլթէթ:
Իր բանաստեղծութիւնը առաջին անգամ հրատարակուած է ,1943 թուականին Պոլոյ
Ժամանակ օրաթերի մէջ, ապա վերջ յաջորդաբար հրատարակուած է Մարմարա,Սան,Հանդէս Մշակոյթի,Բազմավէպ,Հայ
Ընտանիք եւ զանազան օրաթերթերու ու պարբերաթերթերու մէջ:
Իր գրիչ եղբայրներու
հետ հրատարակաց ու անձամբ խմբագրած է Մխիթարեան Լիսէի Սանոց Միութեան "Սան"
պարբերաթերթը:
Իր բանաստեղծութիւնները
լոյս տեսան , "Մեծ Քաղաք","Գունաւոր Սահմաններ","Բարի Երկինք","Կանանչ
Հող","Ծայրը Ծայրին", "Մէկ Քարով Երկու Գարուն","Մաղ
Մը Ջուր",Ծուռ Նստինք Կիկօ Խօսինք" եւ այլ անուն ժողովածուներով:
Զահրատի բանաստեղծութիւնները
թարգմանուած են 27 լեզուներով, ան արժանացած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի
սրբատառ կոնթակի եւ Սբ.Սահակ-Սբ.Մեսրոպ շքանշանի:
Կը խոնարհին ,
անոր թարմ յիշատակին առջեւ.
Աստուած հոգին
լուսաւորէ.
Տօքթ.Սարգիս Ատամ.
Sarkis Adam
[sarkis_adam@yahoo.de]



Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.