Etiketler

ՊՈԼՍՈՅ ՆԵՐԿԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ԵՒ ՈՉ ՄԷԿԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԳԱՒԱՌ ՄՆԱԼ

 Անցեալին                 Ներկայիս.
 Պոլսոյ  Պատրիարքութեան Աթոռին վրայ բազմած, պատրիարքական փոխանորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, հայկական մամուլին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, բացորոշ կերպով, առանց տատամսելու եւ վարանելու, կը յայտնէ զիրար հակասող երեւոյթներ: Նախ  կը փորձէ մեզ համոզել ըսելով որ « Պոլսոյ հոգեւորականները քիչ են եւ նոյնիսկ մեր եկեղեցիները չեն կրնար գոհացնել»,  ու ապա կ'աւելցնէ. « Պոլսոյ ներկայ հոգեւորականներէն եւ ո'չ մէկը կը փափաքի գաւառ մնալ»:



Զիրար հակասող նման յայտարարութիւններ անգամ մը եւս մեզ շփոթութեան կը մատնեն եւ կը մղեն աւելի լրջօրէն խորհրդածելու այս ահաւոր անկումին դրդապատճառներու մասին, ըլլան անոնք՝ կրօնական, կրթական, ընկերային կամ քաղաքական  մարզերէ ներս:

Սրբազան Հօր յայտարարութիւնը, ուրիշ բան չի' թելադրեր մեզի բացի անկէ` որ չկայ հոգեւորական մը որ պիտի ուզէ գաւառ մնալ: Ըստ երեւոյթին Սրբազան Հայրը, Տիգրանակերտը տակաւին կը նկատէ գաւառ, հակառակ այն իրողութեան որ այսօր Տիգրանակերտը կը նկատուի Հարաւարեւելեան Անատոլուի (Արեւմտահայաստանի՝) Այնթապէն ետք երկրորդ մեծագոյն քաղաքը, մէկ միլիոն  բնակչութեամբ:

Պահ մը մոռնանք աշխարհագրութիւնը եւ «գաւառ» հասկացողութիւնը: Հոգեւորական չկայ որ փափաքի հոն ծառայել: Կրնա՞ք հասկնալ, սիրելի ընթերցողներ, թէ ինչ կը նշանակէ այս յայտարարութիւնը:  Պարզ հայերէնով, հոգեւորական մը պիտի չուզէ Պոլսոյ մէջ իր հանգիստը խանգարել եւ երթալ ծառայելու հոն՝ ուր իսկական կարիքը կայ հոգեւոր մատակարարութեան բոլոր ժամանակներէն աւելի ԱՅՍՕՐ, երբ մանաւանդ մեր իսլամացած եղբայրներն ու քոյրերը թախանձագին կը խնդրեն վերադառնալ  հայութեան եւ մկրտուիլ Մայր Եկեղեցւոյ աւազանին մէջ: Ու՞ր ես Հայց. Եկեղեցի...:

Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ գտնուող Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցին է, վերանորոգուելէն ետք վերաբացաւ իր դռները, դժբախտաբար սակայն ներկայիս հոգեւոր հովիւ չունի: Եկեղեցւոյ հիմնադրամի հոգաբարձուները դիմած են Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարան, սակայն Պատրիարքարանէն տեղեկացուցած են, որ ներկայիս բաւարար թիւով հոգեւորականներ չունենալով, չեն կրնար մնայուն հոգեւոր հովիւ մը ղրկել: Նորէն հարց տանք մեր ընթերցողներուն, բաւարար թիւով հոգեւորակա՞ն չկայ, թէ փափաքող չկայ:

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ի՜նչ հսկայական  զոհողութիւններով կը պահէ իր եկեղեցիները, բայց ըսել թէ չկայ հոգեւորական մը որ կը փափաքի «գաւառ»ի մէջ ծառայել՝ բացարձակապէս ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ է: Համիտեան ջարդերէն, Ատանայի ջարդերէն ու ապա 1915-ի ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն այս կամ այն կերպով «փրկուած» մեր քրտացած ու թրքացած եղբայրները կոչ կ'ուղղեն մեզի հոգեւոր մատակարարութիւն խնդրելով, եւ մենք ամենայն անտարբերութեամբ՝ սառնարիւն կը դիտենք անոնց հոգեւոր փլուզումը:

Ինչպիսի՞ արդարացում կրնայ ունենալ Արամ Սրբազանի կողմէ արտայայտուած այս տեսակէտը. «Երեւակայեցէք, եթէ ես քահանայ ուղարկեցի՝ քահանան դպրութի՞ւն պիտի ընէ թէ պատարագ մատուցանէ»: Մեր անձնական փորձառութենէն ելլելով, կրնանք քաջաբար յայտարարել որ անկարելի բան չկայ երբ նուիրում եւ կամեցողութիւն կայ: Ամերիկայի մէջ մենք նոյնը կատարած ենք տարիներով. ինչպէս Ամերիկացին կ'ըսէ «one-man show», թէ՛ պատարագած ենք, թէ՛ սարկաւագութիւն ըրած ենք եւ թէ՛ դպրաց խումբի դեր կատարած ենք միասնաբար: Հոս է նուիրումը..... Դուրս ելէք ձեր հանգիստէն այլեւս:

 Իրեն ուղղուած հարցումին թէ ինչո՞ւ արտասահմանէն հոգեւորական չի բերեր, կը պատասխանէ հետեւեալ ձեւով. «Ես արտասահմանէն մնայուն մարդ չեմ կրնար ընդունիլ հոս. յետոյ ատիկա պետականօրէն արգիլուած է: Անոր այստեղ նստելու (մնալու) արտօնութիւն պէտք է: Բացի այդ ես այս երկրէն մարդ կ'ուզեմ՝ թրքերէն լաւ խօսող եւ քրտերէն գիտցող մարդ: Հայաստանէն եկողը ինծի օգտակար չի կրնար ըլլալ. գաւառի համար Հայաստանէն եկողը պատարագ կ'ընէ կ'երթայ: Իսկ մեզի պէտք է մէկը, որ այդ ժողովուրդով զբաղի: Մինչեւ որ թեկնածու չըլլայ՝ այդ հարցին լուծումը չկայ»:

Սրբբազան Հօր կ'ուզենք յիշեցնել որ օրերը փոխուած են եւ արգելքները մեղմացած, հետեւաբար յատուկ արտօնութեամբ կարելի է հոգեւորական բերել ո'չ միայն Ս. Էջմիածնէն, ուր թերեւս կարելի չըլլայ թրքախօս հոգեւորական գտնել, այլեւ՝ Երուսաղէմէն եւ Անթիլիասէն, ուր կան թրքախօս, քրտախօս, ինչպէս նաեւ ասորախօս ընտանիքներու մէջ ծնած եկեղեցականներ: Ձեր տուած պատճառաբանութիւնները արդարացուցիչ չեն, այլ ընդհակառակը դատապարտելի են, երբ լուծումներ եւ միջոցներ կան ձեր առջեւ:  
                                                                                                                                                                                                                                             
 Քաջութեան եւ նուիրումի պակասը ձեզ մղած է նաեւ յայտարարելու, որ կրօնափոխները «մահմետական մնալը կը նախընտրեն փոխանակ հայ ըլլալու»: Եթէ կան այդպիսիներ, եւ մենք քաջ գիտենք որ կան ինչ ինչ պատճառներով, բայց կան նաեւ հազարաւորներ որոնք կը փափաքին վերադառնալ իրենց արմատներուն: Հողը պարարտ է, մշակներն են վախկոտ եւ անտարբեր:

Այնքան ատեն որ մեր քրտացած եւ թրքացած եղբայրները կը փափաքին վերադառնալ իրենց արմատներուն, մենք ազգովին պարտաւոր ենք գրկաբաց ընդունելու զիրենք: Թէկուզ չմկրտուին ներկայիս, գէթ հայերէն կը սորվին ճանչնալու համար իրենց պապենական մշակոյթի հարստութեան տարողութիւնը, եւ տէր կը կանգնին կիսաւեր եւ կիսաքանդ մեր կոթողական մշակութային արժէքներուն:  Այս բոլորը իրականացնելու լաւագոյն եւ յարմարագոյն վայրը Ս. Կիրակոս Եկեղեցին է իր բոլոր առաւելութիւններով:

Տիգրանակերտի քաղաքական այժմու պայմանները ի նպաստ մեզի են, նամանաւանդ որ այդքան «բարեացակամ» վերաբերմունք ցոյց կու տայ քաղաքապետը եւ կոչ կ'ուղղէ հայութեան որ գան իրենց երբեմնի հայրենիքը եւ տէր կանգնին իրենց արդար իրաւունքներուն:  Ինչպէ՞ս կրնանք անտարբեր մնալ նման կոչի մը, երբ մեծ ակնկալութեամբ  մեզի անպայման կը սպասեն մեր քրտացած եւ թրքացած եղբայրներն ու քոյրերը:

Նոյնքան եւ առաւել եւս նման հարցի մը սատարելու պարտականութիւնը կ'իյնայ մեր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներուն, մեր բոլոր կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութեանց վրայ:  Հայ Դատի մեծագոյն դաշտերէն մէկն է այսօր Տիգրանակերտը եւ ահրաժեշտօրէն համազգային գերագոյն ճիգերով պէտք է հասնինք հոն՝ ուր արեան կանչը մեզ կ'առաջնորդէ:

Չենք կրնար անտարբեր մնալ. անյապաղօրէն պէտք է ձեռք երկարել Պոլսոյ Պատրիարքութեան, երբեմնի արեւմտահայութեան մէջ իր կատարելիք հոգեւոր եւ կրթական անմիջական խոշոր կարիքներուն:

Վերջին եղբայրական թելադրութիւն մը եւս: Արամ Սրբազան, մի՛ ըսէք. « Մենք ոչ մէկ պահանջք չունինք Թուրքիոյ կառավարութենէն: Ատիկա Հայաստանի եւ Սփիւռքի գործն է:  Ես միայն իմ եկեղեցիներուս ձեռքէն առնուած կալուածները կը պահանջեմ եւ սա 1915 թուականի հետ կապ չունի»: Սա ինքնախաբէութենէն դուրս եկէք եւ ճշմարտութիւնները մի՛ խեղաթիւրէք: Մեզի ծանօթ են Պոլսոյ պատրիարքութեան դժուարութիւնները քաղաքական վերին մարմիններու հետ, բայց մի քողարկէք ճշմարտութիւնները:

Հայ ժողովուրդը միահամուռ մէկ դատ ունի: Մեր բոլորին դատերն ալ միաձուլուած են եւ խառնուած մեր պապերու արեան կանչին հետ եւ չկայ առանձին դատ. կայ ու կայ միայն ազգային մէկ դատ եւ այդ պահանջատիրութեան մէկ ձայնը Պոլսոյ պատրիարքութեան ձայնն է անկասկած, գլխաւորաբար Հայաստանի՝ որպէս պետութիւն, ապա նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին (որպէս պահանջատէրը Կիլիկիոյ հայութեան եւ աթոռապատկան նիւթական, հոգեւոր ու բարոյական կապտուած հարստութիւններուն), եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու ձայնին առընթեր:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ


14 Մարտ, 2014

2 yorum:

Murat Bebiroğlu dedi ki...

Ben genel olarak yanlış ve eksik bilgiler, hatta bazen de yapılan yönlendirmeler nedeniyle yanlış sonuçlara vardığı için cemaatin iç sorunlarının ulusal basında tartışılmasını istemem. Bazen benzer nedenlerle diasporanın da yanlış sonuçlara vardığını düşünüyorum. Nitekim yazıda da görüleceği gibi Sayın Hyetert okuru Mıhitaryan'ın İstanbul'da bulunan din adamlarının sayısı konusunda fikri yok. Bu yüzden "yeteri kadar din adamı mı yok, gitmek isteyen mi yok" diye soruyor.
Aram Srpazan "Hiçbir din adamı taşraya gitmek istemiyor" gibi bir söz etmiş mi etmemiş mi bilmiyorum. Umarım etmemiştir.
Önce bazı istatistiki bilgiler vereyim: Ermeni Apostolik Kilisesine yani Patrikliğe bağlı kilise sayısı yanılmıyorsam 34'ü İstanbul'da olmak üzere 40 civarındadır. Yine Apostolik Kiliseye bağlı din adamlarının sayısı da Badriark Hayr dahil 26'dır. Bunları 18'sı Derhayr, 5'i Apeğa ve Vartabet, 2'si Srpazan'dır. Der Hayrlarımızın yine yanılmıyorsam 4- 5 inin yaşı 65'in üstündedir. Görüldüğü gibi İstanbul'da bile her kilisede ayin yapacak Derhyarımız yoktur. Kartal, Beykoz gibi İstanbul ilçelerinde bile yılda en fazla iki üç gün ayin yapılabilmektedir. Diyarbakır'da ve Kayseri'de, yılda üç dört defa, Ahtamar'da yılda bir ayin yapılabilmektedir. Vakıflı'da ve İskenderun'da derhayrımız olduğu için düzenli ayin yapılabilmektedir. Bütün bunlardan da önemlisi din adamı olmak isteyenlerin çok az. Diğer yandan ruhban okulumuzun olmaması ya da Mesrop Badriarkın istediği gibi bir üniversitede din adamı ve öğretmen yetiştirecek Ermenice kürsüsünün olmaması da durumu daha kötüleştiriyor. Demek ki öncelikle sayının yetersizliği açık. (Devam edecek)

Murat Bebiroğlu dedi ki...

Bir başka gerçeği de belirtelim: Türkiye'de yaşayan her Hay İstanbul'da yaşamak ister. Çocukları için okulu, gençleri için dernekleri, kültür çalışmaları, büyükler için faal kiliseleri oradadır, patrikliğinin bulunduğu yerdir. Batı Ermeni Kültürünün merkezidir, korolar, yerçahumplar, hastanesi oradadır. Hiçbir İstanbullu için İstanbul dışında yaşamak cazip olmadığı gibi, istenecek bir şey de değildir.
Din adamlarımıza gelince ben hiçbirinin Anadolu kiliselerine gitmekten kaçındığını düşünemem. Kayseri’ye veya diğer kiliselere de din adamlarımızın gönüllü ve koşarak gittiğini de biliyorum. Orada yaşamak ister misin? sorusu sorulmamıştır ama eğer şartlar uygun olursa soru sorulmasına gerek olmadan, patriklik istediği din adamını görevlendirir. Şimdi nasıl bir Derhayr Yeşilköy'den alınıp Üsküdar'a gönderiliyorsa aynı şekilde Diyarbakır ya da başka bir kiliseye de gönderilebilir. Diyarbakır'da yanlış hatırlamıyorsam seksenli yıllara kadar Derhayr vardı. Ancak 1964 olayları, 1974 olayları ve Asala olayları sonrası cemaatin önemli bölümü İstanbul'a göçtüğünden ve Derhayr’ın yaşliliktan ötürü İstanbul’a gelmesinden sonra oraya derhayr gönderilmedi. Çünkü artık orada cemaat çok azalmıştı ve İstanbul'da bile yeterli olmayan din adamlarının birinin oraya gönderilmesi doğru ve gerekli değildi.
Kilisemize dönmek isteyen bir Müslüman çoğunluğun bulunduğu da gerçeklerle bağdaşmıyor. Ermeni kilisesi kiliseye dönmek isteyenlere bu gün de geçmişte de sırtını dönmemiştir. Biz Müslüman Ermeni'yiz diyenlere kilisemizin, patrikliğin vereceği bir şey yoktur, onları Ermeni kültürü ile tanıştırmak, Ermeni dilini öğretmek kiliseye düşmez. Olsa olsa bu görev “Müslüman Ermeni Neden olmasın?” diyen cemaat dışı zengin kurumlara, derneklere düşer. Elbette bu konuda aynı düşüncede olan diasporadan yaşayan Hayların da bu konuda maddi destek yanında gelip bizzat görev yapmaları beklenir.
Elbette eğer gerçekten ihtiyaç varsa Anadolu'da bulunan kiliselerde daha fazla ayin yapılmak isteniyorsa bunun maddi koşulları sağlanabilir. Ancak bir kaç kişinin neden Zadikte, Dzununtta bize din adamı gönderilmiyor demesi ciddiye alınacak şeyler değil. Ne yani İstanbul'da etrafında yüzlerce hatta bazı yerlerde binlerce kişinin yaşadığı kiliselere bile yetişemezken kiliseyi kapatıp 20-30 kişi için kiliseye din adamı mı gönderilecek? Ama Zadikte İstanbul'dan buraya geliyorlar savunması da pek geçerli bir savunma değil. Önce yapılacak şey orada bir derhayrı yaşatacak kadar cemaatin bulunmasıdır. Dökme suyla değirmen dönmez. Diğer taraftan, tibrligi de saggavarkligi da derhayr yapsin kanımca doğru bir savunma değil. Elbette zorunluluk varsa, 1990-91 yıllarında 70 yıllık Komünizm baskısından sonra Hayastanda olduğu gibi her üç görevi de Derhay yapabilir. Ancak Türkiye'de böyle bir mecburiyet yokken böyle ayin kilise için küçültücü olur.
Son olarak, bir kaç kişinin engellemesi nedeniyle seçilmiş bir patriğin olmaması, cemaatin tüzel kişiliği olmaması, örgütlenmesine izin verilmemesi en önemli sorunlarımız.
Yazı uzadı. Aslında söylenecek daha çok şey var ama bu kadarla yetineyim.
Sevgiler.
Mart 2014

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.