"Համաշխարհային
Եկեղեցիի Օր"շրջագիծի մէջ ներկայացուեցաւ լայն աշխարհագրականի մը վրայ տարածուած
բազմազանազան եկեղեցական համայնքներու կեանքը , ինչպէս Էթովպիայ , Գորէ, Ֆինլանտայ
ի եկեղեցական համայնքները եւ նաեւ Հարաւային Գերմանիոյ Պատտէն-Վիւրթէմպէրկ նահանգի
Հայ Համայնքը: Հայ Համայնքը ներկայացուեցաւ ,համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ.Տիրատուր
Քհնյ Սարտարեան,Բարեկրոն Սրկ .Տ.Արման Բիլիպօսեան եւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդութեան
Թեմական Խորհուրդի անդամ Տոքթ.Սարգիս Ատամ ի կողմէ:
"Համաշխարհային
Եկեղեցիի Օր"ը բացուեցաւ նահանգի բողոքական եկեղեցւոյ Սրբազան եպիսկոպոսի ողջոյնի
խօսքով եւ մասնակից բոլոր համայնքներու հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կատարուած
եկեղեցական արարողութիւնով , արարողւթեան ներկայ էրին աւելի քան 1000 հաւատացեալներ:
Յետ արարողութեան
, հաւատացեալ ժողովուրդը բոլորուեցաւ,տաճարին յարակից վայրի մէջ մասնակից իւրաքանչիւր
համայնքի համար պատրարստուած տաղաւարի փոքր
կրպակներու շուրջ , ուր համայնքները կը ներկայացնէին իրենց գործունէութիւնները եւ մասնայատուկ ազգային ուտելիքները:
Տաղաւարի եկրորդ
մասին մէջ կիրարկուեցաւ ասուլիսային յայտագիր մը, ուր մասնակից իւրաքանչիւր համայնքի
ներկայացուցիչներ բեմ կը հրաւիրուէին , իրենց համայնքը ծանօթացնելու համար:Պատտէն
-Վիւրթէմպէրկի հայ համայնքը ծանօթացուց համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ.Տիրատուր քհնյ Սարտարեան եւ նաեւ
Տոքթ.Սարգիս Ատամ ի կողմէ ներկաներուն ծանօթացուեցաւ Պեռլինի մէջ գրանցուած
''ՆԱՅԻՐԻ Հայ Մանուկներու Բարեգործական Միւութիւն"ը
եւ անոր գործունէութիւնը.Յետ յատագիրի տաղաւարը իր աւարտին հասաւ:
Տոքթ.Սարգիս Ատամ





Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.