Etiketler

Լոյս Տեսաւ Ռ. Հատտէճեանի Յուշատետրեան « ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ » Շարքին 5 րդ Հատորն ալ


5ՐԴ  ՀԱՏՈՐ ԲԱՌԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊՏՈՅՏԻ
Հաճոյքով կը հաղորդենք որ տպուեցաւ ու ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրուեցաւ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Յուշատետրեան  « Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ » շարքին 5րդ հատորն ալ։ Այս հատորը կը սկսի շարքին 326րդ յօդուածէն ու կը վերջանայ 405րդ յօդուածով, ու կը կազմէ « Յուշատետր » ընդհանուր շարքի 82րդ գիրքը։


Ինչպէս գիտեն « Յուշատետր » սիւնակի հաւատարիմ մեր ընթերցողները, « Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ » շարքը յաջորդած էր « Պտոյտ Հայ Գրականութեան Քուլիսներուն Մէջ » շարքին, որ կազմեց 10 ստուար հատորներ։ Այդ շարքին մէջ մեր Խմբագրապետը կը մտնէր գրականութեան քուլիսներէն ներս ու կը քննէր թէ, անկախաբար իրենց թողած գրական ժառանգութենէն, ինչպիսի կեանք մը ապրած էին մեր գրագէտները եւ ինչպիսի պայմաններու մէջ է որ անոնք ստեղծած էին իրենց գործերը։ Յիշեալ 10 հատորները երախտիքի տուրք մը կը նկատուին զոր Ռ. Հատտէճեան վճարած է Հայ գրականութեան մեծանուն կամ խոնարհ ծառաներուն։
Իսկ « Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ »  շարքը ուղղութիւն փոխած է եւ այս անգամ իր ընթերցողները հրաւիրած է բառարաններու կամ մտածումներու ընդմէջէն հաղորդուիլ մեր Մայրենիին հրաշալի կառոյցներուն ու գեղեցկութիւններուն հետ։ Այս շարքով ալ Ռ. Հ. երախտիքի տուրք կը վճարէ մեր Ոսկեղնիկին ու ընթերցողը կը հրաւիրէ իրեն ընկերանալու այս մոգական պտոյտի ընթացքին։ Ան կը գրէ.
....
«Եկէք սիրելի ընթերցողներ, եկէք ու մասնակցեցէք այս նոր պտոյտին, որպէսզի միասնաբար տեսնենք թէ ինչ բառեր կան բառարաններու էջերուն մէջ, ոմանք մեռեալ ու վաղուց թաղուած, ոմանք տակաւին կենդանի  ու գործօն»։
....
5րդ հատորն ալ, նախորդներուն նման, աւելի քան 300 էջերով գեղատիպ է Արի Հատտէճեանի պատրաստած կողքի նկարով։ 5րդ հատորին շուտով պիտի յաջորդէ 6րդ հատորն ալ, որ վաղուց ամբողջացած ու Մարմարա-ի մէջ հրատարակուած է։

Մեր ընթերցողներուն կը յիշեցնենք որ բոլոր այս գիրքերը, ինչպէս նաեւ հեղինակին տարբեր թէմաներով նախկին գիրքերէն շատեր տրամադրելի են փափաքող ընթերցողներու, կարելի է զանոնք ապահովել մեր Խմբագրատան հետ կապ պահելով։

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.