Nur-magazineՊելճիքայի մէջ 2014թ. Յունուարէն սկսած է հրատարակուիլ
«Նուռ-La GRENADE-GRANAATAPPEL» խորհրդանշական անուամբ եռալեզու ամսագիրը: Հիմնադիրն
է պելճիքաբնակ մեր հայրենակից Գագիկ Պալասանեան: Այն կը հրատարակէ HAկQ asbl (Արթուր
Նիկողոսեան) ընկերութիւնը: Լոյս տեսած են առաջին
երկու համարները` հայերէն, ֆրանսերէն, հոլանտերէն լեզուներով:
Ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրն է Սիւզան Քանանեան, որուն հետ խօսած
է «Նիտերլանտական օրագիրը»:
Պելճիքայի մէջ, նաեւ հարեւան երկիրներուն մէջ ամսագիրի լոյս
ընծայումը հայութեան եւ օտարներու մօտ աշխուժութիւն առաջ բերած է: Ինչպէս կը նշեն Հոլանտայի մէջ բնակող
ամսագիրի ընթերցողներ Կրիշա Յարութիւնեանն ու Յակոբ Մուրատեանը, այն բաւականին հետաքրքիր
ձեւաւորում ունի եւ հաճելի է ընթերցելու համար: Արծարծուող նիւթերն ալ արդիական են,
զգալի մասը` նուիրուած Հայոց պատմական անցքերուն, մեծ յաղթանակներուն ու Ցեղասպանութեան
100-ամեայ տարելիցին:
«Նուռ-La GRENADE-GRANAATAPPEL» հանդէսը կարելի է ձեռք բերել
Պենելուքսի ռուսական եւ հայկական խանութներէն ու որոշ գրախանութներէ, ինչպէս նաեւ բաժանորդագրութեան
միջոցով:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.