ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12ին, Նիւ Եորքի «Քիփրիանի» սրահին
մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի տարեկան 11րդ դրամահաւաքի հաւաքոյթը՝
ի մի բերելով աւելի քան 450 համակիրներ։ Ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել 2.4 միլիոնի հասնող
նուիրատուութիւններ, որոնց շնորհիւ Հայաստանի գիւղերուն մէջ կազմակերպութեան բարեսիրական
աշխատանքները կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել:
Դոկտ. Կարօ Արմէնի գլխաւորած սոյն կազմակերպութեան տարեկան ձեռնարկին
ընթացքին, ներկաները վայելած են Հայաստանէն ժամանած շարք մը երեխաներու հոյակապ կատարումները,
իսկ հանդիսավարը եղած է «Թոնի» մրցանակին արժանացած դերասանուհի Էնտրէա Մարթինը։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցած են նաեւ Իզապէլ Պայրաքտարեան
եւ Ուիլ Չեմփլին։
Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի վարչութեան անդամ Մայքըլ Արամ
կազմակերպութեան «Մարդասիրական» մրցանակը յանձնած է Արա Արսլանեանին, իսկ «Սերունդը
Փրկէ» մրցանակը՝ Ալեքսիս Օհանեանին։
Ձեռնարկի համանախագահները եղած են Վիքթըր Կարպըր, Սուզան Քենտըլ
Նիւմըն եւ Թոնի Շաֆրազի։
Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամը (COAF) բարեգործական կազմակերպութիւն
մըն է, որուն նպատակն է կրճատել Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ աղքատութեան մակարդակը՝
համայնքային զարգացման շարք մը ծրագիրներու միջոցով: Հիմնադրամի կրթական, առողջապահական,
ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներէն ցարդ օգտուած են Հայաստանի գիւղական համայնքներու
տասնեակ հազարաւոր բնակիչներ: Կազմակերպութեան նպատակն է յառաջիկայ տասնամեակին օժանդակութիւն
հասցնել առնուազն 100 գիւղերու բնակիչներուն:
Ձեռնարկին ու կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար,
այցելել www.coafkids.org կայքը:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.