Etiketler

«ԱԹՈՌԱԿԻՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ» ՄԵՐ ԿԱՆՈՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱ՞Յ ԹԷ ՉԿԱՅ

ՄԱՐՄԱՐԱ
Այսօր մեր Դ. էջին վրայ հրատարակուած է Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի հաղորդագրութիւնը, ուր կը կարդանք որ աշխատանք յառաջ կը տարուի որպէսզի Պետութենէն ձեռք բերուի Պատրիարքական ընտրութիւն մը ընելու արտօնութիւն։ Բոլորս ալ այլեւս համակարծիք ենք որ Պատրիարքական Աթոռը պէտք է գտնէ իր գահակալը։ Ատոր համար ալ պէտք է յաղթահարուին կանոնական կամ բարոյական բոլոր դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուին մեր դիմաց։ Այս մասին ո՛չ մէկ կասկած։ Միայն թէ վերոյիշեալ մարմնի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է որ «Աթոռակից Պատրիարք» մեր կանոնագրութեան մէջ չկայ։ Այսպիսի արտայայտութիւն մը մեր կարծիքով սխալ է կամ մասնագիտական ստուգումի կը կարօտի։ Երուսաղէմի Պատրիարքական Աթոռը, որ անշուշտ փառաւորապէս մաս կը կազմէ մեր եկեղեցիին, անցեալի մէջ ունեցած է Աթոռակից Պատրիարքներ, եւ թէ այնքան շատ որ կարելի չէ համրել։ Ասոր համար կը բաւէ տեսնել Օրմանեան Պատրիարքի «Ազգապատում»ին մէջ հրատարակուած ցանկը Երուսաղէմի Պատրիարքներու։
Պարզապէս որպէս ծանօթութիւն, հոս պիտի արտագրենք անոնցմէ մէկ քանին.
·         1426-ին Տ. Մինաս Պատրիարք, հաւանաբար Աթոռակից Պատրիարք նախորդ Մարտիրոս Պատրիարքին
·         1430-ին Եսայի Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախորդ Մարտիրոս Պատրիարքին, յետոյ առանձին Պատրիարք։
·         1454-ին Մեսրոպ Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախկին Աբրահամ Պատրիարքին, ապա առանձին։
·         1461-ին Պետրոս Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախորդ Մեսրոպ Պատրիարքին, ապա առանձին։
·         1497-ին Աբրահամ Բերիացի Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախորդ Մկրտիչ Պատրիարքին, ապա առանձին։
·         1551-ին Անդրէաս Մերտինցի Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախորդ Աստուածատուր Պատրիարքին, ապա առանձին։
·         1583-ին Դաւիթ Մէրտինցի Պատրիարք, նախ Աթոռակից նախորդ Անդրէաս Պատրիարքին, ապա առանձին, յետոյ ալ հրաժարած։
Աւելի նոր շրջաններ՝
·         Գալուստ Կայծակն Պատրիարք, Աթոռակից նախորդ Մինասի,
·         Գրիգոր Պիծակ Աթոռակից Պատրիարք նախորդ Գալուստ Կայծակի։

Օրմանեան Պատրիարքի կողմէ տրուած ցանկը տեսնելէ վերջ մենք չենք գիտեր թէ որքան ճիշդ կþըլլայ կտրուկ կերպով ըսել որ մեր կամ Հայաստանեանց Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան մէջ Աթոռակից Պատրիարք չկայ։ Պատասխանը կը թողունք մասնագէտներուն։

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.