ՄԱՐՄԱՐԱ
Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու համար կազմուած եւ սխալ անունով մը գործադիր յանձնախումբ կոչուած Պատրիարքական ընտրութեան յանձնաժողովը
նոր
հաղորդագրութիւն
մը
հրատարակեց։
Ինչպէս
ծանօթ
է,
այս
յանձնախումբի
պարտականութիւնն
էր,
կրօնական
ժողովի
որոշումին
ընդառաջելով
ձեռնարկել
աթոռակից
պատրիարքի
մը
ընտրութեան
եւ
յաջողութեամբ
իրականացնել
զայն։
Յանձնախումբէն
ա՛յս
էր
որ
կը
սպասուէր։
Մինչդեռ
մեր
այս
բարեկամները,
զանցելով
Կրօնական
Ժողովի
որոշումը
եւ
մոռնալով
մեր
այն
աւանդութիւնը
թէ
երբ
Պատրիարք
մը
կեանքի
մէջ
է,
ուրիշ
Պատրիարք
մը
չի
կրնար
ընտրուիլ,
տարուեցան
Աթոռակից
Պատրիարքի
տեղ
նոր
Պատրիարք
ընտրելու
փափաքէն։
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԸ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԽԱԼՆԵՐԸ
Համացանցի վրայ »Հայ Թերթ« կայքէջը որ Մուրատ Պէպիրօղլուի առաջնորդութեան ներքեւ ամէն օր Հայութիւնը
մօտէն
հետաքրքրող
նիւթերը
նոյնութեամբ
կը
դնէ
իր
էջին
վրայ
ու
զանոնք
հասանելի
կը
դարձնէ
իր
ընթերցողներուն,
առաջին
օրէն
մօտէն
հետաքրքրուած
է
Պատրիարքական
ընտրութեան
հարցով
եւ
առաջին
օրէն
ալ
պաշտպանած
է
Աթոռակից
Պատրիարք
մը
ընտրելու
գաղափարը։
Կայքէջը
քանի
մը
օրէ
ի
վեր
հրատարակած
է
նոր
յօդուած
մը,
Հայ
Թերթի
անունով
ստորագրուած,
որ
կերպով
մը
կը
պատասխանէ
Պատրիարքական
Ընտրութեան
Կարգադիր
Յանձնախումբի
անունով
անցեալները
հրատարակուած
թրքերէն
հաղորդագրութեան։
»Հայ
Թերթ«ի յօդուածը
ստորեւ
կը
հրատարակենք
մեր
կողմէ
Հայերէնի
թարգմանելով.
*
Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու համար կազմուած եւ սխալ անունով մը գործադիր յանձնախումբ կոչուած Պատրիարքական ընտրութեան յանձնաժողովը
նոր
հաղորդագրութիւն
մը
հրատարակեց։
Ինչպէս
ծանօթ
է,
այս
յանձնախումբի
պարտականութիւնն
էր,
կրօնական
ժողովի
որոշումին
ընդառաջելով
ձեռնարկել
աթոռակից
պատրիարքի
մը
ընտրութեան
եւ
յաջողութեամբ
իրականացնել
զայն։
Յանձնախումբէն
ա՛յս
էր
որ
կը
սպասուէր։
Մինչդեռ
մեր
այս
բարեկամները,
զանցելով
Կրօնական
Ժողովի
որոշումը
եւ
մոռնալով
մեր
այն
աւանդութիւնը
թէ
երբ
Պատրիարք
մը
կեանքի
մէջ
է,
ուրիշ
Պատրիարք
մը
չի
կրնար
ընտրուիլ,
տարուեցան
Աթոռակից
Պատրիարքի
տեղ
նոր
Պատրիարք
ընտրելու
փափաքէն։
Մոռցան
որ
ընտրուած
մարմին
էին,
կարծեցին
որ
զիրենք
ընտրողներէ
աւելի
լիազօր
են։
Չկրցան
սխալը
տեսնել։
Իրենց
տեսակէտին
մէջ
պնդեցին
եւ
իրենց
պահանջներն
ալ
յամառօրէն
փոխանցեցին
Անգարա։
Արդիւնքն
այն
եղաւ
որ
երկու
դիմումներ
կատարուած
էին
Անգարա,
ուստի
վերջակէտը
եկաւ
Անգարայէն
որ
կախակայեց
ընտրութիւնը
եւ
որոշեց
Պատրիարքական
Ընդհանուր
Փոխանորդ
մը
ընտրել։
Յանձնախումբը
այս
որոշումին
դէմ
դատ
բացաւ։
Տեսնենք
անոնց
ճիգը
մինչեւ
ուր
պիտի
երթայ։
Այնպէս կը հասկցուի որ յանձնախումբը դեռ կը շարունակէ պնդել հաւաքականութեան վրայ ժխտական
ազդեցութիւն
գործող
իր
որոշումին
վրայ։
Մինչդեռ,
ինչպէս
ամէն
ընտրութեան
ընթացքին
եղած
է,
պէտք
է
դիմում
կատարուէր
1961 թուականի
կանոնագրութեան,
նաեւ
անոր
յաջորդող
1990 եւ
1998 թուականներու
Պատրիարքական
ընտրութեան
ընթացքին
փոքրիկ
տարբերութիւններով
գործադրուած
եւ
նախարարաց
խորհուրդի
որոշումով
հրապարակուած
Պատրիարքական
ընտրութեան
կանոնագրութիւնը
այմժէականացնելով։
Այդ
կանոնագրութիւնը
պէտք
էր
պատշաճեցնել
Աթոռակից
Պատրիարքի
մը
ընտրութեան։
Յանձնախումբին հաղորդագրութենէն կը հասկնանք
որ
անոնք
կը
շարունակեն
պահել
իրենց
»գործնական
եւ
իրաւական«
գոյութիւնը։
Թէ
ֆիզիքական
գոյութիւնը
կը
պահեն,
ատիկա
արդէն
յայտնի
է
իրենց
վատնած
ճիգերէն։
Մինչդեռ
բնաւ
չեն
հաղորդած
թէ
ո՞ր
օրէնքին
կամ
կանոնագրութեան
վրայ
հիմնուած
է
իրենց
»իրաւական«
գոյութիւնը։
Իրականութեան
մէջ
անոնց
պարտականութիւնը
վերջացած
է,
որովհետեւ
անոնք
զիրենք
ընտրող
Կրօնական
Ժողովին
որոշումը
չեն
ճանչցած։
Երկու հիմնական սխալներ կան որոնց վրայ յանձնախումբը կը պնդէ։
Առաջինը խեղաթիւրել է այն պատճառները որոնց համար իրենք նշանակուած են։ Այս յանձնախումբը կազմուած էր Կրօնական
Ժողովի
կողմէ
ընդունուած
Աթոռակից
Պատրիարքի
ընտրութեան
համար։
Բայց
անոնք
իրենց
այս
բուն
պարտականութիւնը
մէկդի
ըրին
եւ
իրենց
որոշումով
ընտրութիւնը
անելի
մատնեցին։
Իսկ երկրորդ սխալը այն է որ մոռցան մեր աւանդութիւնները։ Աւանդութիւնները ի զօրու
կը
դառնան
հոն
ուր
օրէնքները
ու
կանոնագրութիւնները
գոյութիւն
չունին։
Մեր
եկեղեցւոյ
աւանդութիւններուն
մէջ,
ինչպէս
ստորեւ
պիտի
կարդացուի,
Աթոռակից
Պատրիարքի
աւանդութիւն
գոյութիւն
ունի։
Մինչդեռ
յանձնախումբը
կը
մեկնի
այն
սխալէն
թէ
մեր
եկեղեցական
աւանդութեան
եւ
կանոնագրութիւններուն
մէջ
Աթոռակից
Պատրիարք
գոյութիւն
չունի։
Եթէ յետադարձ ակնարկ մը ուղղենք, պիտի տեսնենք որ այս յանձնախումբը, Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան արգելք հանդիսանալու համար յառաջ
կը
քշէ
երկու
հիմնական
պատճառաբանութիւններ։
Առաջինը
հետեւեալն
է.
1_ Այս յանձնախումբը Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու համար չէ, այլ Պատրիարք ընտրելու համար կազմուած է։ Մենք Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութենէն լուր չունէինք։ Արդէն երբ մեզ նշանակեցին, Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան խօսքը չըրին։
Երկրորդ պատճառաբանութեանն ալ հետեւեալն է.
2_ Մեր աւանդութիւններուն մէջ, մեր եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց մէջ Աթոռակից
Պատրիարք
չկայ,
այս
պատճառաւ
դէմ
ենք։
Հիմա քննենք այս երկու պատճառաբանութիւնները։
1_ Պնդել թէ այս յանձնախումբը կազմուած է Պատրիարք ընտրելու համար, եւ ոչ թէ Աթոռակից Պատրիարք եւ թէ իրենք չէին գիտեր որ Աթոռակից Պատրիարք պիտի ընտրեն, կը նշանակէ հաւաքականութիւնը ուղղակի խաբել։
Կրօնական
Ժողովը
24 Դեկտեմբեր
2008 թուականի
իր
նիստի
ընթացքին
որոշեց
որ
Մեսրոպ
Պատրիարք
Սրբազանը
ցկեանս
պիտի
մնայ
որպէս
Պատրիարք
եւ
ասիկա
հրապարակուեցաւ
Պատրիարքարանի
Լրաբեր
կոչուած
կայքէջին
վրայ։
Աւելի
վերջ
2 Մարտ
2009 Լրաբերի
հայերէն
էջին
վրայ
հրատարակուեցաւ
հաղորդագրութիւն
մը,
որով
հաղորդուեցաւ
որ
Կրօնական
Ժողովը
որոշած
էր
Աթոռակից
Պատրիարք
մը
ընտրել,
քանի
որ
Մեսրոպ
Պատրիարք
մինչեւ
իր
վախճանումը
պիտի
մնար
Պատրիարք։
Այս
որոշումները
արձագանգ
գտան
նաեւ
մամուլին
մէջ։
Բացի
ատկէ,
12 Հոկտեմբեր
թուակիր
»Աքսիոն«
պարբերաթերթին
մէջ
հրատարակուած
եւ
հայ
թերթի
կողմէ
ալ
արտատպուած
այն
հարցազրոյցին
մէջ,
որ
կատարուած
էր
Արամ
Սրբազանին
հետ,
յստակօրէն
ըսուած
էր
որ
շուտով
պիտի
կատարուէր
Աթոռակից
Պատրիարքի
ընտրութիւն։
6 Նոյեմբեր
2009ին
Արամ
Սրբազանի
նախագահութեամբ
պատուիրակութիւն
մը
տեսակցութիւն
ունեցաւ
Վարչապետին
հետ
եւ
Վարչապետն
ալ
յայտնեց
որ
կարելի
էր
դիմում
կատարել
Աթոռակից
Պատրիարքի
ընտրութեան
համար։
Այս
լուրն
ալ
հրատարակուած
էր
թէ՛
Լրաբերին,
թէ՛
համայնքային
ու
տեղական
թերթերու
մէջ։
Ամէնէն
վերջն
ալ,
3 Դեկտեմբեր
2009 թուակիր
հաղորդագրութեամբ
մը
Կրօնական
Ժողովը
հրապարակած
էր
Աթոռակից
Պատրիարքի
ընտրութեան
համար
կատարուած
դիմումի
մանրամասնութիւնները։
Հակառակ բոլոր այս հաղորդագրութիւններուն եւ հրապարակումներուն,
ըսել՝
թէ
մենք
Աթոռակից
Պատրիարք
ընտրելու
համար
չէ
որ
նշանակուած
ենք,
թէ
մենք
չէինք
գիտեր
որ
Աթոռակից
Պատրիարք
պիտի
ընտրուի,
ուղղակի
մոլորեցնել
եւ
խաբել
էր
հանրութիւնը։
2_ Գալով այն պատճառաբանութեան թէ մեր եկեղեցական աւանդութիւններուն մէջ Աթոռակից
Պատրիարքութիւն
չկայ,
այսպիսի
պնդում
մը
կը
նշանակէ
մեր
Առաքելական
եկեղեցւոյ
բոլոր
հոգեւորականները
տգիտութեամբ
ամբաստանել։
Ա_ Ինչպէս վերը ըսուեցաւ, Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու որոշումը ընդունուած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան միակ օրինաւոր
մարմինը
հանդիսացող
Կրօնական
Ժողովի
կողմէ
եւ
ատիկա
հաստատուած
էր
բոլոր
հոգեւորականներուն
կողմէ։
Կարծես
թէ
այս
ալ
չէր
բաւեր,
երեք
Արքեպիսկոպոսներ
պաշտօնապէս
թեկնածու
ներկայացած
էին
Աթոռակից
Պատրիարքութեան։
Եկեղեցական
ո՛չ
մէկ
իշխանութիւն
այս
ընտրութեան
դէմ
առարկութիւն
մը
ներկայացուցած
էր։
Կը
նշանակէ
որ
բոլոր
այս
բարձրաստիճան
հոգեւորականները
չեն
գիտեր
եղեր
այն
ինչ
որ
գիտեն
եղեր
այս
յանձնախումբի
անդամները։
Բ_ Մեր եկեղեցիէն ներս բազմաթիւ անգամներ Աթոռակից Պատրիարք ընտրուած է։ Մեր Մարմարա թերթին մէջ ալ հրատարակուած էր ցանկը
այն
Աթոռակից
Պատրիարքներուն
որոնք
գոյութիւն
ունեցած
են
Երուսաղէմի
Աթոռին
վրայ։
Տակաւին
վերջերս,
Երուսաղէմի
նախորդ
Պատրիարքին
հիւանդութեան
պատճառաւ
որոշուած
էր
Աթոռակից
Պատրիարք
մը
ընտրել,
քանի
որ
կարելի
չէր
պաշտօնանկ
ընել
Պատրիարք
մը։
Այս
ուղղութեամբ
յանձնախումբ
մը
կանոնագրութիւն
մըն
ալ
պատրաստած
էր։
Կը
նշանակէ
որ
այդ
յանձնախումբին
անդամակցող
արժէքաւոր
հոգեւորականներն
ալ
ինչպէս
Խաժակ
Սրբազան,
Գիսակ
Սրբազան,
Բաբգէն,
Կորիւն,
Նորայր
Վարդապետները
մեր
յանձնախումբի
անդամներուն
գիտցածը
չեն
գիտեր
եղեր։
Նոյնքան
տգէտ
են
եղեր
մեր
բոլոր
այն
միւս
հոգեւորականները
որոնք
այսպիսի
կանոնագրութեան
մը
պատրաստութեան
դէմ
չեն
եկեր։
Գ_ Կþըսեն որ 550 տարուան մեր աւանդութեանց մէջ այսպիսի կարգադրութիւն մը չկայ։
Այսպիսի
տեսակէտ
մը
ամէնէն
սովորական
մարդէն
իսկ
եթէ
գայ,
քննադատելի
է։ Ամէն նոր մարմին կամ հիմնարկութիւն ծնունդ կþառնէ անհրաժեշտութենէ։
Ընտրութեան
Կարգադիր
Յանձնախումբ
կոչուած
այս
տարօրինակ
մարմինն
ալ
անհրաժեշտութենէ
ծնունդ
առած
չէ՞ր։
500 տարուան
մեր
աւանդութիւններուն
մէջ
ինքզինք
Կրօնական
Ժողովէն
ալ
գերադաս
նկատող
այսպիսի
մարմին
մը
ունեցե՞ր
ենք։
Այս
տրամաբանութեամբ
կրնանք
ըսել
որ
երբ
Ֆաթիհ
Սուլթան
Մէհմէտ
Պատրիարքութիւն
մը
հիմնել
ուզեց
ու
Յովակիմ
Սրբազանը
Պատրիարք
ընտրեց,
Յովակիմ
Սրբազան
կրնար
ըսել
որ
մեր
աւանդութեան
մէջ
Պատրիարքութիւն
չկայ,
ուստի
մենք
կը
մերժենք
Պատրիարքութիւնը։
Գիտենք
որ
հարկը
օրէնքը
կը
լուծէ։
Ամէն
բան
առաջին
անգամ
մը
ունի,
բայց
կþերեւի
թէ
մեր
Կարգադիր
Յանձնախումբը
չþընդունիր
այս
սկզբունքը։
3_ Իբր վերջին խօսք, ենթադրենք որ Կարգադիր Յանձնախումբի անդամները ամէն ինչ գիտեն
ու
Կրօնական
Ժողովն
ալ
սխալ
որոշում
մը
ընդունեց։
Բայց
ինչո՞ւ
արդեօք
Կարգադիր
Յանձնախումբը
այսքան
անհանգստացաւ
որոշումէ
մը
որմէ
ոչ
մէկ
հոգեւորական
անհանգստացած
էր։ Գաղտնիք մը չէ որ կարգ մը անձեր Մեսրոպ Սրբազանին դէմ էին ու հիմա արդեօք անոնք իրենց այս զգացումո՞վ է որ կը շարժէին։ Այսպիսի ձգտում մը մեծ վիշտ պիտի պատճառէ Պատրիարք Սրբազանին Տիրամօր ու Պատրիարքը սիրող հազարաւորներու։
Hyetert:
Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.