«ՄԵՆՔ
ԳԱՂՈՒԹԷՆ ՀԵՌԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄՏԱՀՈԳ ՉԵՆՔ...»
Իրան
կատարած իր Հովուապետական այցելութեան վերջին երեկոյին, Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր
2014-ին, Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդի կողմէ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթի
եզրափակիչ խօսքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց հետեւեալը. «Մենք գաղութէն
հեռացողներով մտահոգ չենք, բայց մնացողներով հպարտ ենք»: Սոյն
ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Թեմական Խորհուրդի անդամները,
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի զոյգ հայ պատգամաւորները, միութիւններու
պատասխանատուներն ու բարերարները:
Աւելցնելով՝
իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս
յայտարարեց որ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար միշտ առաջնահերթութիւն եղած
է ու կը մնայ Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն
իրականացումը»:
Այս
առիթով լրջօրէն մտահոգուած ենք կատարուած յայտարարութիւններով եւ կը փափաքինք մեր ազնիւ
ժողովուրդի խորհրդածութեան առարկայ դարձնել վերեւ նշուած անըմբռնելի եւ դատապարտելի
լօզունգները:
Ա. «Մենք գաղութէն հեռացողներով մտահոգ չենք, բայց
մնացողներով հպարտ ենք». կատարուած անփառունակ եւ անպատասխանատու յայտարարութիւնը կը խախտէ մեր հաւատքը, կը փոթորկէ եւ կ'ալեկոծէ
մեր հոգին: Անցեալին՝ հայութեան փառքը եղող իրանահայ (պարսկահայ) գաղութին երեք թեմերու
հայութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական դաժան պայմաններու տակ հիւծելով, վերածուած է մատի
վրայ համրուող փոքրիկ գաղութներու, մասնաւորաբար արտագաղթի պատճառով: Մնացող բեկորներով
հպարտ ենք բայց ....տխուր:
Վերջին
հարիւրամեակին մէջ տեղի ունեցած դժբախտութիւններէն մէկն ալ այս էր հայութեան գոյութենական
պայքարին մէջ: Չորս հարիւրամեայ ամրակալուած հայ գաղութը վերածուած է գրեթէ ոչնչութեան,
հասնելով Լիբանանի ճակատագրին, եւ «մենք չենք մտահոգուած հեռացողներով», որոնք յանձնուեցան
իրենց ճակատագրի անորոշ բախտին, որովհետեւ ազգովին չէինք մտահոգուած որպէսզի հեռացողներով
լեցնէինք Հայաստանն ու Արցախը:
Ինչպէ՞ս
կարելի է մոռնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մեր ազգային կազմակերպութեանց թախանձագին կոչերը, որպէսզի հայութիւնը չհեռանայ
Լիբանանէն, մասնաւորաբար հազարամեայ քրիստոնէութեան օրրանէն, որ այդքան մօտ էր նաեւ
Մայր հայրենիքին: Քարոզողներէն կարեւոր մաս մը իրե՛նք հեռացան առաջին առիթով ու ապա
ժողովուրդը անսալով իր բանականութեան, թողուց Լիբանանը, նկատի ունենալով իրենց ընտանիքներուն
բարւոք կեցութիւնն ու ապահովութիւնը եւ իրենց զաւակներուն ապագան: Ինչո՞ւ այդ ատեն
մտահոգ էինք հեռացողներով իսկ ո՛չ հիմա:
Ահաւասիկ՝
անգամ մը եւս ազգովին ձախողեցանք մեր գոյութենական յարատեւ պայքարին մէջ, որովհետեւ
յստակ եւ հաստատ ծրագիրներ չեն մշակուած հայրենադարձութեան: Ու՞ր է առաջնահերթութիւնը
մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Ե՞րբ պիտի դադրինք լօզունգներէ եւ խօսքէն պիտի անցնինք
գործի:
Արդեօ՞ք
այս մտածելակերպն է որ պատճառ եղաւ որպէսզի Արամ կաթողիկոս յստակ կեցուածք մը չ'որդեգրէ
եւ չդատապարտէ արտագաղթը հայրենիքէն: Այո՛,
խոշորագոյն դժբախտութիւնն ու ցաւոտ երեսն է մեր հասարակական կեանքին, որովհետեւ
մեր միակ յոյս եւ ապաւէն՝ հայրենիքէն ներս տեղի կ'ունենան ամէն տեսակի անկանոնութիւններ,
երկիրը հասցնելով ժողովուրդին համար աղիտալի
վիճակի մը: Այս դժբախտութեան կու գան միանալու նաեւ ամուսնութիւններու նուազումը եւ
աղջիկ զաւակներու կամովին՝ անմարդկային վիժեցումը: Որո՞նք պիտի ըլլան մեր ապագայի մայրերը..... Ովքե՞ր
պիտի ծնին մեր հայրենիքի պաշտպանութեան բանակին զինուորները.....
Ճիշդ է որ արտագաղթը համաշխարհային մեծ խնդիր է:
Ճիշդ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները
մեր հայրենիքին համար. ա՛յդ է մեր մտահոգութեան կորիզը: Վերջին Եպիսկոպոսական Ժողովին,
որուն համանախագահն էր Արամ Կաթողիկոս, առ նուազն զգաստութեան ահազանգ հնչեցնէր ներկայ
թմրած-անտարբեր բարձրաստիճան ղեկավարներուն եւ եկեղեցականներուն: Բայց... չէ՞ որ մտահոգ
չէ հեռացողներով-արտագաղթողներով......
Ասկէ
առաջ առիթով մը անդրադարձած էինք մամուլով, որ վերջին յիսունամեակին՝ յաջորդաբար ականատես
եղանք բազմաթիւ արտագաղթերու. Լիբանանէն (քաղաքացիական պատերազմ), Եգիպտոսէն, Պարսկաստանէն
(իսլամական յեղափոխութիւն), Յորդանանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն: Այս երկիրներէն գաղթող
հասարակութեան մասին լրջօրէն մտածող չեղաւ երբեք – ո՛չ Սովետական ու ապա՝ նորանկախ
Հայաստանի իշխանութիւնները, եւ ո՛չ ալ արտասահմանի մեր կազմակերպութիւնները: Արտագաղթողները
ձգուեցան իրենց անողոք ճակատագրին: Նոյն ճակատագրին արժանացան նաեւ Պաքուի եւ Սումգայիթի
դէպքերուն պատճառով Ատրպէյճանէն վտարուած մեր փախստական եղբայրներն ու քոյրերը:
Այս
բոլորին մէջ, մեր մտահոգութեան կեդրոնական բաժինը պէտք է ըլլայ՝ գիտական, կրթական եւ
մշակութային մեր ներոյժին հայրենիքէն արտահոսքը՝ դէպի հիւրընկալ երկիրներ: Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով, կը ստեղծենք ծանր
պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Մեր դարաւոր թշնամիները
գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան:
Պիտի ըսենք թէ մտահոգ չե՞նք հեռացողներով.....
Զգալի
կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ՝ նախապատուութիւն տուած
ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր եկեղեցական, եւ թէ քաղաքական կեանքին մէջ:
Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ
ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական
մարդոյժը: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին հաւաքական
կամքը եւ տեսիլքը:
Բ. Այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը կանգնի
շատ աւելի մեծ եւ պարտաւորիչ առաջնահերթութեան մը առջեւ, Հայ Եկեղեցւոյ ու Հայ ժողովուրդին
գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն իրականացման ճանապարհին վրայ: Հայ Եկեղեցւոյ նաւաբեկեալ
վիճակը ահազանգային տագնապներու ալիքներուն վրայ ծովամոյն ըլլալու վտագին մէջ է անկասկած:
Ինչո՞ւ լուռ են Արամ Կաթողիկոս եւ իր միաբանութիւնը: Ըսելիք չունի՞ն երբ Նուիրապետական
Աթոռներ տագնապներէ կ'անցնին: Արդեօ՞ք առաջնահերթութիւն չեն նկատեր ազգը յուզող եւ
պառակտող նոր եկեղեցական տագնապները: Տակաւին
չեն սպիացած 1956-ի մեր վէրքերը: Հեռու մնանք մեր հռետորական ելոյթներէն, խօսքէն անցնինք
գործի եւ փրկենք Հայ Եկեղեցին:
ՈՍԿԱՆ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
11
Դետեմբեր 2014
Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.