(Ձախէն աջ`Փաուլա Տիվայն, Վարդան Կարապետեան, Դոկտ. Վահէ Փիրումեան,
Թոնի Թարթակլիա)
Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի եւ չորս առաջադրութեանց կապակցութեամբ,
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի յանձնարարութիւնները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ։
Նշեալ յանձնարարականները կատարելու համար, Կլենտէյլի Հայ Դատի
յանձնախումբը ներկայ եղած է քաղաքապետական խորհուրդի, հոգաբարձական կազմի եւ Կլենտէյլի
միացեալ կրթաշրջանի ժողովներուն, ինչպէս նաեւ քննած է թեկնածուներուն դիրքորոշումները,
միաժամանակ՝ խորհրդակցելով համայնքային շարք մը կազմակերպութեանց հետ։
«Այս ընտրութիւնները պիտի ազդեն Քաղաքապետական խորհուրդի եւ
Համայնքային քոլեճի հոգաբարձական կազմի ապագայ ընտրութեանց վրայ, եւ կը կարծենք, որ
մեր յանձնարարած թեկնածուները լաւագոյն ընտրանքներ են եւ պիտի կարենան քաղաքացիի ձայնը
աւելիով լսելի դարձնել քաղաքի ապագան ձեւաւորելու աշխատանքին մէջ», կը յայտնէ Կլենտէյլի
Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեան։
Առաջադրուած թեկնածուները մօտէն գործակցած են Կլենտէյլի Հայ
Դատի յանձնախումբին հետ, հայութիւնը յուզող եւ Կլենտէյլի բարելաւման առնչուող շարք
մը հարցերու շուրջ։
Փաուլա Տիվայն ներկայիս անդամ է քաղաքապետական խորհուրդին, ինչպէս
նաեւ շարք մը մարդասիրական եւ համայնքային կազմակերպութիւններու։
Վարդան Կարապետեան 2004էն ի վեր ծառայած է Կլենտէյլի 3 յանձնաժողովներու
մէջ, միաժամանակ՝ անդամակցած համայնքային եւ մարդասիրական շարք մը կազմակերպութիւններու։
Դոկտ. Վահէ Փիրումեան ներկայիս Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի
հոգաբարձական կազմին ատենապետն է։ Ան այդ կազմին անդամ է 2005էն ի վեր ու Քալիֆորնիոյ
համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ բնագիտութեան եւ աստղաբանութեան դասախօս
է։
Թոնի Թարթակլիա Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձական կազմի
փոխատենապետն է եւ անդամակցած է քաղաքի շարք մը յանձնաժողովներու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
Tigranna@ANCAGlendale.org հասցէին կամ (818) 243-3444 թիւին։

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.