Նախագահութեամբ, Գերմանիոյ
Հայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.Գարեգին Արք. Պեքճեանի փոխանորդ Հոգեշնորհ
Տ.Սերովբէ Վրդ. Իսախանեանի եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդարանի թեմական խորհուրդի, 27Փետրուար-1 Մարտ 2015 թուականներու միջեւ
տեղի պիտի ունենայ դպիրներու,
կիսասարկաւագներու
եւ սարկաւագներու աւանդական Բ.սեմինար-հանդիպումը' Գերմանիոյ Քօպլէնց քաղաքի մօտ Մարիա
Լաախ Պենետիկթեաան վանքի հիւրընկալութեամբ եւ թեմիս հոգեւորական դասու, դպիր, կիսասարկաւագ,սարկաւագներու
մասնակցութեամբ:
Ինչպէս որ նախորդ
սեմինարը, մասնակիցներուն առիթ ընծայէց, շաբաթավերջ մը միասին ըլլալ, միասին աղօթել
եւ դասխօսութիւններու հետեւելով իրենց կրօնա-եկեղեցական գիտելիքները զօրացնել,նոյն
առիթը պիտի ընծայէ այս սեմինար-հանդիպումը:
Սեմինարի աւարտին
Կիրակի 1Մարտ 2015 թուականին ժամը 12.օօ
- ին Գերմանիոյ Քօպլէնց քաղաքի մօտ Մարիա Լաախ Պենետիկթեան վանքի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հայածէս Սուրբ
Պատարագ:Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի սեմինարի մասնակից դպիր,կիսասարկաւագ
եւ սարկաւագներու կողմէ.
Սուրբ պատարագին սիրով
կը հրաւիրուին եկեղեցասէր ժողովուրդը.
Տոքթ.Սարգիս Ատամ


Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.