Etiketler

40 Քոնկրեսականներ Ներկայացուցին Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մարտ 18ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ռապըրթ Տոլտ, Էտըմ Շիֆ, Տէյվիտ Վալատաօ, Ֆրենք Փալոն եւ 40 այլ պաշտօնակիցներ ներկայացուցած են «Հայկական Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան բանաձեւ»ը, ուր կոչ կ՛ըլլայ նախագահին՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները հիմնելու Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչման վրայ։

Բանաձեւին նպատակն է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած արդար եւ ամբողջական միջազգային արխիւ մը գոյացնել։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց բանաձեւի մշակումը: «Կ՛աջակցինք այս նոր, եկողմանի մօտեցման, որուն նպատակն է պահպանել տարածաշրջանի խաղաղութիւնը, պաշտպանել Հայաստանը եւ կանխել ապագայ դաժանութիւններ: Արդարութեան վրայ հիմնուած այս նորարարական մօտեցումը կոչ կ՛ընէ Ամերիկային նոր քաղաքականութիւն որդեգրելու: Անիկա արտացոլացումն է ամերիկեան արժէքներուն, ինչպէս նաեւ՝ ճանաչում, թէ մեր ազգային շահերու հետապնդումը կրնայ նպաստել Թուրքիոյ կողմէ ճշմարտութեան աղաւաղման ջանքերու ձախողութեան ու այս Ցեղասպանութեան հարցի միջազգային կարգաւորման», յայտարարեց ան:
Բանաձեւը ամբողջութեամբ կարդալու համար, այցելել http://asbarez.com/133080 կայքէջը։



Hiç yorum yok:

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.