Վարդանանց Դպրաց Դաս եւ Երգչախումբի հիմնարկութեան
տարեդարձը տեղի ունեցած էր 15 փետրուար 2015 թուականին, Բուն Բարեկենդանի օրը, համանուն
Եկեղեցւոյ մէջ: Այս առթիւ, բարեկենդանի խրախճանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին
նաեւ թաղի Մէրամէթճեան Վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ:
Երէկ, 06 Մարտ 2015, Ուրբաթ Արեւագալի արարողութեան
աւարտին սոյն աշակերտները գլխաւորութեամբ Տնօրէնուհի Տիկին Արփի ՄանուկեանիՇիրինօղլու
Սրահին մէջ ընդունուեցան Կրօն. Ժող. Ատենապետ, Ս.Եկեղեցւոյս Քարոզիչ եւ Դպրաց Դասու
Նախագահ`Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ: Հայր Սուրբը գնահատեց աշակերտները
եւ անոնց նուէրներ տուաւ ի յիշատակ իրենց սիրայօժար մասնակցութեան:
Սոյն ընդունելութեան ներկայ եղան նաեւ
Եկեղեցւոյ Հոգեւորականաց դասը Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ`Տիար Մուրատ Էօղէր եւ Տնօրէն
Խորհուրդի Ատենապետ ՏիարՅարութիւն Նալճը եւ անդամներ:
Posted
by: Erol Nubar Guzeldevletyan <devlettt@icloud.com>

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.