Յովակիմ եպս. Մանուկեան, տեղեկացուցած է, որ Հռոմի պապը 2016ին
պիտի այցելէ Հայաստան։ Անոր համաձայն՝ սխալ է այն տեղեկատուութիւնը, թէ Հռոմի պապը
հրաւիրած են Հայաստան՝ Ապրիլ 24ին ներկայ գտնուելու 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն:
«Հայ Առաքելական եկեղեցին Հռոմի պապին հրաւիրել է՝ նրան յարմար պահի գալ Հայաստան»,
հաստատած է սրբազանը: Յովակիմ եպիսկոպոս նաեւ աւելցուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան
100ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան պիտի ացելեն
եկեղեցական 38 պատուիրակութիւններ, 7 եկեղեցւոյ պետեր, արքեպիսկոպոսներ, Ս. Փեթերսպուրկի
հոգեւոր պետը, Լոնտոնի եպիսկոպոսը, որ նաեւ Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքի հոգեւոր սպասաւորն
է եւ այդ ընտանիքին անունով խօսք պիտի ուղղէ հայ ժողովուրդին։
***
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 14 Ապրիլին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջեկեղեցական
յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Յովակիմ եպս. Մանուկեան լրագրողներուն հետ ունեցած
հանդիպումին ընթացքին ամփոփած է 12 Ապրիլին Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս պապին կողմէ Ս. պատարագի
մատուցման պատմական փաստը, որ նուիրուած էր 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան
նահատակներու յիշատակին:
Ան տեղեկացուցած է, որ Հռոմի պապը 2016ին պիտի այցելէ Հայաստան։
Անոր համաձայն՝ սխալ է այն տեղեկատուութիւնը, թէ Հռոմի պապը հրաւիրած են Հայաստան՝
Ապրիլ 24ին ներկայ գտնուելու 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն: «Հայ Առաքելական եկեղեցին
Հռոմի պապին հրաւիրել է՝ նրան յարմար պահի գալ Հայաստան», հաստատած է սրբազանը:
Յովակիմ եպիսկոպոս նաեւ աւելցուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան
100ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան պիտի ացելեն
եկեղեցական 38 պատուիրակութիւններ, 7 եկեղեցւոյ պետեր, արքեպիսկոպոսներ, Ս. Փեթերսպուրկի
հոգեւոր պետը, Լոնտոնի եպիսկոպոսը, որ նաեւ Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքի հոգեւոր սպասաւորն
է եւ այդ ընտանիքին անունով խօսք պիտի ուղղէ հայ ժողովուրդին։
Նշենք, որ Վատիկանի Ս. Մարթա եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 14ին Ֆրանսիս
պապը ըստ Վատիկանի ձայնասփիւռին, վերահաստատած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Կիրակի
օր իր արտասանած խօսքը՝ եւ նշած. «Եկեղեցին անկեղծութեան վայր է, ուր մարդիկ պէտք է
ազնուօրէն խօսին: Մենք չենք կրնար լռել այն բոլոր բաներուն մասին, զորս տեսած եւ լսած
ենք»:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.