Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս Ծաղկազարդի տօնակատարութեան
առթիվ ոգեւորոթեամբ հաւագուեցաւ 29 Մարտ Կիրակի
Ս.Վարդանանց եկեղեցին: Յաւարտ Ս.Պատարագի կրօնական ժողովի ատենապետ եւ
Ս.Եկեղեցւոյս քարոզիչ՝ Գերպ.Տ.Թաթուլ Ծ.Վրդ.Անուշեան տեղւոյն Շիրինօղլու սրահին մէջ ընդունեց մանուկները եւ իրենց ծնողները:
Հայր Սուրբը
մանուկներին ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ՝ <<Այսօր Ծաղկազարդ է, գարունը կը սկսի, նոր կեանք մը կը սկսի: Ձիթէնիի
ճիւղերը մեզի կը յիշեցնեն խաղաղութիւնը եւ որպեսզի խաղաղութիւնը հաստատուի պէտք է
սորվինք սիրել զիրար>>:
Հայր Սուրբը շեշտեց
նաեւ, թէ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին մանուկներուն ալ խանդավարութեամբ դիմաւորած էին զինք եւ Հայ եկեղեցական
աւանթութեան համաձայն Ծաղկազարդը կընդունինք իբրեւ մանկանց տօն:Հայր Սուրբը յորդորէց հետեւիլ
Քրիստոսի:
Ապա մօտ հարիւր մանուկներ մօտենալով Հայր Սուրբին ստացան
իրենց Ձիթենիի ճիւղերն ու նուերները. Ապա անոնք մեկնեցան ուրախութեամբ:
Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան թաղային խորհրդոյ
անդամներ՝գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Մանուկ Էօղէրի, ինչպէս նաեւ Դպրաց Դասուս
Տնօրէն խորհուրդն ու Երգչախումբի անդամներ:



Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.