ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան
ռազմավարական հարցերով գլխաւոր խորհրդական Մերի Հարֆ Յունիս 5ին կայացած մամլոյ ասուլիսի
ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հայերու, ամերիկեան
թերթերու, ինչպէս նաեւ միասեռականներու նկատմամբ հնչեցուցած քննադատութիւններուն, զանոնք
անընդունելի որակելով:
«Ամերիկա միշտ կը պաշտպանէ խօսքի ազատութիւնը: Մենք մտահոգուած
ենք խօսքի ազատութեան ոլորտէն ներս Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուող միջամտութիւններով:
Կոչ կ՛ընենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ իրենց գործողութիւնները համապատասխանեցնեն
ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն՝ ապահովելով արդարադատութեան անկախութիւն, խօսքի
ազատութիւն եւ լրատուական ազատութիւն», նշած է Հարֆ:
Լրագրողի մը այն հարցումին, թէ «կը քննադատէ՞ք հայերու, լրագրողներու
եւ միասեռականներու հասցէին Էրտողանի կատարած քննադատական յայտարարութիւնները»՝ Հարֆ
ըսած է. «Անկասկած»:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.