ԱՐԹՕ ԹԷԶԷԼ
Այս տարի վեցերորդ անգամ կայացող Ողիմպիականին մասնակցութիւնը
զգալիօրէն բարձր է բաղդատմամբ նախորդ խաղերուն: Նշենք, որ հայրենակցական միութիւններու
համար բարի նախանձ ըլլալով ընկալուած սասունցիներու յաջողութիւնը ուրիշ շրջանակներուն
մեծ անհանգստութիւն պատճառած էր:Արդարեւ, Համահայկական խաղերու կեդրոնական վարչութեան
անդամ Մաժակ Չաքըր Օհանեան «Ժամանակ» թերթին մէջ երկու օրեր լոյս տեսնող գրութիւնով
մը փորձած էր խանգարել այլ խումբերու մասնակցութիւնը: Ան յայտարարած էր, թէ յատուկ
նամակով պիտի դիմէ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, որպէսզի այս վերջիններս մերժեն
Իսթանպուլէն զատ խումբի մը մասնակցութիւնը:
***
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 1999ին առաջին անգամ երկամեայ հերթականութեամբ
կայացած Համահայկական խաղերը 2007էն ետք սկսան չորսամեայ հերթականութեամբ կազմակերպուելու:
Այս տարի վեցերորդ անգամ կայացող Ողիմպիականին մասնակցութիւնը զգալիօրէն բարձր է բաղդատմամբ
նախորդ խաղերուն:
Նշենք, որ հայրենակցական միութիւններու համար բարի նախանձ ըլլալով
ընկալուած սասունցիներու յաջողութիւնը ուրիշ շրջանակներուն մեծ անհանգստութիւն պատճառած
էր:
Արդարեւ, Համահայկական խաղերու կեդրոնական վարչութեան անդամ
Մաժակ Չաքըր Օհանեան «Ժամանակ» թերթին մէջ երկու օրեր լոյս տեսնող գրութիւնով մը փորձած
էր խանգարել այլ խումբերու մասնակցութիւնը: Ան յայտարարած էր, թէ յատուկ նամակով պիտի
դիմէ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, որպէսզի այս վերջիններս մերժեն Իսթանպուլէն
զատ խումբի մը մասնակցութիւնը:
Ըստ երեւոյթին, Օհանեանի նամակները համոզիչ չեն գտնուած, եւ
բոլոր խումբերն ալ արդար հպարտութեամբ կը ժամանեն Երեւան:
Թուրքիոյ հայոց համար ուրախ հպարտութեան այլ երեւոյթ մըն է սիրուած
երգչուհի Սիպիլի բացման արարողութեան մասնակցութիւնը: Շնորհալի երգչուհին, ինչպէս նախորդ
խաղերուն, այս տարի ալ կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Իշխան Զաքարեանի յատուկ հրաւէրով
կը ժամանէ Հայաստան եւ բացման հանդէսի պահուն կը կատարէ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող
«Գետաշէն» երգը:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.