ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Շաբաթ, 22 Օգոստոս
2015ին այցելած էր Սիսի Կաթողիկոսարան, ուր կատարուած էր հոգեհանգիստ՝ 1293ին Հայոց
Կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն
հոգիներուն համար:
Ապա, նոյն վայրին մէջ կարդացուած էր Արամ Ա.ի պատգամը: 100 տարի
ետք, Սիսի կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ կը հնչէր Հայրապետական պատգամ՝
ուղղուած մեր ժողովուրդին:
Այս մասին տեսանիւթը արդէն հրապարակուած է ու զայն կարելի է դիտել՝ այցելելով https://www.youtube.com/watch?v=mcT4iDGJ6KE:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.