ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».-
Այս շաբաթ, Թուրքիոյ մէջ պիտի սկսի ցուցադրութիւնը ինը նոր ժապաւէններու, որոնցմէ մէկը՝
«Կորուսեալ Թռչունները», թրքական արտադրութիւն մըն է, որ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան
մասին:
Ըստ «Հապերթուրք»ին՝
բեմագրութեան հեղինակներն են հայազգի Արէն Փերտեճի ու թուրք Էլա Ալէամաչը: Գլխաւոր
դերերը ստանձնած են ծագումով թուրք Տիլա Ուլուջան եւ Ահմետ Ուզը, ինչպէս նաեւ՝ հայազգի
Արթօ Արսէնեանն ու Հերոս Յակոբեանը:
Ժապաւէնի ծանուցման
պաստառին վրայ գրուած է. «Մենք մինակ մնացինք. «Կորուսեալ Թռչունները»՝ Անատոլիայի
պատմութիւն մը»:
Յիշեցնենք, որ
սոյն ֆիլմը 1915ին իրենց ամբողջ ընտանիքը մէկ գիշերուան ընթացքին կորսնցուցած քոյր
եւ եղբայր Մարիամի եւ Պետոյի մասին է:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.