Թուրքիա- Երուսաղէմի
Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի դէպի Պոլիս կատարած այցելութիւնները յաճախակի կը դառնան: «Զիլ Խօսք»ի աղբիւրները կը յայտնեն, որ անցնող շաբաթավերջին
Պատրիարաք հայրը ընկերակցութեամբ Տ. Պարէտ Ծ.
Վ. Երէցեանի քանի մը օրով այցելութիւն
տուած է Պոլիս: Այցելութեան մասին
պաշտօնական հաղորդագրութիւն չէ հրապարկաուած
ու ինչպէս անցնող վերջին
այցերուն այս անգամ եւս Պատրիրաքը Պոլսոյ Պատրիարքարան չէ այցելած եւ չէ տեսակցած Պոլսոյ Պատրիարքութեան տեղապահ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին
հետ:
Հանդիպման չկայացման պատճառը միայն արձակուրդային հանգիստով Արամ Սրբազանին
Թուրքիայէն բացակայիլը չէ եւ ըստ երեւոյթին կան
այլ պատճառներ: Վերջին ամիսներուն արձանագրուած դէպքերը ցոյց կու տան նաեւ, որ Երուսաղէմի Հայոց նուորական պատրիարքութեան աթոռին տէր Պատրիարքը
յայտնուած է բաւական ծանր իրադրութեան մէջ: Այսպէս Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.ն Վեհափառին
հետ անոր ունեցած բազմաբնոյթ տարակարծութիւններէն եւ Սուրբ Էջմիածնի միաբան
հայրերու հետ «ծանր հրաձգութիւններէ»
ետք Նուրհան Պատրիարք ներկայ չեղաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուած
Միւռոնօրհնէքի արարողութեան: Այդ բացակայութիւնը
մէկէ աւելի պատճառներ ունի, սակայն խնդրին հիմնական դրոյթը
կը բացատրուի անով, որ Արամ Ա. Վեհափառ
համաձայն չէ Պատրիարքին կատարած յայտարարութիւններուն եւ աւելին
Երուսաղէմ- Էջմիածին տարակարածութիւններու
ալիքին վրայ Կիլիիկիոյ խոհեմ Հայրապետը չուզէր բացայայտ
կըրպով կողմ բռնել: Հաւանաբար
այս է պատճառը, որուն հիմամբ Նուրհան Պատրիարք նախընտդեց բացակայիլ Պիքֆայայի տաճարին
շուրջ տեղի ունեցած Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնէն: Ուրեմն
այս ընթացքով Էջմիածնէն յետոյ Պատրիարքը
նոյնպէս յայտնուած է բացառձակ «պլոքուս»ի մը մէջ եւ այդ չէզոքացման հետեւանքները կրնայ բաւական
ծանր ազդեցութիւններ ունենալ մօտիկ ապագային:
Վերադառնալով Պոլսոյ
խնդրին պէտք է նկատել, որ Պատրիարքը Պոլիս կը
հասնի հետամուտ ըլլալով «լուծել» պատրիարքարանին սեփականութիւնը հանդիսացող «կարգ մը» հողաշերտերու խնդիրները:
Այս մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան: Յստակ է միայն, որ բաւական լուրջ ընթացք մը գոյութիւն ունի եւ երկրորդ կողմի մը հետ (շատ հաւանաբար թրքական կառավարութեան)
բանակցութիւններու գործընթացը մտած է բաւական յառաջացած փուլ: Այս խօսքին
ամէնէն հիմնական ապացոյցը
Երուսաղէմի աթոռի կալուածոց գրասենեակի
նախկին պատասխանատուին՝ Տ. Բագրատ Վրդ.
Պուրճիքեանին պաշտօնէն հանուիլն ու անոր
փոխարէն Տ. Պարէտ Ծ.
Վարդապետին այդ պաշտօնին վրայ նշանակուիլն է:
Պէտք է սպասել յառաջիկայ օրերուն, որպէսզի լիարժէք կերպով յստակ
դառնայ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն արդիւնքը:
Մէկէ աւելի աղբիւրներ
կը խօսին հաւանական փոխ համաձայնութիւններու
մասին:
Խնդիրը այդ չէ:
Հիմանական հարցականը կը մնայ, որ արդեօ՞ք Երուսաղէմի
պատրիարքը իր այս ընթացքով անտեսած պիտի ըլլայ Պոլսոյ նուիրապետական աթոռին
իրաւական սահմանները : Ու եթէ այդպէս է արդեօ՞ք Թուրքիոյ կառավարութիւնը պիտի համաձայնի Երուսաղէմի աթոռին գահակալը որպէս իրաւական կողմ ընդունիլ, այդպիսով ստեղծելով բաւական նուրբ
եւ նոր իրավիճակ:
Մի քանի նուիրապետական
աթոռներ ունինք եւ մի քանի քանի
աթոռապահ առաջնորդներ, ժամանակը չէ
հասա՞ծ արդեօք, որ մեր
կրօնական առաջնորդները խօսին մէկ լեզուով:
«Զիլ Խօսք»

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.