«Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ նշած է, թէ հայկական կեդրոններուն ընդհանուր
ծախսերը կը հոգայ շրջանի ՀՅԴ «Վան» կոմիտէն, ինչպէս նաեւ՝ առաջնորդարանն ու անհատ բարերարներ:
Աղբիւրին համաձայն՝ շրջանին մէջ ապահովական ծանր միջադէպեր տեղի չեն ունեցած, եւ ամէն
գիշեր շրջող մեքենաներ կը գործեն՝ հայկական թաղամասերուն անվտանգութիւնը պահպանելու
համար: Կեդրոններուն շուրջ ապահովութիւն ստանձնած են 200 երիտասարդներ, որոնց տրուած
են յատուկ անձնաթուղթեր, որպէսզի շրջանին մէջ գործող այլ ուժեր ճանչնան զիրենք: Պահակ
հայ տղոց բոլոր պէտքերը՝ հագուստեղէն, առօրեայ սնունդ եւ այլն, կը հոգայ նոյն մարմինը:
ԳԱՄԻՇԼԻ, «Արեւելք».- Գամիշլին կը համարուի Սուրիոյ ամէնէն ապահով
շրջաններէն մէկը ներկայիս: Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնած է Գամիշլիի իր աղբիւրը: Նոյն
աղբիւրը նաեւ ըսած է, թէ շրջանի ընդհանուր ապահովութիւնը ստանձնած է քրտական YPK-ն,
որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան՝ PKK-ի, սուրիական թեւը կը համարուի:
Շրջանին մէջ կը գործեն երկու հայկական կեդրոններ եւ Ազգ. Եփրատ
հայկական վարժարանի նախակրթարանն ու միջնակարգը:
Միջնակարգի Միացեալ Ազգ. վարժարանի
(«Իթթիհատ») աշակերտութիւնը ընդհանուր առմամբ հայ է. կան նաեւ փոքր թիւով օտար աշակերտներ:
Կեդրոններուն մէջ կը գործէ շտապ օգնութեան մարմին մը. որեւէ խնդիրի պարագային, հայ
բնակիչները կրնան կապ հաստատել այդ մարմինին հետ եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ստանալ:
Հայկական կեդրոնները ունին նաեւ դեղորայք բաժնելու դրութիւն, եւ ըստ կարիքի՝ դեղեր
կը բաշխուին շրջանի հայ բնակիչներուն:
Որոշ ժամանակ մը, շրջանը ապրած է ջուրի սուր տագնապ, ուստի պատասխանատու
մարմիններ անհրաժեշտ մեքենաներ (թրաքթոր եւ այլն) օգտագործելով՝ ձրիաբար ջուր տրամադրած
են ոչ միայն հայերուն, այլ տեղացի քրիստոնեայ ընտանիքներուն:
«Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ նշած է, թէ հայկական կեդրոններուն ընդհանուր
ծախսերը կը հոգայ շրջանի ՀՅԴ «Վան» կոմիտէն, ինչպէս նաեւ՝ առաջնորդարանն ու անհատ բարերարներ:
Աղբիւրին համաձայն՝ շրջանին մէջ ապահովական ծանր միջադէպեր տեղի չեն ունեցած, եւ ամէն
գիշեր շրջող մեքենաներ կը գործեն՝ հայկական թաղամասերուն անվտանգութիւնը պահպանելու
համար: Կեդրոններուն շուրջ ապահովութիւն ստանձնած են 200 երիտասարդներ, որոնց տրուած
են յատուկ անձնաթուղթեր, որպէսզի շրջանին մէջ գործող այլ ուժեր ճանչնան զիրենք: Պահակ
հայ տղոց բոլոր պէտքերը՝ հագուստեղէն, առօրեայ սնունդ եւ այլն, կը հոգայ նոյն մարմինը:
«Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ հաստատած է, որ հայկական շրջանները կ՛ապրին ամբողջական ինքնավարութեամբ,
իսկ շրջանի քիւրտ պատասխանատուներուն հետ ունին համերաշխ եւ շինիչ համագործակցութիւն:
«Արեւելք» յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակէ յաւելեալ տեղեկութիւններ
փոխանցել Գամիշլիի հայկական թաղամասերու ընդհանուր իրավիճակին մասին։

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.