- 4 Սեպտեմբեր
2015 Ուրբաթ օրը Պիլէֆէլտի մէջ տեղի ունեցաւ Volkshochschule հաստատութեան կողմէ Հայ-Գերմանական
Ընկերակցութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած "1915-2015, Հայ Ճարտարապետութիւն
եւ Ցեղասպանութիւնը" անուն ցուցահանդէսի մը բացումը, որը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան
100ամեակին:
Ցուցահանդէսի բացման
հանդիսութեան ներկայ էին Պիլէֆէլտի Քաղաքապետ Փիթ Քլաուզէն, Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան,
ՀՀ. Գերմանիոյ Դեսպան Տիար Աշոտ Սմբատեան եւ բազմաթիւ հայ ու գերմանացի հիւրեր:
- 8 Սեպտեմբեր Երեքշաբթի
երեկոյեան Առաջնորդ Գարեգին Սրբազանը ՀՀ Գերմանիոյ Դեսպանութեան հրաւէրով Պեռլինի մէջ
մասնակցեցաւ "Հայաստանի Բնութեան Գանցերը" նիւթով գիտնական երեկոյի մը: Միջոցառման
մասնակցելու համար Հայաստանէն ժամանած էր նաեւ ՀՀ Բնապաշտպանութեան Նախարար Տիար Արամայիս
Գրիգորեան:
Ներկայ էին գերմանական
զանազան հաստատութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ եւ այլ հայ ու
գերմանացի հիւրեր:
Քէօլն,
07.10.2015
file:///C:/Users/User/Downloads/Haghortakrutyun%2010.pdf


Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.