Պոլսոյ «Ճազայիր» մամլոյ ասուլիսներու եւ համագումարներու յատուկ
կեդրոնին մէջԴեկտեմբեր 9-ին տեղի ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին նուիրուած
մամլոյ ասուլիս` կազմակերպութեամբ դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբաններու: Մամլոյ
ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան`
վարիչ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու եւ Պետրոս վրդ.
Մանուէլեան` վարիչ լսատեսողական բաժանմունքի:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Թուրքիոյ եւ միջազգային մամուլի կարեւոր
օրկաններու ներկայացուցիչները` «Ճումհուրիյէթ», «Հիւրրիյէթ», «Ռատիքալ», «Ռոյթըրզ»
եւ «Պի.Պի.Սի.», ինչպէս նաեւ քաղաքական զանազան հոսանքներու պատկանող մտաւորականներ,
Թուրքիոյ մէջ Իրլանտայի եւ Հոլանտայի հիւպատոսները ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի
հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան:
Յայտնենք, որ դատի յանձնախումբը նման ասուլիսներ կազմակերպած էր
Ուաշինկթընի, Ժընեւի եւ Լիբանանի մէջ, իսկ միջազգային մամուլը զանազան առիթներով` յատկապէս
Արամ Ա. կաթողիկոսի ունեցած հարցազրոյցներուն ճամբով, արձագանգած էր դատին մասին:
Առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ այս դատին մասին տեղի կ՛ունենար
մամլոյ ասուլիս, որուն նպատակն էր թրքական մամուլին ճամբով լայն տեղեկութիւններ փոխանցել
Թուրքիոյ ժողովուրդին:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսք առին դատի յանձնախումբի անդամ թուրք
փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլու, Հայոց ցեղասպանութեան մասնագէտ Թաներ Աքչամ եւ Յուսիկ Ծ.
վրդ. Մարտիրոսեան: Կաթողիկոսարանի բացած դատը լայն հետաքրքրութիւն արթնցուց ներկաներուն
մօտ, որոնք զանազան հարցումներու միջոցով յաւելեալ լուսաբանութիւններ խնդրեցին: Ներկաներէն
ոմանք շեշտեցին յիշեալ դատին կարեւորութիւնը, 100
տարիներ ետք զայն նկատելով եզակի նախաձեռնութիւն մը` յոյս յայտնելով, որ թուրք
պետութեան համար ասիկա առիթ մը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութեան վերականգնումին:
Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն շուրջ 50 թրքական լրատուամիջոցներ`
օրաթերթեր, կայքեր, ընկերային լրատուամիջոցներ, պլոկներ, լայնօրէն անդրադարձան դատին:
Այս առիթով Պետրոս վրդ. Մանուէլեան հարցազրոյցներ ունեցաւ Կարօ Փայլանի (Թուրքիոյ խորհրդարանի
հայազգի անդամ), Ճենկիզ Աքթարի (քաղաքագէտ եւ մտաւորական), Մեհմէտ Ալթանի (մտաւորական)
եւ Այլա Ժան Եաալքի («Ռոյթըրզ»-ի լրագրող) հետ. հարցազրոյցներուն ամփոփ տեսերիզը կրնաք
տեսնել կաթողիկոսարանի կայքին վրայ:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.