
Լոյս տեսան ու գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուեցան
մեր
Խմբագրապետ
Ռ.
Հատտէճեանի
»Պտոյտ
մը
հայոց
լեզուի
բառարանին
մէջ«
շարքի
7րդ
ու
8րդ
հատորները։
Ինչպէս
արդէն
հաստատած
են
Յուշատետր
սիւնակի
ընթերցողները,
Ռ.
Հատտէճեանի
այս
շարքը
ինքնատիպ
պտոյտ
մըն
է
մեր
լեզուի
գեղեցկութիւններուն
ու
հարստութիւններուն
ոլորտներէն
ներս,
պտոյտ
մը
որ
ընթերցողներու
հետ
ձեռք
ձեռքի
պեղումներ
կþընէ Մեծասքանչի
ենթահողին
մէջ,
կը
բանայ
լեզուական
հորիզոններ
որոնց
գոյութիւնը
շատ
անգամ
չէինք
նշմարած,
գիւտեր
կþընէ մեր լեզուի
հրաշք
բառերու
աշխարհէն
ներս,
վերջապէս,
առանց
դասագիրքի
յաւակնութիւն
կամ
նեղացուցիչ
մթնոլորտ
մը
պարզելու,
շատ
բան
կը
սորվեցնէ
նախ
հեղինակին,
ապա
ընթերցողներուն։
Այս
շարքը
անգամ
մը
եւս
մեր
լեզուի
սիրահարներուն
կþուզէ յիշեցնել
թէ
բառարանները
գիրքեր
են
որոնց
պէտք
է
դիմենք
ո՛չ
միայն
այն
ատեն
երբ
անծանօթ
բառի
մը
նշանակութիւնը
հասկնալ
կþուզենք,
այլ
նաեւ
այն
ատեն
երբ
կþուզենք
իմանալ
թէ
ինչեր
կան
անոր
սա
կամ
նա
էջին
մէջ։
Կասկած
չկայ
որ
բառարանները
այն
գիրքերը
չեն
որ
ձեռք
կþառնենք
ու
կը
կարդանք
վէպ
մը
կարդալու
նման։
Բայց
կրնանք
ըստ
բախտի
էջ
մը
բանալ
անկէ
եւ
նայիլ
թէ
մեզի
անծանօթ
ինչեր
ու
ինչեր
կան
հոն։
Այսպէս՝ շարքին 7րդ եւ 8րդ հատորները կը կրկնեն հեղինակին կոչը. »Եկէք մեզի հետ, սիրելի ընթերցողներ«։
Եօթներորդ
հատորը
ի
մի
կը
բերէ
շարքին
489 թիւ
յօդուածէն
մինչեւ
568 թիւ
յօդուածները,
իսկ
ութերորդ
հատորը
ի
մի
կը
բերէ
շարքին
569 թիւ
յօդուածէն
մինչեւ
654 թիւ
երկարող
յօդուածները։
Հեղինակին
նպատակն
է
շարքը
աւարտին
բերել
տասներորդ
հատորով։
Այս
երկու
հատորներուն
ալ
կողքերը
շատ
ճաշակաւոր
ու
նպատակայարմար
ոճով
պատրաստուած
են
մեր
Հրատարակութեան
Տնօրէն
Արի
Հատտէճեանի
կողմէ։
Փափաքողները
կրնան
այս
հատորները
ապահովել
դիմելով
խմբագրատուն։

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.