ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի,
Յունուար 28ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին
մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն նպատակն էր կազմակերպել Սուրիոյ
հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքները: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական
վարչութեան ու Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները:
Վեհափառ հայրապետը
նախ ջերմօրէն գնահատեց Սուրիոյ հայութեան ամուր կապուածութիւնը Սուրիոյ եւ մեր համայնքային
կառոյցներուն՝ հակառակ զիրենք շրջապատող աննպաստ պայմաններուն: Կաթողիկոսը նաեւ գնահատեց
առաջնորդ սրբազանին ու ազգային մարմիններուն ցուցաբերած նուիրեալ ու հետեւողական աշխատանքը,
ինչպէս նաեւ՝ մեր ժողովուրդի զաւակներու կարիքներուն օգտակար եղող շտապ մարմինին գործունէութիւնը:
Վեհափառը գնահատեց մեր ժողովուրդին ցուցաբերած միասնակամութիւնը Սուրիոյ մէջ եւ թելադրեց,
որ գաղութը լծուի վերականգնումի աշխատանքներուն:
Ապա, առաջնորդ սրբազանը
խօսք առնելով՝ Ազգային իշխանութեան, ժողովուրդին եւ իր անունով խոր շնորհակալութիւն
յայտնեց վեհափառին, որ ոչ միայն ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ հայութեան,
անցնող տագնապալից շրջանին, այլ նաեւ նիւթապէս օգտակար հանդիսացած է՝ կաթողիկոսարանէն
ներս հաստատուած Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հիմնադրամին ճամբով:
Ժողովականները լայնօրէն
քննարկեցին Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող կարելիութիւնները՝ թեմական,
համայնքային, տնտեսական ու քաղաքական երեսներով:
Հանդիպման ընթացքին
կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, թէ Սուրիոյ մեր հայ համայնքը՝ որպէս Սուրիոյ կարեւոր քրիստոնեայ
համայնքներէն մին, պէտք է իր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերէ Սուրիոյ վերականգնումին
առաջնորդող բոլոր աշխատանքներուն:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.